2007-ի ընտրութիւններէն վերջ մահափորձ պիտի սարքուէր վարչապետ Էրտողանին դէմ


2007-ի ընտրութիւններէն վերջ մահափորձ պիտի սարքուէր վարչապետ Էրտողանին դէմ

  • 01-02-2011 16:02:48   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Էրկէնէքոնի ամբաստանեալներուն կապակցութեամբ ամէն օր նոր տուեալ մը հրապարակ կը քշուի ու այլեւս բաւական դժուարացած է հետեւիլ այս երկարող-գացող դատավարութեան ու մերկացումներու մանրամասնութիւններուն։ Դժուար է նաեւ հաւատալ բոլոր ըսուածներուն։ Որքա՞ն հաւաստի են այդ պնդումները, դժուար է գնահատել։ Այսօր ալ հրապարակուեցաւ ՄԻԹ-ի կողմէ 2007-ին պատրաստուած »անձի յատուկ« նօթագրութիւն մը, ուր կ’ըսուի որ 2007-ի ընտրութիւններէն վերջ մահափորձ պիտի սարքուէր Վարչապետ Էրտողանին դէմ։ Բարձրագոյն Ատեանի մէջ գործուած ոճրին ամբաստանեալներէն Զէքի Եուրտաքուլ Չաղման ու վաստակաւոր Հարիւրապետ Զէքէրիյա Էօզթիւրք այս նպատակով յարկաբաժին մըն ալ վարձեր են իսթանպուլի մէջ։ Մահափորձին թուականն իսկ ճշդուեր է։ 27 Յուլիս 2007։ 22 Յուլիսին ընտրութիւնները կայացած էին ու Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը 47 առ հարիւր քուէ ստանալով դարձեալ մնացած էր իշխանութեան գլուխը։ Ըստ ՄԻԹ-ի կողմէ պատրաստուած նօթագրութեան, մահափորձը ծրագրողները Սկիւտար, Քըսըքլը Պողոտային վրայ գետնայարկ մը վարձած էին շէնքի մը մէջ ուր Վարչապետ Էրտողանին ազգականները կը բնակէին։ Կէս գետնայարկ մըն էր այս, որուն պատէն ալ երկու աղիւս քակուած էր անյայտ նպատակով մը։ Այս նպատակով դրամական օժանդակութիւն կը կատարէր Մասլաքի պողոտային վրայ գործող 40-45 տարեկան գործարար մը։ Այս խմբակը հրահանգ կը ստանար վաստակաւոր Թուրք գնդապետէ մը որ այդ թուականին կ’ապրէր Պուլկարիոյ մէջ։ Այս գնդապետին անունը խառնուած է նաեւ Բարձրագոյն Ատեանի մէջ գործուած ոճրին։ Մամուլը այսօր հարց կուտայ թէ ո՞վ է Պուլկարիոյ մէջ ապրող այս վաստակաւոր Գնդապետը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը