Ամերիկայի մէջ բեմադրուեցաւ Աթաթիւրքի եւ հայ գեղեցկուհիի սիրոյ պատմութիւնը


Ամերիկայի մէջ բեմադրուեցաւ Աթաթիւրքի եւ հայ գեղեցկուհիի սիրոյ պատմութիւնը

  • 31-01-2011 17:50:45   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ թուրք-ամերիկեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, բեմադրուեցաւ »Սիրել«, )Թու Լաւ_ անուն թատերախաղը, »Հերոսի տխուր սէրը« վէպի հիման վրայ։ Թատերախաղը կը ներկայացնէ 1920ականներուն Իսթանպուլի Իշխանաց կղզիներէն մէկուն մէջ ապրող հայ գեղեցկուհիի մը եւ Աթաթիւրքի միջեւ սիրոյ փոքրիկ պատմութիւն մը։ «Միլլիյէթ»ի մէջ հրատարակուած տեղեկատուութեան համաձայն, »Սիրել« թատերախաղը բեմադրուած է անգլերէնով։ Ինը ամերիկացի եւ 11 թուրք դերասաններով բեմադրուած թատերախաղը արժանացած է հանդիսականներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն։ «Հերոսի տխուր սէրը» վէպի հեղինակ Նէհիր Ռոկէնտօրֆ-Էյուպօղլու իր գիրքի մէջ ներկայացուցած է 1920ականներուն Մեծ կղզիի վրայ ապրող Հերմինէ անուն հայ աղջկայ մը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կերտիչ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի միջեւ սիրոյ փոքրիկ պատմութիւնը։ Ըստ թատերախաղին, Հերմինէ օր մը երազի մէջ կը տեսնէ որ իրեն ոսկեայ բանալի մը կուտան եւ ցոյց կուտան հեռուն երեւցող պալատ մը։ Հայ աղջնակը կը խորհի որ ասով պիտի իրականանայ իր երազանքը եւ պիտի հասնի Աթաթիւրքին։ Իր երազէն քանի մը օր վերջ Հերմինէ կը տեղեկանայ որ Աթաթիւրքը կղզի պիտի այցելէ եւ անոր ի պատիւ հաւաքոյթ մը պիտի կազմակերպուի։ Հայուհին կը յաջողի արտօնութիւն ստանալ իր մօրմէն եւ մասնակցիլ այդ հաւաքոյթին։ Հերմինէ որ իր գեղեցկութեամբ կը փայլէր հիւրերու միջեւ, կը գրաւէ Աթաթիւրքի ուշադրութիւնը եւ ան պարի կը հրաւիրէ զայն։ »Եթէ ընդունիք իմ պարի հրաւէրը, մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէք ինծի«, կ’ըսէ Աթաթիւրք։ Հերմինէ ամօթխածութեամբ կը պատասխանէ որ ինք բոլորովին պարել չի գիտեր։ »Ես կ’առաջնորդեմ քեզ«, կ’ըսէ Աթաթիւրք։ Պարի ընթացքին Աթաթիւրք կը հարցնէ թէ ի՞նչ է աղջկան անունը։ Հայուհին կը պատասխանէ «ՀերմինԵէ»։ Այդ ին՞չ տարօրինակ անուն է, կ’ըսէ Աթաթիւրք։ Իսկ Հերմինէն այդ պահուն կը նայի Աթաթիւրքի աչքերուն եւ կը պատասխանէ. «Հայկական անուն է»։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը