Տեղի ունեցաւ Կոմիտասի կեանքին նուիրուած «Ինչո՞ւ...» կարճամէթրաժ ժապաւէնի կալա ցուցադրութիւնը


Տեղի ունեցաւ Կոմիտասի կեանքին նուիրուած «Ինչո՞ւ...» կարճամէթրաժ ժապաւէնի կալա ցուցադրութիւնը

  • 31-01-2011 17:53:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ գիշեր, Քիւլթիւր համալսարանի Ենի Պոսնայի «Աքըն Կիւչ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սայաթ Տաղլեանի կողմէ պատրաստուած եւ Կոմիտասի կեանքին նուիրուած «Ինչո՞ւ...» կարճամէթրաժ 18 վայրկեաննոց ժապաւէնի կալա ցուցադրութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պաքըրգիւղի Քաղաքապետը, Շիշլիի Փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, հրաւիրեալներ եւ արուեստասէրներ։ Բացման խօսքը արտասանեց թատրոնի յայտնի արուեստագէտ Նշան Շիրինեան, որմէ վերջ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան բաժիններ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ »Գուսան-2010« երգչախումբի մեկնաբանութեամբ երգուած Կոմիտասեան պատարագէն, խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ Էտվին Կալիպօղլուի։ Ներկաներ յուզումնախառն զգացումներով հետեւեցան այս սփռումին։ Յետոյ բեմը յանձնուեցաւ արժէքաւոր պարուսոյց Լեւոն Թապէրեանի մականին ներքեւ պատրաստուած պարախումբին, որու անդամները, Կոմիտասեան երաժշտութեան յուզիչ ելեւէջներու ներքեւ, անմահանուն վարդապետի կեանքը մարմնաւորեցին քանի մը բաժիններու մէջ. Չանքըրըէն տուն վերադարձ, կարօտ՝ անծանօթ մօր նկատմամբ, ընկերներու զօրակցութիւն, Էջմիածնի մէջ տարակարծութիւններ, երջանկութեան միւս անունը՝ Մարկրիթ Պապայեան, Չանքըրի ճամբան, գաղթի ճամբայ. Տօքթ. Վահրամ Թորգոմեանի հետ վիճաբանութիւններ, հաշուեյարդար, եւ եզրափակիչ պար։ Արժէքաւոր դերասան Շահան Սարըօղլու դաշնակի մօտ կը մարմնաւորէր Կոմիտաս Վարդապետը, իսկ Հերման Գարագաշլը նոյն կերպարը՝ խելագարութեան պահերուն։ Ցուցադրութեան միւս մասնակիցներն էին Սարեմ Կիւլէկէչ-Շէշէթեան, Մուրատ Փէյտնիրճի, Րաֆֆի Տէր Գէորգեան, Սարօ Ապալեան, Գլոտին Սարըպոյաճեան, Սէրլի Թաշճը-Թէքպըչաք, Գարոլին Սարըպօյաճեան-Մամիկոնեան, Արաս Ռիւսթէմօղլու, Մելիս Ատըեաման եւ Քէթրին Սարըպօյաճեան-Եանըքօղլու։ Յետոյ հայերէն եւ թրքերէն տողատակերով ներկայացուեցաւ »Ինչո՞ւ...« ժապաւէնը, որուն մէջ դեր ստանձնած էին մեր բեմերու սիրուած արուեստագէտներ։ Շահան Սարըօղլու տպաւորիչ խաղարկութեամբ եւ մեծ վարպետութեամբ մարմնաւորեց Կոմիտաս վարդապետը։ Միւս դերասաններն էին Հերման Օզինեան, Սէզէն Էնկիզ, Արտաշէս Քարթուն, Ժպիտ Էրտօղան, Պարթեւ Կարեան, Կարպիս Մանկեան, Եդուարդ Թովմասեան, Արթիւր Պաղտասարեան, Րաֆֆի Աշճը։ Երիտասարդ բեմադրիչը յաջողած էր Կոմիտասի կեանքը ցոլացնել իր ամենայատկանշական հանգրուաններով եւ տպաւորիչ տեսարաններով։ Ցուցադրութեան աւարտին Սայաթ Տաղլեան բեմ ելաւ ներկաներու գնահատալից ծափերու ներքեւ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր բոլոր աջակիցներուն եւ այս ձեռնարկի մասնակիցներուն, մասնաւորաբար համակարգող՝ Սօնա Մէնթէշէի, որ մեծ աւանդ ունէր այս գործի յաջողութեան մէջ, բեմերու սիրուած արուեստագիտուհի Անի Իփէքքայայի որ իր փորձառութիւններէն բաժին հանած էր այս աշխատանքներու իրականացման մէջ, բոլոր դերասաններուն եւ պարողներուն, որոնց միասնական աշխատանքով ի յայտ բերուած էր այս սքանչելի իրագործումը։ Աւարտին, ներկաներուն հրամցուեցաւ լիքէօր եւ տուրմ եւ անոնք անգամ մը եւս առիթն ունեցան շնորհաւորելու կազմակերպիչներն ու ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը