Թուրքիոյ հայ համայնքն ալ սկսած է ապրիլ յառաջիկայ ընտրութիւններու յուզումը


Թուրքիոյ հայ համայնքն ալ սկսած է ապրիլ յառաջիկայ ընտրութիւններու յուզումը

  • 22-02-2011 22:21:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Զաման«ի թղթակից Մէլիք Տուվաքլը այսօր կը հաղորդէ թէ Թուրքիոյ հայ համայնքն ալ սկսած է ապրիլ յառաջիկայ ընտրութիւններու յուզումը, քանի որ կառավարութեան կողմէ գործադրուած բացման նոր քաղաքականութեան շնորհիւ թերեւս մէկ կամ մէկէ աւելի փոքրամասնական երեսփոխաններ եւս պիտի կարենան ընտրուիլ ու Խորհրդարան մտնել։ Այս պայմաններու մէջ կարգ մը կուսակցութիւններ իրենց ցանկերուն մէջ կ’ուզեն տեղ տալ հայ թեկնածուներու ալ։ Չենք գիտեր թէ ինչպիսի աղբիւրներու վրայ հիմնուելով է որ թղթակիցը պատրաստած է իր այս թղթակցութիւնը եւ թէ որքան հիմնական պատճառներ կան լաւատեսութիւններ սնուցանելու համար այն մասին թէ կուսակցութիւնները պիտի ուզեն վերին կարգերու վրայ դնել հայ թեկնածուի մը անունը, որպէսզի այդ թեկնածուն կարենայ անցնիլ նուազագոյն քուէի սահմանէն անդին։ Բայց թղթակիցը թեկնածուներու անուններ ալ կուտայ սա կամ նա կուսակցութենէն։ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը իր ուշադրութեան շրջանակէն ներս առած է Մելքոն Գարաքէօսէ, Թադէոս Պէպէք, Մարգար Էսայեան, Ժէրի Խրիմեան, Պետրոս Շիրինօղլու անունները։ Ճէ-Հէ-Փէի շրջանակներէն ներս կը խօսուի Արեւ Ճէպէճիի անուան շուրջ։ Մէ-Հէ-Փէի շրջանակները կանգ առած են Գեղամ Կարապետեանի անուան վրայ։ Իսկ Պէ-Տէ-Փէի շրջանակները իբր թեկնածու կը նային Հայկօ Պաղտատին։ Թղթակիցը կը նշէ որ յառաջիկայ օրերուն աւելի պիտի յստականայ թեկնածուներու պատկերը։ Ըստ թղթակցին, եթէ բանակցութիւնները աւարտին, 45 տարի վերջ առաջին անգամ հայ երեսփոխան մը թերեւս պիտի կարենայ մուտք գործել Թուրքիոյ Խորհրդրարան։ Թղթակիցը կուտայ հին շրջաններու մասին տեղեկութիւններ եւս։ Կը նշէ որ պաշտօնական տուեալներու համաձայն Հանրապետական շրջանին 23 ոչ-իսլամ երեսփոխաններ Խորհրդարան մտան, ասոնց 8-ը հրեայ, 8-ը յոյն, 6-ը հայ եւ մէկն ալ Թուրք-Օրթոտոքս էր։ Հանրապետութեան շրջանի առաջին հայ երեսփոխանը եղած էր, ինչպէս հիները գիտեն, Պերճ Թիւրքէր-Քէրէսթէճեան, որ որպէս երեսփոխան պաշտօնավարած է 1935-46 թուականներուն։ Խորհրդարանի երդիքին տակ որպէս Ծերակուտական պարտականութիւն կատարած վերջին հայը եղաւ Պերճ Թուրան։ Պերճ Թուրանէն ետք պարբերաբար զանազան թեկնածուներու անուններ տրուեցան, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը կրցաւ ընտրուիլ։ Արդէն, ինչպէս որ կը գրէ թղթակիցն ալ, անոնց թեկնածութիւնը խորհրդանշական էր։ Տէմօքրաթ Կուսակցութեան կամ Էօ-Տէ-Փէ կուսակցութեան թեկնածուները որեւէ բախտ չունէին նուազագոյն քուէի սահմանը անցնելու։ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնն ալ Կէրպօ Թօքկէօզը իբր թեկնածու ցոյց տուած էր Մարտինէն, շատ լաւ գիտնալով հանդերձ թէ ան չէր կրնար ընտրուիլ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը