Հայրենակցականներէն կարեւոր մաս մը ինքզինք վերաթարմացնելու ընթացքի մը մէջ է


Հայրենակցականներէն կարեւոր մաս մը ինքզինք վերաթարմացնելու ընթացքի մը մէջ է

  • 16-02-2011 15:59:54   |   |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Փետրուար 16, 2011 Հայրենակցական Միութիւններու Վերազարթօնքը Ի դէմս հետզհետէ մթագնող կարգ մը երեւոյթներու ու կառոյցներու, ուշագրաւ է հայրենակցական միութիւններու վերազարթօնքը, վերաշխուժութիւնը, իրենց ընթացիկ կամ միապաղաղ գործունէութիւններէն դուրս գալով, նոր շունչով ու կորովով գործելու: Մինչդեռ, անցեալ ու փառք ունեցող կառոյցներ, որոնք համայնքային կեանքին մէջ շեշտակի դեր եւ երախտաշատ վաստակ ունեցած են, այսօր կորսնցուցած են իրենց հմայքն ու փայլքը, լաւագոյն պարագային, հանդէս գալով ,դողդոջունե քայլերով, այն ալ մատի վրայ հաշուուող ներկայութիւններով: Այս պարագային երիտասարդութեան մասին խօսիլն իսկ անհեթեթ է, որովհետեւ ան չկայ եւ ոչ թէ անոր համար, որ անոր մօտ հետաքրքրութիւնը կը բացակայի, այլ` այդ կառոյցներէն ներս սկսած է կայք հաստատել... պարապութիւն մը, կայ ամլութիւն մը, նշմարելի է ահաւոր ճեղք մը, որ նոր սերունդը կը հեռացնէ այդ բոլորէն: Իսկ թէ ինչո՞ւ այդ կառոյցները հասած են այս անբաղձալի վիճակին, բնագէտ ըլլալու չէ գիտնալու զայն, երբ արեւու նման յստակ է պատճառը. ,տանտէրերունե նպատասխանատուութիւնը, անհեռատեսութիւնը, անպատրաստուածութիւնը, անգիտակցութիւնը, անհաղորդականութինը, անմատչելիութիւնը, եւայլն: Եթէ այս ,յատկութիւնեները բոյն դրած են (կամ սկսած են դնել) ազգային կառոյցներէն ներս, ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդութիւն խմբել, պատասխանատուութիւն ստանձնել, աշխատանքի մղել, վստահութիւն ներշնչել, ծրագիրներ մշակել, յուսադրիչ մթնոլորտ պատրաստել: Ամէն ինչ պայմաններու վրան նետելը եւ անցնիլը այլեւս արդարանալի չէ, համոզիչ չէ՛, երբ յստակ է թէ ախտաւորութիւնը ո՛ւր է, իսկ հիւանդկախերը ո՛վքեր: Բնական է, երբ կը խօսուի այս գահավիժումին մասին, բոլոր կառոյցները ,նոյն ջուրով պէտք չէ լուալե, որովհետեւ կան այնպիսիներ, որոնք իրենց գոյութեան կ'ուզեն գոյն ու որակ տալ, կեանք եւ եռանդ, իսկ այդ ճիգը, որքան ալ նուազ գոհացուցիչ ու մարդաքիչ, վերջին հաշուով, ,առաքելութեանե մը կառչելու ու զայն պահելու գրաւականն է: Քաջալերականը, թերեւս ալ լաւատեսականը այն է, որ մեր իրականութենէն ներս, ,նոր դռներե սկսած են բացուիլ, գաղութահայ կեանքը ջերմացնող ու շարժող, զանազան նախաձեռնութիւններու ու գործունէութիւններու մատուցումով: Ճիշդ է, նման պարագաներու միշտ չէ որ մակարդակներ կը պահուին կամ կը յարգուին, սակայն, կարեւորը ,տրոփիւնեն է` համայնքային ազգային-մշակութային կեանքին տալու կշիռք ու թափ: Եթէ կը խօսինք մակարդակ արժեւորելու համեմատութիւններու մասին, անոնցմէ շեղումին ու զիջումին ,պատասխանատուութիւնեը կ'իյնայ նոյն այն ,պարապութեանե վրայ, որուն անդրադարձանք վերեւը: Տագնապելի երեսը այս երեւոյթին, ինքնահոսի ձգելու սանձարձակութիւնն է, անտարբերութեան յորձանուտին մէջ դեգերումը, մանաւանդ յանձնառու երիտասարդութիւն չպատրաստելու յանցագործութիւնը, որ սկսած է թանձրօրէն ճնշել մեր վրայ, տեղ մը բարոյական սնանկութիւն պատճառելով, ուրիշ տեղ մը` չոր միջակութիւններ սփռելով: Թերեւս այս է պատճառը, որ հայ ազգային մեր խայտաբղէտ կեանքին մէջ, ոմանք սկսած են կուռ գործունէութիւններ ծաւալել, ինքզինքնին վերանորոգել, յանձնառութիւններ ստանձնել, կարկիններ բանալ, հորիզոններ սահմանել, նոյնիսկ ի գին... խաչաձեւումներու: Այս վերանորոգ իրավիճակին ի տես, ուրիշներու կարգին, ողջունելի է տեսնել հայրենակցական միութիւններու արձանագրելի շարժը, ոչ միայն իրենց ազգային աւանդութիւնները պահպանելու եւ արմատներուն կառչած մնալու վճռակամութեամբ, այլեւ ընկերային, մշակութային ու կրթական եռուն գործունէութիւն տանելու: Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ հետզհետէ դէպի խամրումի գացող (կամ ենթարկուող) այս միութիւնները կրնան վերակենդանացնել, գէթ իրենց անմիջական շրջապատէն ներս եւ իրենց ներած պայմաններով, գործօն ներկայութիւն մը դառնալ գաղութահայ խճանկարէն ներս: Խիստ յատկանշական է, որ անոնց մեծ մասը վերակազմակերպուած ըլլալով, իր վարչական շարքերէն ներս առած է... երիտասարդներ, վստահաբար, նոր աւիւն մը տալով անոր գործունէութեան: Ասիկա կը նշանակէ, թէ այս հայրենակցականները, անկախաբար իրենց սովորական կամ հրապարակային գործունէութիւններէն, նաեւ գիտակցութիւնը ունին իրենց արմատներուն հաւատարիմ մնալու, իրենց աւանդութիւնները յարգելու: Վերջին քանի մը տարիներուն, մարաշցիներուն, մուսա լեռցիներուն, այնթապցիներուն, ատանացիներուն, չորք-մարզպանցիներուն, զէյթունցիներուն եւ այլոց հրապարակին վրայ երեւնալը ու հանրամատոյց ներդրում ունենալը ինչո՞վ կարելի է բացատրել, եթէ ոչ իրենց ինքնութեան կառչած մնալու իրողութեամբ: Քի՞չ են այս բոլորը, մի գուցէ նաեւ ցուցանիշ են, որ անոնք կան, կը գործեն, կը ծառայեն, իսկ ուրիշներ, աւելի վաստակաւորներ ու փորձառուներ, կան-չկան, ներկայ-բացակայ են, կը շնչեն-չեն շնչեր, որովհետեւ կարճատեսութիւնը, պատեհապաշտութիւնն ու անձնակեդրոնութիւնը վարակած են զիրենք: Յամենայն դէպս, հայրենակցականներէն կարեւոր մաս մը, ինքզինք վերաթարմացնելու կամքով, իր գործը եւ խօսքը ,զգալիե դարձնելու ընթացքի մը մէջ է, որուն համար... պատիւ իրեն: ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Պէյրութ, Լիբանան
  -   Յօդուածներ