Սփիւռքահայութիւնը ներգործօն իրավիճակի վերածելու առաջադրանքը նոր չէ


Սփիւռքահայութիւնը ներգործօն իրավիճակի վերածելու առաջադրանքը նոր չէ

  • 01-02-2011 20:12:26   |   |  Յօդուածներ
Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարին յայտարարութիւնը` սփիւռքահայութեան ներկայացուցչութեան հայրենիքի պետական որոշումներուն գործընթացին մասնակցելու առումով խլած է ոչ միայն սփիւռաքահայ այլ նաեւ հայրենի լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը: Յայտնապէս նախագահական մակարդակով որոշուած է յատուկ կանոնակարգում ապահովել Հայաստանի հանրապետութեան պետական կառավարումի համակարգին ներգրաւելու սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները: Կը խօսուի արդէն օրէնսդիր դաշտը երկպալատ դրութեան վերածելու եւ սենատի յառաջացումի հնարաւորութեան մասին: Տակաւին պարզ չէ անշուշտ թէ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները ի՞նչ հիմունքով պիտի ճշդուին եւ անդամակցին համապատասխան ժողովին: Յստակեցնելի է, թէ ընտրութեան պարագային, իւրաքանչիւր գաղութի մէջ ո՞վ, ի՞նչպէս եւ ի՞նչ ժամկէտներու համար պիտի կազմակերպէ ընտրութիւնները: Յստակ է, որ այս թեման բաւական ժամանակ իր վրայ կեդրոնացած պիտի պահէ հասարակական տարբեր շրջանակներու ուշադրութիւնը: Հարցի քննարկման միջավայրերու ձեւաւորումը, մեքենականութիւններու ճշդումը եւ առ հասարակ այս նոր ուղիին հարթեցման միջոցները կրնան տարակարծութիւններ ստեղծել` ներկայացուցչական հանգամանքի ապահովումէն մինչեւ լիազօրութիւններու ճշդումի հիմնական խնդիրներուն շուրջ: Եւ ասիկա արտասովոր չէ. առաջադրանքը նոր է եւ տակաւին գէթ հրապարակային քննարկումի ենթակայ չէ դարձած: Սփիւռքահայութիւնը ներգործօն իրավիճակի վերածելու առաջադրանքը սակայն նոր չէ: Երկար ատենէ ի վեր սփիւռքահայ հրապարակագրութեան մէջ երեւցած թեմա է այս մէկը, որ անհրաժեշտ արձագանգումը չէր ապահոված, մանաւանդ որեւէ գործնական քայլի դիմելու լուրջ փորձ չէր կատարուած: Պահանջատիրական խնդիրներու վերաբերեալ զանազան քննարկումներու ընթացքին նման մտածողութիւն զարգացած էր , սակայն գործնական ուրուագծումները նոյնիսկ բացակայած էին այս ուղղութեամբ: Այս հիմնախնդիրը, Հայաստանի վերանկախացումէն ետք եւս մնաց պարագայական քննարկումներու շրջածիրին մէջ: Համահայկական մարմիններ, խորհուրդներ, յանձնախումբեր գործեցին անշուշտ, սակայն ոչ իբրեւ յստակեցուած լիազօրութիւններով կառոյց, որոնք առաջին հերթին պիտի ներկայացնէին իրենց գաղութը եւ ապա ամբողջ Սփիւռքը: Խօսքը ,Հայաստան համահայկական հիմնադրամեի կամ Ցեղասպանութեան ոգեկոչական գաղութային մարմիններուն կը վերաբերի, ուր ներկայացուած կ՛ըլլան թէ՛ կուսակցութիւնները, թէ՛ յարանուանութիւնները եւ թէ՛ միութիւնները, այսուհանդերձ չեն ունենար ամբողջ գաղութին խնդիրները քննարկելու եւ այս պարագային գաղութին եւ աւելի ուշ Սփիւռքի խնդիրները Հայաստանի պետութեան հետ քննարկելու լիազօրութիւն: Իսկ այժմեան տրամաբանութեամբ` ոչ ալ հայրենական խնդիրներու քննարկումին սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնը ապահովելու: Թեման համեմատաբար թէժ կրակի վրայ դրուեցաւ վերջին շրջանին: Թէեւ պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ այդ մասին, սակայն սփիւռքեան շրջանակներ ներկայացուցչական մարմիններ յառաջացնելու քննարկումները աշխուժացուցին, երբ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն տակ հայկական կողմի ստորագրութեան ի տես` իրաւացի տագնապը ապրեցան համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ ներկայացուցչութեամբ հայոց պատմական իրաւունքներուն տէր կանգնելու: Մտահան չընենք այն փաստը, որ այսօր դասական Սփիւռքին առընթեր նոր Սփիւռք կայ ձեւաւորուած, որ նկատառելի համրանք է, որ եթէ չունի դասական Սփիւռքին կազմակերպուածութիւնը, այսուհանդերձ ունի իր իւրայատկութիւնները: Նոր Սփիւռքը որ ի՛ր ձեւերով հաղորդակցութեան մէջ է հայրենիքին հետ եւ մանաւանդ որուն քաղաքացին ալ է: Անպայման պէտք է վերյիշել նաեւ թրքական Սփիւռքը, զոր կառավարելու համար պաշտօնական Անգարան յոխորտաց, թէ յառաջացուցած է նախարարութեան լիազօրութիւններով օժտուած վարչութիւն, որուն գործառոյթները թուրք ազգաբնակչութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարիլն են: Այս բոլորը յայտարարուեցան, երբ կազմուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը: Արագ դատումներ պէտք չէ կատարել առաջադրուածին նկատմամբ: Յստակ է, որ առնուած քայլը կը միտի Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան դաշտը կանոնակարգելու եւ այդ ճամբով հայրենական հարցերուն Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը հաստատութեան հիմերու վրայ դնելու: Կը մնայ յստակացնել նաեւ այդ բոլոր մեքենականութիւններու ճշդման եւ ուղիներու հարթեցման աշխատանքներուն այժմէն իսկ սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն խիստ անհրաժեշտ մասնակցութեան եղանակը: Շահան Գանտահարեան ,Ազդակեի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ