Արտասովոր բախում մը Ապտուլլահ Էօճալանի մասին գործածուած որակականներու պատճառաւ


Արտասովոր բախում մը Ապտուլլահ Էօճալանի մասին գործածուած որակականներու պատճառաւ

  • 04-02-2011 18:24:06   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ Խորհրդարանի մէջ երեք գլխաւոր կուսակցութիւններու ու Պէ-Տէ-Փէի միջեւ արտասովոր բախում մը տեղի ունեցաւ Ապտուլլահ Էօճալանի մասին գործածուած որակականներու պատճառաւ։ Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխան մը »մեծայարգ« որակականը գործածեց Էօճալանի մասին խօսելու ընթացքին։ Թէեւ առաջին անգամ չէր որ այս բառին պատճառաւ բանավէճ կը ստեղծուէր Խորհրդարանին մէջ կամ այլուր, բայց այս անգամ այս որակականին միացաւ ուրիշ բացատրութիւն մըն ալ։ Էօճալանը յիշուեցաւ որպէս »Քրտական Ազատագրման Շարժումի ղեկավար« եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար ալ ըսուեցաւ պարզապէս »Թէ-Ճէ«։ Այս յանդուգն քայլին հեղինակն էր քրտանպաստ Պէ-Տէ-Փէ կուսակցութեան Մշոյ երեսփոխան Նուրի Եաման, որ իր ճառախօսութեան ընթացքին Էօճալանի մասին խօսելու առիթով, փոխանակ ՓՔՔ-ի անջատողական նախագահ ըսելու, գործածեց »Քրտական Ազատագրման Շարժումի Ղեկավար Մեծայարգ Էօճալան« որակականը։ Այսպիսի արտայայտութիւն մը բնականաբար կը նշանակէր յարգանքով խօսիլ ՓՔՔ-ի մասին, ինչ որ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին համար բացարձակապէս ընդունելի չէ սա պահուն։ Նուրի Եամանին այս ելոյթը բողոքներու տեղի տուաւ ու երեք կուսակցութիւններն ալ՝ Ա-Գէ-Փէ, Ճէ-Հէ-Փէ ու Մէ-Հէ-Փէ, իրենց ընդվզումը արտայայտեցին կարգով։ Նուրի Եաման չնահանջեց։ Նուրի Եամանի ելոյթը նախ ընդմիջուեցաւ Խորհրդարանի Փոխ Նախագահ Նէվզատ Փաքտիլի կողմէ, որ յիշեցուց թէ երեսփոխան Նուրի Եաման երդում ըրած է Խորհրդարանին մէջ ու պէտք է հաւատարիմ մնայ այդ երդումին։ Նուրի Եաման շատ խիստ պատասխանեց այդ ընդմիջումին ու ըսաւ. »Դուք չէք կրնար որոշել թէ ես որու մեծայարգ պիտի ըսեմ, եւ որու պիտի չըսեմ«։ Այս պատասխանէն վերջ Ա-Գէ-Փէի Խմբակի Փոխ Նախագահ Սուատ Քըլըճ խօսք առաւ ու ըսաւ որ այս երդիքին տակ երբեք կարելի պիտի չըլլայ եղբայրութեան երգեր յօրինել, եթէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն մասին գովասանքով խօսուի։ Մէ-Հէ-Փէի Խմբակի Փոխ Նախագահ Օքթայ Վուրալն ալ ելոյթ մը ունեցաւ եւ ըսաւ որ ինք Թուրք ժողովուրդին նկատմամբ նախատինք կը նկատէ այս երդիքին տակ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը մասին կատարուած գովասանքը։ Իսկ ամէնէն ուժեղ հակազդեցութիւնը եկաւ Ճէ-Հէ-Փէի Խմբակի Փոխ Նախագահ Մուհարրէմ Ինճէէն, որ ըսաւ. »Մէկը որ այս երկրին մէջ նահանգապետ եղած է, Կուսակալի Տեղակալ եղած է, մէկը որ պետութիւնը ներկայացուցած է, եթէ մեր ժողովուրդին այս ամպիոնէն, եթէ Աթաթիւրքի այս Խորհրդարանէն խօսելու ընթացքին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մասին »Թէ-Ճէ« ըսէ եւ ատոր փոխարէն ահաբեկչական կազմակերպութեան մը ոճրագործ նախագահին համար ալ »Քրտական Ազատագրման Շարժումի ղեկավար Մեծայարգ Էօճալան« բացատրութիւնը գործածէ, ես սաստկութեամբ կը պախարակեմ, ատելութեամբ կը դատապարտեմ, կը խենդենամ, ես զիս դժուար կը զսպեմ«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը