Հայ Եկեղեցին կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին


Հայ Եկեղեցին կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին

  • 19-02-2011 13:29:22   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 16 Փետրուար 2011, Ժընեւի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը սկսաւ գումարել իր Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը: Սոյն ժողովին, յանուն Հայ Եկեղեցւոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն ա մասնակցեցան Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Երէցկին Փոլա Տեւեճեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան: Առաջին օրը, բացման հաւաքական աղօթքէեն ետք, ժողովականներ լսեցին Ատենապետ Դոկտ. Ուոլթըր Օլթմանի եւ Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Թվէյթ Օլավ Ֆիքսէի զեկոյցները ու կատարեցին համապատասխան քննարկումներ։ 17 Փետրուարի առաւօտուն, Նարեկ Սրբազան դասախօսութիւն մը ներկայացուց «Փոփոխուող Եկեղեցական Իրավիճակը» թեմայով եւ ընդգծեց գաղթականութեան, համաշխարհայնացման, աշխարհականացման, առաքելութեան եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը քրիստոնեաներու վկայութեան վրայ։ Յայտնենք, թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ ժողովին կը մասնակցի Տիկ. Սեդա Խտըշեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կողմէ՝ Ռազմիկ Միքայէլեան։
  -   Մամլո հաղորդագրություն