Հականեխիչ միջոցներ` փտածութիւնը սանձելու


Հականեխիչ միջոցներ` փտածութիւնը սանձելու

  • 25-01-2011 14:06:04   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ռամկավար Մամուլ Յունուար 25, 2011 Ներհայաստանեան իրականութիւնը, պետական կառավարական ու դատաիրաւական մակարդակի վրայ, կը գտնուի, մեղմ ըսած, անբաղձալի եւ անհանդուրժելի վիճակի մը մէջ: Նորութիւն չէ ասիկա եւ առաջին անգամ չէ որ կ'անդրադառնանք այս տխուր երեւոյթին, ոչ ալ վերջինը կրնայ ըլլալ, այնքան ատեն որ կը շարունակուի այդ անկումային իրադրութիւնը, ատոր սուր արձագանգները գալով նոյնինքն հայաստանեան պաշտօնական աղբիւրներէ ու լրատու հաղորդամիջոցներէ: Կաշառակերութիւնը, սակաւապետութիւնը, հովանաւորչութիւնը, գողակերութիւնը եւ յարակից սանձարձակութիւնները ստեղծած են փտածութեան աշխարհ մը, մթնոլորտ մը, միջավայր մը: Չկարծուի թէ ասիկա միայն ներկայ իշխանութեան յատուկ է, ո՛չ, անիկա կար նաեւ նախորդ իշխանութիւններու օրօք, մասնաւորաբար Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին, որ եղաւ ,հարուստե` իր խայտաբղէտ նօրէնութիւններով եւ անարդարութիւններով: Հանգուցեալ վարչապետ Վազգէն Սարգսեան, նախքան անարգ ոճիրին զոհ երթալը, պաշտօնական առիթով մը, երբ այցելեց Ուաշինկթըն ու հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներու հետ, ահաւո՜ր բաներ լսեց Հայաստանի , քորափշընեի մասին, մանաւանդ յատենի փոխ-նախագահ Ալ Կորէն: Վերադառնալով Երեւան, կառավարական առաջին իսկ նիստին, ,բռնկիչե ելոյթ մը ունեցաւ որ բոլորին վերջնագիր տուաւ նման ,վարկաբեկիչ տարազումեէ մը ձերբազատելու երկիրը, սկսելով նախարարութեանց ու պետական կառոյցներէն մաքրագործումներ կատարելու սպառնալիքով: Պիտի չզարմանալ, որ ,բարեկարգումեի ձգտող վարչապետը, հաւանաբար զոհը դարձաւ նաեւ այդ առաջադրութեան, յետայնու, փտածութիւնը հասած ըլլալով իր գագաթնակէտին, նորանոր զարգացումներով, իւրացումներով եւ այլանդակութիւններով, առանց դոյզն զսպումներու ու պատժամիջոցներու, որովհետեւ պետական-դատական համակարգերը, առնուազն, մնացին ձեռնունայն, չըսելու համար… մեղսակից: Կարելի՞ է մոռնալ այն ցաւալի միջադէպը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքամայր Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ, երբ Ռոպերթ Քոչարեան, ընկերակցութեամբ հանրածանօթ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կ'այցելէր հոն, եւ ուր կը գտնուէր ոմն Պօղոս Պօղոսեան մը (եթէ անուն-մականունը ճիշդ կը յիշեմ), սակայն, նախագահին ,ածիլած գլուխե - թիկնապահներու անխնայ ծեծին տակ կը սպաննուէր (…զուգարանին մէջ), որովհետեւ համարձակած էր մօտենալ նախագահական թափօրին: Համատարած զայրոյթ ու ցասում պատճառած հրապարակային ոճիրին պատասխանատուները պատժուեցա՞ն, դատուեցա՞ն, պաշտօնազրկուեցա՞ն: Միամիտ ըլլալու է կարծել թէ նման բան կատարուեցաւ, մինչ Պրն. նախագահը չբարեհաճեցաւ ծպտուն իսկ հանել, երբ իր սահմանադրական, քաղաքացիական ու մարդկային պարտաւորութիւնն էր հետապնդելու հարցը եւ արդարութիւն տալու: Միւս կողմէ, սակայն, նոյն Քոչարեանը, առիթ չէր փախցներ նախարար փոխարինելու (հրաժարեցնելու) կամ պետական բարձրադիր պաշտօնեայ ճամբելու (պաշտօնազրկելու), երբ իր , խոշեին չգար անոր դէմքը կամ գործը: Ճիշդ այս եւ այլ պատճառներով, առաւել` բռնապետական արարքներու եւ ոխակալական վարքագիծի շարունակումով, Քոչարեանի ժամանակաշրջանը եղաւ տխրայուշ հանգրուանի մը սեւ էջը, որուն մօտիկ թէ հեռաւոր պատմութիւնը պիտի արձանագրէ (պէ՛տք է արձանագրէ), արժանի եւ անաչառ գնահատական տալով: Այս անխուսափելի անդրադարձ-մտորումը ունեցանք, ի լուր վերջերս կատարուած երկու ուշագրաւ եղելոյթներու. ա. Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի խուլիգանական բռնարարքը, խոշտանգելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի մէկ պատասխանատուն, ,վրէժխնդիրե ըլլալու համար իր կնոջ դէմ ցուցաբերուած (՞) վիրաւորանքին, քանի որ անիկա համարձակած է (եղե՜ր) իր կնոջ ըսելու թէ` երգարուեստի ձեռնարկի մը ընթացքին չէր կրնար նստիլ նախագահին կից աթոռի մը վրայ (ըստ արարողակարգի սովորութեան): Որո՞ւն ծանօթ չէր որ քաղաքապետը , խաս-խասե մարդն էր նախագահին, հաւատարիմն ու կուսակիցը: Թերեւս այդ ,ուժնե ալ իրեն… իրաւունք տուած էր (կու տայ) ամէն մարդու հետ վերաբերուիլ այդ ոճով: Նախագահ Սարգսեան ըմբռնելով գայթակղութեան լրջութիւնն ու վտանգաւորութիւնը, իր նախորդէն աւելի ճկուն ու ճարպիկ դուրս եկաւ, ,զոհելուե իր հովանաւորեալը, պահանջելով անոր հրաժարականը: Այս ձեւով, նախ` արդարութիւն մատուցելով, ապա` իր հեղինակութիւնը u1411 .րկելով: բ. Նախագահ Սարգսեան պաշտօնազրկեց արդարադատութեան նախարարը եւ իր անձնակազմի գլխաւոր հաշուապահը, որոնցմէ առաջինը ,անգոհացուցիչե գործունէութիւն ունեցած է, իսկ երկրորդը` ,անպարկեշտե (այս վերջինը տակաւին Քոչարեանի շրջանէն ի վեր): Ուշացած բայց ոչ ուշ կտրուկ միջոցառումներ, սակայն հարցը այն է, որ այս ուղղութեամբ կա՞յ յստակ ու թափանցիկ քաղաքականութեան ուղեգիծ մը (փլաթֆորմ), թէ՞` պարագայական է, նկատի ունենալով որ օրուան իշխանութիւնները, ի դէմս ,աչք ծակողե այս անհարթութիւններուն, այլընտրանք չեն տեսներ, բացի ,բարի վարուցե վկայագիրներ բաշխելու (կամ յանձնելու): Ո՞վ կրնայ համաձայն չգտնուիլ հատու միջամտութիւններուն, ուր ,մտրակեի քաղաքականութիւնը, անյետաձգելիօրէ՛ն, հրամայականութիւն է, օրէնքը բոլորին համար գործադրելի ըլլալով: Իսկ ովքե՞ր պիտի տան ատոր ապացոյցը, օրինակ, երբ հարկը պահանջէ, պահը հասնի, ժամը հնչէ, փոխանակ սպասելու ,դանակը ոսկորին հասնելուեն, մանաւանդ երբ երկրի ղեկավարական եւ աւագանիական ընտրանիին մէջ կը պատահին անոնք: Պէտք է տեսնել, ընդունի՛լ, թէ ներհայաստանեան դրուածքին մէջ, կայ, կը գոյատեւէ վատառողջ մտայնութիւն-գործելաձեւ մը, որ ամենէն աւելի կը վնասէ պետական շահերուն ու պետականութիւն հասկացողութեան: Վազգէն Սարգսեան չկրցաւ երազուած ,բարեկարգումեը կատարել (չձգեցի՛ն), հիմա Սերժ Սարգսեան առած է դողդոջուն, բայց յուսադրիչ քայլ մը, որ պէտք է արդիւնաւորուի, ամրագրուի ու հիմնաւորուի, հականեխիչ բոլոր միջոցները ի գործ դնելով: ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Պէյրութ, Լիբանան
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը