Թուրք մամուլը կ’ընդգծէ թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան գաղտնի ծալքերը տակաւին չեն լուսաբանուած


Թուրք մամուլը կ’ընդգծէ թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան գաղտնի ծալքերը տակաւին չեն լուսաբանուած

  • 19-01-2011 19:47:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հրանդ Տինքի սպանութիւնը այսօր կը լրացնէ չորրորդ տարին ու թուրք մամուլը այսօր ալ կ’ընդգծէ թէ այս սպանութեան գաղտնի ծալքերը տակաւին չեն լուսաբանուած։ Մինչ Հրանդ Տինքի բարեկամները սպանութեան այս տարելիցը այսօր պիտի նշեն ամենուրեք, շեշտը անգամ մը եւս պիտի դրուի սպանութեան հետ կապուած մանրամասնութիւններու ու Օկիւն Սամասթի ետին թաքնուած պատասխանատու անձերու վրայ։ »Ենի Շաֆաք« թերթի մէջ Ապտիւլգատիր Սէրվի դիտել կուտայ որ եթէ Իրաւագիտութեան Ֆաքիւլթէի մէջ հաստատուի դասընթացք մը այն մասին թէ »ի՞նչպէս կարելի է չլուսաբանել ոճրի մը մանրամանսութիւնները«, կարելի է իբր օրինակ ցոյց տալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Դարձեալ եթէ Ոստիկանական Ակադեմիայի մէջ հաստատուի դասընթացք մը այն մասին թէ »Ինչպէ՞ս կարելի է արգելք չըլլալ ոճրի մը գործադրութեան«, դարձեալ կարելի է իբր օրինակ ցոյց տալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Որքան որ ալ շրջանի Ապահովութեան Տնօրէն Ճէլալէտտին Ճէրրահ այդ օրերու կրցած էր ըսել որ ոճրագործը այս սպանդը կատարած էր ազգայնապաշտ զգացումներէ մեկնելով, եւ որքան ալ այդ շրջանի ոստիկանապետ Հանէֆի Ավճը ըսած ըլլայ որ այս ոճիրը իր բոլոր մանրամասնութիւններով լուսաբանուած է ու մութ որեւէ կէտ չէ մնացած, իրողութիւնն այն է որ տակաւին բազմաթիւ հարցումներ իրենց պատասխանը չեն ստացած այս խնդրին մէջ։ Որովհետեւ հետաքրքրական է այն պնդումը թէ Օկիւն Սամասթ այդ օր իր ոճիրը գործելէ վերջ ամէն միջոցի դիմեց որպէսզի ժամ առաջ ձերբակալուի, իր ճերմակ գդակն անգամ գլխէն չհանեց որպէսզի զինքը ճանչնան ու ձերբակալեն։ Հետաքրքրական է որ ան գոհունակութիւն յայտնեց ձերբակալուելուն համար, որովհետեւ եթէ չձերբակալուէր, զինքը պիտի սպաննէին։ Այս բոլորը ցոյց կուտան որ Օկիւն Սամասթը այս ոճիրը գործած էր ո՛չ թէ ազգայնապաշտ զգացումներու ազդեցութեան տակ, այլ անոր համար որ իր ետին կանոնաւոր կազմակերպութիւն մը կար։ Եւ Սամասթ մէկն էր որ շատ բան գիտէր այդ կազմակերպութեան մասին ու կը վախնար որ զինքը պիտի սպաննէին։ Արդարեւ Սամասթ ոճիրէն վերջ ոստիկաններուն ու զինուորներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ հերոսներու նման ու նկարուեցաւ թրքական դրօշակի առջեւ։ Միայն ճակտէն համբուիրուիլը պակաս մնացած էր ոճիրէն վերջ։ Մանաւանդ որ ամէն մարդ համոզուեցաւ այլեւս որ այս ոճիրը գաղտնիք մը չէր ու վեց ամիս առաջուց շատեր գիտէին թէ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուէր։ Շատեր այսօր այլեւս վստահ գիտեն թէ ոճիրէն առաջ ոմանք զէնքը դրին Սամասթին գրպանին մէջ ու համբուրելով զինքը ղրկեցին Իսթանպուլ։ Հիմա հետաքրքրական է սպասել որպէսզի տեսնուի թէ տակաւին ինչ մանրամասնութիւններ պիտի յայտնաբերուին այս խնդրին մէջ։ Մէհմէտ Ալի Պիրանտն ալ այսօր այս մասին գրողներէն մէկն է։ Պիրանտ կը գրէ որ այլեւս ժամանակը եկած է որ այս հարցին մութ կողմերը լուսաբանուին։ Ամէն մարդ գիտէ որ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ որովհետեւ հայ էր, շատեր գիտէին որ պիտի սպաննուի, բայց արգելք չեղան որովհետեւ ան հայկական ծագում ունէր, կը գրէ Պիրանտ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը