Հայ գործարարներ Վրաստան կը փոխադրեն իրենց դրամագլուխը


Հայ գործարարներ Վրաստան կը փոխադրեն իրենց դրամագլուխը

  • 15-02-2011 19:58:09   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վրաստանի հանրային տոմարի ծառայութիւնը հրապարակած է տեղեկատուութիւն մը, ըստ որուն, Վրաստանի մէջ հայ գործարարներուն թիւը 2010ին հասած է 100ի։ Վրացական լրատուամիջոցները իրավիճակը որակած են իբր »հայկական ընկերութիւններու զանգուածային փախուստ դէպի Վրաստան«։ Վրաստանի մէջ արձանագրուած հայկական ընկերութիւններէն 70ը սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւններ են, երեքը՝ մասնաճիւղեր, 24ը անհատ գործարարներ։ Կան նաեւ քանի մը ոչ-առեւտրային կազմակերպութիւններ։ Հայկական մամուլի մէջ խօսակցութիւններ կը շրջին այն մասին որ իր աշխատանքը դէպի Վրաստան կը փոխադրէ նաեւ յայտնի մեծահարուստ, »Կրանթ Քէնտի«ի սեփականատէր Հրանդ Վարդանեան։ Արդէն շատեր կը խօսին հայկական դրամագլուխի դէպի Վրաստան արտահոսքի մասին։ Կարելի է ըսել, այս նիւթը նոյնիսկ ազգային անվտանգութեան հարցի մը վերածուած է։ Այդ դրամագլուխի համեմատութեան մասին առայժմ պաշտօնական տեղեկատուութիւն չկայ ո՛չ վրացական եւ ոչ ալ հայկական աղբիւրներու մէջ։ Սակայն արդէն մօտաւորապէս 100 ընկերութիւններ Վրաստանի մէջ աշխոյժ գործունէութեան ձեռնարկած են եւ ասիկա մեծ թիւ մըն է։ Եթէ նախորդ տարիներուն դէպի Վրաստան կ’երթար գլխաւորաբար փոքր եւ միջին պիզնըսը, ապա ներկայիս նաեւ »մեծ պիզնըս«ը կը փոխադրուի դէպի դրացի երկիր։ Անշուշտ դրամագլուխի տեղաշարժը ինքնին վտանգաւոր երեւոյթ չէ, սակայն այս պարագային Հայաստան գործ ունի »փախուստ« երեւոյթի հետ, որու հետեւանքները զգալի պիտի դառնան երկարատեւ հեռանկարային ժամկէտներու մէջ։ Այդ երեւոյթը կանխելու համար նախ պէտք է վերլուծել պատճառները։ Վրաստան իրօք գրաւիչ երկիր մը դարձած է գործարարութեան համար։ Դրացի երկրի մէջ »տանելի« հարկային համակարգ մը կայ, մեղմ վարչարարութիւն, վարչական փտախտի ոչ-բարձր մակարդակ։ 2010ի Սեպտեմբերին Վրաստան յեղափոխական փոփոխութիւններ կատարեց հարկային օրէնսգիրքի մէջ եւ որպէս արդիւնք հարկային բեռը էապէս նուազեցաւ պիզնըսի համար։ Այդ փոփոխութիւնները ի զօրու դարձան Յունուար 2011ին։ Նշենք քանի մը օրինակներ։ Այն ընկերութիւնները որոնք տարեկան 16 հազար տոլար շրջանառութիւն ունին, լիովին ազատ կը կացուցուին տուրքերէն։ Տեղեկատուական թէքնիքագիտութեան ոլորտը գրեթէ ամբողջութեամբ ձերբազատած է տուրքերէն՝ անոնց համար Վրաստանի ամբողջ տարածքը տնտեսական ազատ գօտի է։ Մեծ գործարարութեան համար եւս տուրքերը չափաւոր են. եկամուտի տուրքը 20 տոկոս է, շահու տուրքը՝ 15 տոկոս։ Այս բոլոր նորամուծութիւնները Վրաստանը խիստ հրապուրիչ կը դարձնեն պիզնըսի համար, յատկապէս՝ փոքր պիզնըսի։ Եթէ տուրքի վարչարարութիւնը Հայաստանի մէջ փոքր պիզնըսի համար ճակատարամարտի դաշտ է, ապա Վրաստանի մէջ՝ հանգիստի գօտի։ Այս փոփոխութիւններէն առաջ իսկ, Վրաստան էապէս դիւրացուցած էր գործարարութեան դաշտը։ Հետեւաբար զարմանալի ոչի՛նչ կայ երբ հայկական դրամագլուխը կը ձգտի դէպի Վրաստան։ Նշենք որ ատիկա միայն »հայկական հիւանդութիւն« չէ։ Վերջերս արաբական ներդրողները մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կուտան Վրաստանի նկատմամբ։ Խօսքը կը վերաբերի հարիւրաւոր միլիոն տոլար հաւանական ներդրումներու մասին։ Այսպէս Վրաստան լուրջ քայլեր կ’առնէ տարածքաշրջանէն ներս առաջատար տնտեսական երկիր մը դառնալու ուղղութեամբ։ Իսկ թէ ի՞նչ է Հայաստանի այլընտրանքը՝ առայժմ պարզ չէ։ Առայժմ Հայաստանի պետական ծրագիրները կը խստացնեն տուրքերու վարչարարութիւնը։ Կարգ մը քայլեր առնուած են տուրքերը դիւրացնելու ուղղութեամբ, սակայն անոնք որակի տեսակէտով իրավիճակը չեն փոխեր։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը