«Հրանդ Տինքի Գործողութեան Գաղտնագիրերը» գրքի հեղինակը սկսած է սպառնալիքներ ստանալ


«Հրանդ Տինքի Գործողութեան Գաղտնագիրերը» գրքի հեղինակը սկսած է սպառնալիքներ ստանալ

  • 27-01-2011 21:43:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այս օրերուն շատ կը խօսուի »Պուկիւն« թերթի աշխատակից Ատէմ Եավուզ Ասլանի կողմէ գրուած ու հրապարակ հանուած գիրքին մասին, որուն խորագիրն է «Հայ մը կայ - Հրանդ Տինքի Գործողութեան Գաղտնագիրերը»։ Բայց այս գիրքին հրատարակուելէն ասդին հեղինակը սկսած է սպառնալիքներ ստանալ։ Այսօր ալ մամուլը կը հաղորդէ թէ գիրքին հեղինակին ղրկուեցաւ ծրար մը որուն մէջ կային գալաշնիքով հրացանի չորս փամփուշտներ ու Օկիւն Սամասթի կրած սպիտակ գդակին նման գդակ մը։ Այս ծրարը սպառնալիք մըն է որ կ’ըսէ. »Քեզ ալ կը զարնենք Հրանդ Տինքին նման«։ Ծրարը քննութեան առնուեցաւ ապահովութեան պաշտօնեաներուն կողմէ ու ստուգուեցաւ որ ան ղրկուած էր Եոզկատի »Եէրգէօյ« գաւառակէն։ Իբրեւ թէ ծրարը ղրկուած է Համիտէ Կիւլ Չաքըր անուն մէկու մը կողմէ, բայց ոստիկանութիւնը այսպիսի մէկը չկրցաւ գտնել։ Ոստիկանութիւնը ստուգեց նաեւ որ ծրարը ղրկող Գարկոյի ընկերութեան ապահովութեան քամէրան չէր աշխատեր։ Գիրքին հեղինակը, Եավուզ Ասլան ըսաւ. «Տարօրինակ է որ այս ծրարին ղրկուած օրը մենք ալ Ուքրայնոյ ճամբուն վրայ խօսած էինք Վարչապետ Էրտողանին հետ ու Վարչապետն ալ ընդունած էր որ թէեւ Տինքին վրայ կրակողը ձերբակալուած էր, բայց գործին հրամանատարները չէին գտնուած։ »Եթէ մէկը այս գիրքին հեղինակին կրցեր է փամփուշտ ու սպիտակ գդակ ղրկել, կը նշանակէ որ այս գիրքը իր պարտականութիւնը կատարեր է»։ Ասլան աւելցուց որ այսպիսի սպառնալիք մը ստանալը անշուշտ որ նեղացուցիչ է, գիտէ թէ այսպիսի սպառնալիք մը ինչ կը նշանակէ, բայց գիտէ նաեւ որ Աստուծոյ տուած հոգին միայն Աստուածն է որ կրնայ ետ առնել։ »Պետութիւնը, որ արդէն չկրցաւ պաշտպանել Տինքը, եթէ զիս ալ պիտի չկարենայ պաշտպանել, այդ պարագային ըսելիք բան չկայ«, ըսաւ Ասլան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը