Աբօ Պողիկեան. Թունուզեան Վարակը


Աբօ Պողիկեան. Թունուզեան Վարակը

  • 02-02-2011 11:04:52   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Թունուզէն սկսած ու անմիջապէս Եգիպտոս անցած ու արդէն արաբական այլ երկիրներ բացիլներ հասցուցած ժողովրդավարական բռնկումներու վարակը կրնա՞յ նաեւ Հայաստան թափանցել: «Մենք տարբեր ենք», «մեր խնդիրները ուրիշ են», «մենք Ղարաբաղ ունինք»..., ահա այն փաստարկները, զորս կը տրուին այն քաղաքագէտներուն կողմէ, որոնք կը պնդեն, կամ կը համոզեն, թէ Հայաստանի մէջ ժողովրդային բողոքի շարժում կարելի չէ ստեղծել այն ծաւալով, որ կը տեսնենք Գահիրէի մէջ: Ղարաբաղեան շարժումի թափն ու ուժգնութիւնը այնքան ալ հեռու պատմութիւն չեն, որ մոռնանք: Ազգային խնդիր էր Ղարաբաղը, այո՛. բայց եթէ կայ հարց մը կամ խնդիր մը, որ կրցաւ այդպիսի հզօր շարժում ստեղծել, ինչո՞ւ չհաւատալ, որ այն բոլոր ընկերային անարդարութիւնները, ընտրութիւններուն ընթացքին կեղծիքի կամ իշխանական լծակներու չարաշահումով քաղաքացիներու քուէի գողութիւնը, աղքատութեան ու թշուառութեան ճիրաններէն փրկուելու յոյսին կորուստը կրնան Երեւանի ու գիւղական բնակչութեան զայրոյթը հասցնել այնպիսի աստիճանի, որ ան մոռնայ զինք զսպող բոլոր նկատառումները ու անսանձելի մոլուցքով գրաւէ մայրաքաղաքի փողոցները: Հայաստանի մէջ ժողովրդային լայնածաւալ, անկառավարելի ցոյցերը ի՜նչ վտանգներու կ՛ենթարկեն երկիրը. բոլորիս համար յստակ է: Խուսափելու համար նման իրավիճակէ, Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս նախագահը պարտաւոր են վայրկեան առաջ ձեռնարկել երկիրին մէջ արդարութիւն ու օրինականութիւն ստեղծելու համոզիչ քայլերու, ժողովրդավարութեան սկզբունքներու անարգել գործադրման պայմաններու ստեղծումին զուգահեռ: Չմոռնանք, որ Հայաստանի մէջ կան Թունուզեան շարժման վարակի հմայքը պատեհապաշտ իրենց նպատակներուն ծառայեցնելու տրամադիր ուժեր, որոնց համար պահը կրնայ խիստ գայթակղեցուցիչ ըլլալ... Աբօ Պողիկեան «Ասպարէզ»ի խմբագիր ԱՄՆ
  -   Յօդուածներ