Բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւնը լուրջ հարց ստեղծած Է Թուրքիոյ մէջ


Բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւնը լուրջ հարց ստեղծած Է Թուրքիոյ մէջ

  • 14-02-2011 19:16:16   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրքիա այս շաբաթավերջը անցուց Լախտի Հարուածի կապակցութեամբ ձերբակալուած բարձրաստիճան զինուորականներու մասին խօսելով։ Դատարանը աւելի քան 160 զինուորականներու դէմ ձերբակալութեան որոշում ընդունեց ու այդ զինուորականները ներկայիս բանտարկուած են։ Բայց սովորական զինուորականներ չեն ասոնք։ Հրամանատարներ, զօրավարներ, ուժային հրամանատարներ, ծովակալներ, եւայլն։ Ձերբակալուածներուն միջեւ են 27 զօրավարներ, ինչ որ կը նշանակէ որ երկրին մէջ պաշտօնի վրայ գտնուող 301 զօրավարներուն գրեթէ մէկ տասներորդը ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Բոլորն ալ կը մեղադրուին պետական հարուած մը ծրագրած ըլլալու յանցանքով։ Զգայացունց կացութիւն, որուն նմանը չէ տեսնուած Թուրքիոյ մէջ։ Ձերբակալութիւնները տեղի տուած են անօրինակ ընդվզումի, որոնք կը ցուցաբերուին մանաւանդ ձերբակալուած բարձրաստիճան զինուորականներու ընտանիքներուն կողմէ։ Ասոնց բոլորն ալ կ’ընդգծեն թէ ձերբակալուածներ հայրենասէր մարդիկ են որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են հայրենիք պաշտպանելու գործին։ Սպայակոյտի Նախագահը Շաբաթ իրիկուն տեսակցեցաւ ձերբակալեալներուն ընտանիքներուն հետ, ապա անմիջապէս հանդիպում մը ունեցաւ Վարչապետ Էրտողանին հետ։ Յայտնի է որ անոնց խօսակցութեան նիւթը այս էր, բայց թէ ի՞նչ խօսեցան, չհրապարակուեցաւ։ Ամբաստանեալներու փաստաբանները յայտնեցին թէ այս ձերբակալութիւնները օրինաւոր չեն, բայց իրաւագէտներու կարծիքը այդպէս չէ։ Իրաւագէտները կը մտածեն որ դատարանը հաւանաբար լուրջ փաստեր տեսաւ որ ընդունեց ձերբակալութեան որոշում։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը