Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս պետական հիւր պաշտօնական երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Քաթար


Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս պետական հիւր պաշտօնական երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Քաթար

  • 24-02-2011 18:25:19   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս պետական հիւր պաշտօնական երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Քաթար 22 եւ 23 Փետրուարին։ Սոյն այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ'ընկերանար պատուիրակութիւն մը բաղկացած հետեւեալ անձերէ՝ Դպրեվանքի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան։ Քաթարի Էմիրին հետ ունեցած իր հանդիպումին առընթեր, երկու օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շարք մը այլ հանդիպումներ ունեցաւ. 1.- Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբին հետ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, աւելի քան 200 ազգայիններ հաւաքուած էին ողջունելու Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Քաթար։ Յաջորդաբար խօսք արին ազգային վարչութեան ատենապետ Արսէն Հալաճեան, Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Յակոբ Բագրատունի։ Բոլորն ալ շեշտեցին Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան կարեւորութիւնը։ Ապա խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդգծեց հաւաքական կեանք կազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններու կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ յայտնեց թէ իր փափաքին ընդառաջելով, Քաթարի Էմիրը խոստացած է հողաշերտ նուիրել հայ համայնքին, որպէսզի հոն կառուցուի հայ եկեղեցի։ Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ 2.- Քաթարի մօտ Լիբանանի դեսպանը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը սարքեց նոյն օրը կէսօրին, դեսպանատան մէջ։ Ներկայ էին Լիբանանէն երկու նախարարներ, արաբական երկիրներու դեսպաններ ինչպէս նաեւ ազգայիններ։ Լիբանանի դեսպանը բարի գալուստ մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին, յիշեցուց անոր կարեւոր դերը ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ Լիբանանի կարեւորութեան, թէ՛ արաբական աշխարհին մէջ եւ թէ՛ որպէս կամուրջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, եւ ապա շեշտեց Լիբանանի հայութեան գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի վերաշինութեան ու վերականգնումի ու անոր միասնականութեան ամրապնդման աշխատանքներուն մէջ։ 3.- Նոյն գիշերը, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 300 անձեր, թէ՛ Քաթարի հայ համայնքէն եւ թէ՛ Քաթարի մէջ հաստատուած Լիբանանի զանազան համայնքներէն։ Ճաշկերոյթին բացումը կատարելով, Լիբանանի դեսպանատան հիւպատոսը ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ օրուան մեծ հիւրը, ու խօսեցաւ Նորին Սրբութեան զանազան բնագաւառներէ ներս կատարած աշխատանքին մասին։ Ապա խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը, վեր առաւ Լիբանանի իւրայատկութիւնը ներկայացնող արժէքները, այս ծիրեն ներս յատկապէս անդրադառնալով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան։ Ան ըսաւ թէ հակառակ երկրէն ներս տիրող տեսակէտներու տարբերութեանց, բաժանման գիծեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ լիբանանցիներու միջեւ։ «Այս գիտակցութեամբ կը գործէ Լիբանանի հայութիւնը» յիշեցուց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետին խօսքը բազմաթիւ անգամներ ծափողջոյներով ընդմիջուեցաւ յատկապէս Լիբանանի այլ համայնքները ներկայա-ց-նող ներկաներուն կողմէ։ 4.- Տոհա ժամանման առաջին իսկ գիշերը, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը սարքեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արսէն Հալաճեան։ Ներկայ էին վարչութեան անդամներու կողքին շարք մը ազգայիններ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք արաւ Տիկին Արշօ Թիւթիւնճեան եւ ողջունելով Վեհափառ Հայրապետը, իր ուրախութիւնը ու հպարտութիւն արտայայտեց ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծաւալող առաքելութեան ու Վեհափառ Հայրապետին ճառագայթող ներկայութեան՝ ազգային թէ միջազգային շրջանակներէ ներս։ Իր հայրական խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Ազգային Վարչութեան կատարած ծառայութեան ու թելադրեց որ ի տես հետզհետէ աճող գաղութի կարիքներուն, անհրաժեշտ է կրկնապատկել կազմակերպչական աշխատանքները. եւ այդ գծով Վեհափառը յայտնեց մեր Սուրբ Աթոռին ամբողջական զօրակցութիւնը։ 5.- Չորեքշաբթի առաւօտեան Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Քուէյթէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգային մարմիններու, ինչպէս նաեւ Քաթարի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Շահէ Սրբազան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Թեմին եւ մասնաւորաբար Քուէյթի, Ապու Տապիի, Տուպայի եւ Քաթարի գաղութներու առնչուած շարք մը հարցեր։ 6.- Հինգշաբթի առաւօտ Արամ Ա. Հայրապետը Էմիրի ապարանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ փոխ վարչապետ եւ վառելանիւթի նախարար Ապտալլահ Պին Համատի հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հայկական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Փոխ վարչապետը մօտէն տեղեակ ըլլալով Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Տոհայի ժողովի ընթացքին կարեւոր դեր ստանձնած ըլլալով, աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան առաւելաբար Լիբանանի քաղաքական կացութեան ու Լիբանանի հայութեան դերակատարութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ։ Վեհափառ Հայրապետը փոխ վարչապետին հետ անգամ մը եւս արծարծեց Քաթարի համայնքին հողատարածք նուիրելու հարցը որ Էմիրը խոստացած էր օր մը առաջ Վեհափառ Հայրապետին։ Փոխ վարչապետը խոստացաւ մօտէն հետապնդել այս ծրագրին իրագործումը։ Ապա Վեպափառ Հայրապետը հրաւիրեց փոխ վարչապետը այցելելու Անթիլիասի Մայրավանքը։ 7.- Հինգշաբթի գիշեր Քաթարէն մեկնելէն անմիջապէս առաջ Քաթարի ազգայիններէն Տիրան Նազարէ Նաճարեան ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը սարքեց որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան անդամնները, Քաթարի ու Լիբանանի տնտեսական գործակցութեան վարչութեան անդամներ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզի պատկանող բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Իր գնահատական խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի եզակի նկարագիրը՝ որպէս քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան երկիր պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի լիբանանեան համայնքներու զօրակցութիւնը Լիբանանի վերակագնումի աշխատանքներուն։ Բնականաբար Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ համայնքին կարեւոր դերակատարութեան Լիբանանի մէջ։ Յայտնենք որ Քաթար սոյն այցելութիւնը ու յատկապէս Քաթարի Էմիրին հետ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հանդիպումը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին ու հեռատեսիլի կայաններուն ճամբով։
  -   Մամլո հաղորդագրություն