Պրայզա յառաջիկայ օրերուն Պաքու պիտի մեկնի


Պրայզա յառաջիկայ օրերուն Պաքու պիտի մեկնի

  • 02-02-2011 17:00:29   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Մէթիւ Պրայզայի երդումի արարողութիւնը։ Այսպէս Պրայզա, որուն Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի պաշտօնին հաստատուելու հարցը կը ձգձգուէր անցեալ տարուայ Մայիսէն, ստանձնեց դիւանագիտական պաշտօնը առնուազն մէկ տարուայ համար։ Պրայզա յառաջիկայ օրերուն Պաքու պիտի մեկնի։ Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանի պաշտօնը թափուր էր 2009ի Յուլիսէն։ Ամիսներ վերջ Նախագահ Պարաք Օպամա այդ պաշտօնին վրայ առաջարկեց Մինսքեան Խմբակի համանախագահ Մէթիւ Պրայզայի թեկնածութիւնը։ Այս որոշումը դժգոհութիւն պատճառեց հայկական շրջանակներուն եւ Պրայզայի նշանակումը քանիցս վեթոյի ենթարկուեցաւ հայամէտ դիրքորոշումներով քոնկրէսականներու կողմէ։ Օպամա անցեալ Դեկտեմբերին Մէթիւ Պրայզան դեսպան նշանակեց, օգտուելով Ներկայացուցիչներու Տան արձակուրդէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը