Գոյութիւն չունեցող բանի մը արձանը չ’ըլլար


Գոյութիւն չունեցող բանի մը արձանը չ’ըլլար

  • 04-02-2011 18:27:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ արձագանգ հանդիսացած էինք »Վաթան« թերթի քրոնիկագիր Մութլու Թէօնպէքճիի կողմէ Կարսի »Մարդկութիւն« կոչուած յուշարձանին մասին գրուած նշանակալից յօդուածին։ Յօդուածագիրը դիպուկ հեգնանքով գրած էր որ լաւ որ »Մարդկութիւն« կոչուած այդ արձանը կը փլցուի, որովհետեւ գոյութիւն չունեցող բանի մը արձանը չ’ըլլար։ Մարդկութիւն գոյութիւն ունի՞ կամ չունի, բնականաբար Կարսի քաղաքապետութեան հարցը չէ։ Կարսի Քաղաքապետութեան հարցը՝ այդ արձանը Կարսէն վերցնել է։ Եթէ արձանը ուրիշ տեղ մը կառուցուած ըլլար, իրենց հոգը չէր, բայց անիկա Կարսի մէջ կառուցուած է այնպիսի տեղ մը ուր ուրիշ պատմական յուշարձաններու վնաս կը հասցնէ։ Կարսի Քաղաքապետ Նէվզատ Պօզգուշ երէկ նոր յայտարարութիւն ըրաւ այս մասին ու ըսաւ որ, թէեւ որոշեցին արձանը վերցնել հոնկէ, բայց որոշեցին նաեւ որ արձանը չփլցուի, չխորտակուի, այլ ադամանդ<Ո«տրելու գործիքով մը մաս առ մաս կտրուի։ Եթէ քանդակագործը ուզէ զայն ուրիշ տեղ մը վերակառուցել, Քաղաքապետութիւնը պատրաստ է կտորները յանձնելու անոր ու արձանը ուրիշ տեղ կը վերակառուցուի։ Բայց Կարսի մէջ անոր տեղը սխալ է, որովհետեւ այդ արձանը իրաւունք չունի հոն առկայ ու պաշտօնապէս արձանագրուած յուշարձաններէ աւելի բարձր դիրք ունենալու։ Մինչ Քաղաքապետութիւնը միջոցներ կը փնտռէ մէջտեղէն երկուքի բաժնուած »Մարդկութիւն«ը անվնաս կերպով հոնկէ վերցնելու համար, քանդակագործ Աքսոյին փաստաբանը Թուրկուտ Գազանն ալ կ’ըսէ որ դատ պիտի բանան Քաղաքապետութեան դէմ ու պիտի չարտօնեն որ յուշարձանը հոնկէ վերցուի։ Մշակոյթի Նախարար Կիւնայն ալ վճռական խօսեցաւ ու ըսաւ որ Քաղաքապետութիւնը այս յուշարձանը չի կրնար փլցնել։ Նախարարը, որ կը մասնակցէր Անգարայի մէջ Ազերի նկարիչներու գործերուն նուիրուած ցուցահանդէսի մը, յայտարարեց թէ Կարսի »Մարդկութեան Յուշարձան«ի մասին վերջնական որոշումը կրնայ տրուիլ միայն Յուշարձաններու Պահպանութեան Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէ, որու տնօրինութեան տակ կը գտնուի այս յուշարձանն ալ։ Նախարարը աւելցուց որ այս խնդրին մէջ ոչ Կարսի կուսակալը ազդեցութիւն ունի, ոչ ալ իրենք՝ որպէս Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը