Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատանք տանիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով


Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատանք տանիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով

  • 16-02-2011 16:42:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկայի Արտաքին Նախարարի օգնականներէն Ֆիլիփ Քրաուլի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վստահեցուց թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատանք տանիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով սկիզբ առած գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ։ Քրաուլի ընդունեց որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին յատկանշական խոչընդոտներ յայտնուած են գործընթացին դիմաց, սակայն աւելցուց թէ Արտաքին Նախագահ Հիլըրի Քլինթըն անցեալ շաբաթ իսկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին շեշտած էր որ Ուաշինկթըն իր կարելին պիտի ընէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը