Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին ԵՀԽի ԿՎ-ի ժողովին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին ԵՀԽի ԿՎ-ի ժողովին

  • 23-02-2011 15:07:50   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 21 Փետրուար 2011, Ժընեւի մէջ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին մասնակցող Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան հանդիպում մը ունեցան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Թվէյթ Օլավ Ֆիքսէի հետ եւ անոր փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ողջոյններն ու միջ-եկեղեցական շարժման գծով ունեցած պատկերացումներն ու ակնկալութիւնները։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին, թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը պէտք է առաւել ուշադրութիւն ընծայէ Միջին Արեւելիքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ վկայութեան ու այս ուղղութեամբ գործնական առաջարկներ կատարեցին։ 18-19 Փետրուար, Ժընեւի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը շարունակեց գումարել Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին նիստերը, որոնց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները գործօն մասնակցութիւն բերին: Քննարկելէ ետք 2013ին Քորիայի մէջ գումարուելիք Համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներն ու 2011ին Ճամէյգայի մէջ գումարուելիք Խաղաղութեան Միջազգային Հաւաքին վերջնական փուլերը, ժողովը ձեռնարկեց իր յանձնախմբային աշխատանքներուն։ Այս բնագաւառէն ներս, Նարեկ Սրբազան վարեց Եկեղեցական Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին ատենապետութիւնը, Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան մասնակցեցաւ Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբին եւ Խաղաղութեան Միջազգային Հաւաքի Պատգամի Խմբագրման Յանձնախումբի քննարկումներուն եւ Սեդա Խտըշեան Միջին Արեւելքի Հարցերու Յանձնախումբի աշխատանքներուն։ 21-22 Փետրուար, յանձնախումբերու զեկոյցներու ներկայացումով եւ հաւաքական աղօթքով աւարտեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը։
  -   Մամլո հաղորդագրություն