Շարունակուեցաւ խօսքի ծանր մենամարտը Վարչապետ Էրտողանի ու Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի միջե


Շարունակուեցաւ խօսքի ծանր մենամարտը Վարչապետ Էրտողանի ու Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի միջե

  • 31-01-2011 17:56:29   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Շաբաթ եւ Կիրակի ամբողջ սաստկութեամբ շարունակուեցաւ խօսքի այն ծանր մենամարտը ոը յառաջ կը տարուի Վարչապետ Էրտողանի ու Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի միջեւ։ Քըլըճտարօղլու անցեալ օր նոր բառամթերքով բանավէճի մը ճամբայ բացաւ, երբ յայտարարեց թէ ժողովուրդը թաղ առ թաղ պէտք է դէմ գայ կառավարութեան։ Թաղ առ թաղ կառավարութեան դէմ գալու առաջարկը կը յիշեցնէր փողոցի ապստամբութեան ու պետական հարուածի գաղափարը։ Այս գաղափարէն մեկնելով Վարչապետ Էրտողան շատ խիստ պատասխանեց ու Քըլըճտարօղլուին հարց տուաւ թէ »ի՞նչ կը նշանակէ թաղ առ թաղ դիմադրել, դուք ժողովուրդը ապստամբութեա՞ն կը հրաւիրէք«։ Վարչապետը աւելցուց որ այսպիսի գրգռութիւն մը քաղաքական կուսակցութեան մը առաջնորդին վայել չէ, որովհետեւ ասիկա յելուզակութիւն է, աւազակութիւն։ Վարչապետը այստեղ գործածեց »էշքիյա« բառը, որուն դիմաց փոթորիկ պայթեցնելու կարգը եկաւ Քըլըճտարօղլուին։ Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետը փոխադարձելով պատասխանեց որ այսպիսի բառերով խօսելու ոճը Վարչապետ Էրտողանին անկ է, երբ ան կը խօսի, բերնէն փրփուր դուրս կուգայ, ինչ ըսելիքը չի գիտեր։ Այս նիւթը շատ լաւ նիւթ էր Վարչապետ Էրտողանին համար որ երէկ առիթը չփախցուց ու Տէնիզլիի մէջ, ուր գացած էր կրկին բազմաթիւ հաստատութիւններու հաւաքական բացումը ընելու համար, Քըլըճտարօղլու հասցէին նոր մարտահրաւէրներ ուղղեց։ »Ուր է, դուք կը քալէիք դէպի իշխանութի՞ւն։ Ուր է առաջին ընտրութեան դուք իշխանութիւն պիտի դառնայի՞ք։ Յելուզակութեան սէրը ո՞ւրկէ ելաւ հիմա։ Մէկը որ կը հաւատայ որ իշխանութեան գլուխ պիտի գայ, իր քուէներուն թիւը պիտի բարձրացնէ, կ’ելլէ ու կը գովէ՞ յելուզակութիւնը, ահաբեկչութիւնը, անիշխանութիւնը։ Ասոնք հանգուցեալ Ատնան Մէնտէրէսի շրջանին ալ ճիշդ այս բանը ըրին։ Որովհետեւ բնաւ չկրցան արժանանալ ժողովուրդին քուէներուն, փողոցի արարքներով միշտ քաջալերեցին պետական հարուածի կողմնակիցները, ծափահարեցին յեղափոխականները։ Փառք Աստուծոյ, իմ ժողովուրդը ասոնց նիշ չի տար«, ըսաւ Վարչապետը։ Էրտողան ըսաւ որ իր կառավարութիւնը անդադար նոր գործ կ’արտադրէ, մինչ դիմացինները սուտեր կը ստեղծեն ու զրպարտութիւններ կ’ընեն իշխանութեան հասցէին, իշխանութիւնը այժմ 74 միլիոն ժողովուրդին բարօրութեան ու եղբայրութեան համար աշխատանք կը տանի։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Քըլըճտարօղլուի այն պնդումին թէ ան 7 տարի կառավարեց Ընկերային Ապահովագրութեան Խորհուրդը )Սէ-Սէ-Քա_ եւ այդ շրջանին ո՛չ մէկը կրցաւ պնդել թէ ինք զեղծում ըրած է։ Էրտողան այդ ինքնագովութեան ալ դէմ եկաւ ու ըսաւ որ Սէ-Սէ-Քա հաստատութիւնը ամէնէն մեծ վնասներուն ենթարկուեցաւ Քըլըճտարօղլուի նախագահութեան շրջանին։ Վարչապետին ճառախօսութիւնը, որ ընտրական ճառախօսութեան կը նմանէր, վերջակէտ գտաւ խոստումով մը։ Վարչապետը խոստացաւ որ մօտ օրէն Տէնիզլին ալ նահանգ պիտի դառնայ։ »Եթէ կարենանք հասցնել, ընտրութենէն ալ առաջ Տէնիզլին նահանգ կը դարձնենք«, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան։ Քըլըճտարօղլու երէկ Օրտուի մէջ խօսելով կրկին պատասխանեց Վարչապետին Պուրտուրի ճառախօսութեան մէջ գործածուած յելուզակ բառին, ու ըսաւ որ Վարչապետը հայհոյած է իր հասցէին։ »Եթէ այսպէս շարունակէ, ես անոր բերնին »պիպէր« պիտի քսեմ«, ըսաւ Քըլըճտարօղլու, աւելցնելով որ ուրիշ ճար չունի, որովհետեւ Վարչապետի մը վայել չէ որ այսպէս խօսի։ »Բերանը կը բանայ հայհոյութի՛ւն, բերանը կը գոցէ, հայհոյութի՛ւն, ո՞ւրկէ ելաւ այս Վարչապետը, ժողովուրդին գլխուն փորձանք դարձաւ«, ըսաւ Քըլըճտարօղլու։ Վարչապետին դէմ երէկ խօսեցաւ նաեւ Մէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի որ Անթալիա գացած է։ Պահչէլի բաւական հեգնական ոճով հրեշտակի նմանցուց Վարչապետ Էրտողանը։ »Մեր յարգելի վարչապետը չի ստեր, մեր յարգելի վարչապետը չի զրպարտեր, մեր յարգելի վարչապետը ժողովուրդը չի խաբեր, մեր յարգելի վարչապետը ապօրինութիւն չունի, կաշառք չի ստանար, մեր յարգելի վարչապետը գրգռիչ քաղաքականութիւն չի մշակեր, մեր յարգելի վարչապետը կարծես հրեշտակ մըն է, այս պատճառաւ ալ կ’երեւի թէ մեր ժողովուրդը յառաջիկայ Յունիսի ընտրութիւններու ընթացքին զինքը դարձեալ ժողովուրդին պիտի վերադարձնէ«, ըսաւ Տէվլէթ Պահչէլի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը