Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նոր Նախագահին հետ Վատիկանի մէջ<br />


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նոր Նախագահին հետ Վատիկանի մէջ

  • 29-01-2011 14:04:01   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 27 Յունուարին, Վատիկանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան ժողովին մասնակցող Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան (Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու), հանդիպում մը ունեցան Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նորանշանակ Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխի հետ։ Սրբազանները Կարտինալին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու մասնաւորաբար այս աստուածաբանական երկխօսութեան եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին առնչութեամբ ունեցած պատկերացումներն ու ակնկալութիւնները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ որ Կարտինալը աւելի մօտէն ծանօթանայ մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներուն վկայութեան ու ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Յայտնենք, թէ Հռոմի մէջ գտնուած օրերուն, Նարեկ Սրբազան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նախկին Նախագահ Կարտինալ Ուըլթըր Գասպարին եւ Եպիսկոպոսներու Կապի Նախագահ Կարտինալ Մարք Ուլէթի հետ ու անոնց փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները։ Սրբազանը նաեւ հարցազրոյցներ ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի եւ «Թելէ Փաչէ» հեռատեսիլի կայանին հետ։
  -   Մամլո հաղորդագրություն