Կլէնտէյլի եւ Արեւելեան Հոլիվուտի մէջ ձերբակալած են հայկական հրոսախումբերու անդամներ


Կլէնտէյլի եւ Արեւելեան Հոլիվուտի մէջ ձերբակալած են հայկական հրոսախումբերու անդամներ

  • 17-02-2011 17:38:27   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Լոս Անճէլըս Թայմս« օրաթերթը կը հաղորդէ թէ երէկ, 16 Փետրուարին, Կլէնտէյլի եւ Արեւելեան Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցած են լայնածաւալ գործողութիւններ, որոնց ընթացքին ապահովական մարմինները ձերբակալած են հայկական հրոսախումբերու անդամներ։ Անոնց մեծամասնութիւնը անդամ է »Արմինիըն Փաուըր« անունով ծանօթ հրոսախումբին, որ 1980ականներու վերջաւորութեան մէջտեղ ելած էր։ Քանի մը տասնեակ հոգի բանտարկուած է. ձերբակալեալներու եւ հսկողութեան տակ առնուածներուն թիւը կը հասնի 100ի։ Պըրպէնքի, Կլէնտէյլի եւ Լոս Անճէլըսի ոստիկանական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Էֆ Պի Այի, Սի Այ Էյի, Այ Ար Էսի, ներգաղթի եւ մաքսային ոստիկանութեան եւ Լոս Անճէլըսի գաւառի ոստիկանութեան համատեղ ջանքերով իրականացած գործողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են մօտաւորապէս 1000 ոստիկաններ։ Ապահովութեան մարմինները մերժեցին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ, շեշտելով որ գործողութիւնը կը շարունակուի։ Ձերբակալեալները ամբաստանուած են բռնի ուժով դրամ պահանջելու, առեւանգումներու, թմրանիւթերու, առուծախի եւ կարգ մը այլ զեղծարարութիւններու յանցանքներով։ Ձերբակալութիւններու մեծամասնութիւնը իրականացած է առանց միջադէպի, իսկ կարգ մը կասկածելիներու հետապնդումը կը շարունակուի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը