Հայաստան պիտի չաջակցի ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի առաջադրուած թուրք թեկնածուի հարցին մէջ<br />


Հայաստան պիտի չաջակցի ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի առաջադրուած թուրք թեկնածուի հարցին մէջ

  • 16-02-2011 16:39:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի Արտաքին Նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարեց թէ Հայաստան պիտի չաջակցի Թուրքիոյ՝ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի գլուխ առաջադրուած թուրք թեկնածուի հարցին մէջ։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ նամակ մը գրած էր իր հայ պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանին եւ կոչ ուղղած էր որ Հայաստան այս տարի Մարտին կայանալի ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւններու ընթացքին քուէարկէր թուրք թեկնածուի ի նպաստ։ Նամակը յանձնուած էր թեկնածու Էրսին Էրչինի, որ Հայաստան պիտի այցելէ յառաջիկայ օրերուն եւ պիտի յանձնէ նամակը։ Բացի թուրք թեկնածուէն, այս պաշտօնին կը յաւակին նաեւ երեք անձեր. Աւստրիոյ նախկին Արտաքին Նախարար Ուրսուլա Փլասնիք, փորթուկալցի նախկին երեսփոխան Ժոաօ Սուարէշ եւ իտալացի Լամպէրթօ Ձանիէր։ Նախաընտրական արշաւը 35 երկիրներու մասնակցոթւեամբ սկսաւ 14 Փետրուարին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը