Էրտողան. Սահմանադրութիւնը պէտք է վերստին գրուի, հասկնալի լեզուով մը


Էրտողան. Սահմանադրութիւնը պէտք է վերստին գրուի, հասկնալի լեզուով մը

  • 25-02-2011 19:31:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողան երէկ հեռատեսիլի կայանի մը յայտագրին մասնակցելով պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։ Խօսուած նիւթերը լայն տարողութիւն ունէին, այդ պատճառաւ ալ Վարչապետը երբեմն ունեցաւ ցնցիչ, ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ Գլխաւոր նիւթը կը կազմէին Թունուսի, Եգիպտոսի ու Լիբիոյ մէջ պատահած դէպքերը, ինչպէս նաեւ այն նոր համայնապատկերը որ տեսնուիլ սկսած է Արաբական Երկիրներու ու Միջին Արեւելքի մէջ։ Վարչապետը ըրաւ բաղդատութիւններ երեք գլխաւոր ապստամբ երկիրներու միջեւ, Թունուսի, Եգիպտոսի ու Լիբիոյ ու առանձնայատկութիւններ գտաւ անոնց միջեւ, Եգիպտոսը զատեց միւսներէն, իսկ Լիբիոյ մասին գործածեց աւելի վերապահ լեզու մը, ըսաւ որ ինք քանիցս կապ հաստատեց Գատտաֆիին հետ ու խօ սեցաւ Լիբիոյ մէջ բնակող թուրքերուն մասին։ Ըստ պաշտօնական արձանագրութիւններու, 30 հազար թուրքեր կան Լիբիոյ մէջ, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կ’աշխատի շինարարական ընկերութիւններու մէջ։ Վարչապետը դիտել տուաւ որ Գատտաֆի ապահովութիւն տուաւ Թուրքերը պաշտպանելու ուղղութեամբ եւ գոհացուցիչ է որ այս խոստումը յարգուած է։ Լրագրողները Վարչապետին յիշեցուցին Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուի այն խօսքը թէ Էրտողան պէտք է հրաժարի եթէ Ա-Գէ-Փէ 50 տոկոսէն նուազ քուէ ստանայ յառաջիկայ ընտրութեան, եւ հարցուցին թէ այս մասին Վարչապետը ի՞նչ կը մտածէր։ Վարչապետը պատասխանեց որ ինք այդպիսի բան մը չէ ըսած, ինք պարզապէս ըսած է որ Կուսակցապետի իր պաշտօնէն կը հրաժարի եթէ իր կուսակցութիւնը առաջին կուսակցութիւն չըլլայ։ Արդեօք նոյնը միւսներուն ալ պէտք չէ՞ ըսել։ Քըլըճտարօղլուն ու Պահչէլին ալ կը հրաժարի՞ն կուսակցապետի պաշտօնէն, եթէ իրենց կուսակցութիւնները առաջին կուսակցութիւն չկարենան ըլլալ։ Խօսք եղաւ նաեւ Սպայակոյտի Նախագահին ու կարգ մը հրամանատարներուն կողմէ Հաստալի զինուորական բանտի մէջ ձերբակալուած զօրավարներուն տրուած այցելութեան մասին ու հարցուեցաւ որ Վարչապետին տեղեկութիւն տրուա՞ծ էր այդ այցելութեան մասին։ Ինչպէս յայտնի է, այդ այցելութիւնը բաւական աղմուկ բարձրացուց, պնդուեցաւ որ զինուորականները այդ կերպով բան մը հասկցնել ուզած էին կառավարութեան։ Բայց Էրտողան պատասխանեց որ իրեն տեղեկութիւն տրուած էր այդ մասին։ Սպայակոյտի Նախագահը դիտել տուած էր որ այս այցելութիւնը հոգեբանական անհրաժեշտութիւն մը կը նկատէին ու ինք ալ մասամբ իրաւունք տուած էր զինուորականներուն։ Ինք այդ այցելութեան մէջ որեւէ սպառնալիք կամ պատգամ չտեսաւ։ Խնդրոյ նիւթ դարձաւ նաեւ Սահմանադրութիւնը փոխելու հարցը, Վարչապետը ըսաւ որ Սահմանադրութիւնը պէտք է վերստին գրուի, հասկնալի լեզուով մը։ Այս Սահմանադրութիւնը հասկնալի չէ, միայն իրաւագէտները կարող են հասկնալ, պէտք է որ բոլոր կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ նոր ու վճիտ Սահմանադրութիւն մը պատրաստուի։ Ասկէ առաջ կուսակցութիւնները մերժեցին գործակցիլ, յուսանք յառաջիկայ անգամուն չեն մերժեր, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը