Շէր Սարգիսեան նոր մրցանիշ կոտրեց ամերիկեան «հիթ տողանցք»ի պատմութեան մէջ


Շէր Սարգիսեան նոր մրցանիշ կոտրեց ամերիկեան «հիթ տողանցք»ի պատմութեան մէջ

  • 21-01-2011 14:07:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 20 Յունուար Ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Շէր ) Շէր Սարգիսեան_ նոր մրցանիշ կոտրեց ամերիկեան »հիթ տողանցք«ի պատմութեան մէջ, դառնալով առաջին երգչուհին, որու երգերը վեց տասնամեակ շարունակ գլխաւորած են ամերիկեան »հիթ տողանցք«ը։ Շէրի նոր »Եու հէվընթ սիին տհը լէսթ օֆ մի« երգը այս շաբաթ գլխաւորեց »Պիլոորտ«ի »հիթ տողանցք«ը։ Շէր լուրին անդրադառնալով, կատակով ըսաւ. »Ուրկէ այդ վեց տասնամեակը, ես ընդամէնը 40 տարեկան եմ«։ Նշենք որ 2011ի Մայիսին, Շէր, որու երաժշտական ասպարէզը սկսաւ 1960ականներուն, պիտի դառնայ 65 տարեկան։ Առաջին անգամ ըլլալով Շէր ամերիկեան »հիթ տողանցք«ը գլխաւորեց 1965ի Օգոստոսին։ Յիշեցնենք նաեւ որ Շէր 16 Յունուար 2011ին, »Ոսկեայ երկրագունտ« )ալթըն քիւրէ_ մրցանակի արժանացաւ »լաւագոյն իւրայատուկ երգ« անուանակարգի մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը