ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՃՈՐՃ ՍԱԼԻՊԱՅԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30ԱՄԵԱԿԻՆ


ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՃՈՐՃ ՍԱԼԻՊԱՅԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30ԱՄԵԱԿԻՆ

  • 09-02-2011 16:52:28   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2011ի գիշերը, Ասորի Ուղղափառներու Լեռնալիբանանի Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան ներկայ գտնուեցան Ասորի Ուղղափառներու Լեռնալիբանանի Առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպայի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 30ամեակի գեղարուեստական հանդիսութեան։ Այս առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան գիր մը յղած էր, որուն մէջ կ՛ընդգծէր մեծարեալին հովուական, վարչական, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բարեմասնութիւնները եւ անոր կը մաղթէր աստուածահաճոյ սպասաւորութեան շարունակման առաւել կորով
  -   Մամլո հաղորդագրություն