Վիճաբանութիւն Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ


Վիճաբանութիւն Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ

  • 18-02-2011 18:26:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ինչպէս գրած էինք վերջերս, Ամերիկայի Անգարայի Աւագ Դեսպան Ֆրանսիս Րիքիարտօնէ, կերպով մը պաշտպանութիւնը ըրած էր Էրկէնէքոն գաղտնի ուժերու անդամակցութեան մեղադրանքով հսկողութեան տակ առնուած Օտա Թի-Վիի լրագրող Սօնէր Եալչընի, ըսելով. »Մէկ կողմէ կը խօսուի մամլոյ ազատութեան մասին, իսկ միւս կողմէ լրագրողներ հսկողութեան տակ կ’առնուին«։ Րիքիարտօնէի այս խօսքերը Թուրքիոյ մէջ ստեղծեցին մեծ փոթորիկ։ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ մէջ ծայր տուաւ վիճաբանութեան ալիք մը, »արդեօք ո՞ր մամուլն է աւելի ազատ. Թուրքիա՞ն թէ Ամերիկան« նիւթով։ Րիքիարտօնէ իր ինքնապաշտպանութիւնը ըրաւ հետեւեալը ըսելով. »Ես վճռի մը մասին որեւէ մեկնաբանութիւն չըրի։ Յարգանքի խորագոյն զգացումներով կը յայտնեմ թէ ես ընդունելութեան ընթացքին այս արտայայտութիւնը ունեցայ մտերիմ խօսակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Դէպքերու մանրամասնութիւններուն տեղեակ չենք։ Իսկապէս չենք հասկնար է ի՞նչ են իրերայաջորդ այս դէպքերը։ Որովհետեւ մենք օտար ենք։ Վերջին տարիներուն մեծ փոփոխութիւններ ի գործ դրուեցան Թուրքիոյ մէջ եւ այս պարագան յուսատու է մեզի համար։ Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու գծով, ամէն մարդ պէտք է կարենայ իր կարծիքը արտայայտել։ Թուրքիոյ մէջ իրաւակարգի գերակշռութիւնը խնդրոյ առարկայ է եւ մենք այս նիւթի շուրջ որեւէ կասկած չունինք։ Մենք Թուրքիոյ մէջ գործադրուած դրութեան մասին ըսելիք չունինք«։ Այս արտայայտութիւններէն ետք չուշացաւ կառավարութեան կողմէ Րիքիարտօնէի տրուած պատասխանը։ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարար՝ Պէշիր Աթալայ, յայտնեց թէ ինք համակարծիք չէ աւագ դեսպանի խօսքերուն եւ պնդեց թէ Թուրքիա աւելի լայն ազատութիւններ շնորհած է լրագրողներուն, քան Ամերիկա։ Ան հետեւեալը ըսաւ. »Թուրքիոյ մէջ շատ արժէքաւոր Մամլոյ Օրէնք մը կայ։ Թուրքիա երկիր մըն է, ուր մամլոյ ազատութիւն կայ ամենալայն չափով։ Ո՛չ մէկ ժողովրդավար երկիր այնքան ազատութիւն շնորհած է լրագրողներուն, որքան Թուրքիա։ Դուք ալ արդէն կ’ապրիք ատիկա։ Շատ գունաւոր մամլոյ կեանքով, հեռատեսիլներով, լրագիրներով, համացանցի միջավայրով, Թուրքիա երկիր մըն է, ուր անհուն ազատութիւն շնորհուած է մամուլին։ Թուրքիոյ մէջ այս ուղղութեամբ որեւէ հարց չկայ«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը