Յարութ Սասուեան. Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութեան Մասին Նշանաւոր Փորձագէտի Վերջին Խօսքերը` Թուրքիոյ


Յարութ Սասուեան. Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութեան Մասին Նշանաւոր Փորձագէտի Վերջին Խօսքերը` Թուրքիոյ

  • 24-09-2013 09:07:56   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մօտենալուն զուգընթաց կ’աճի հասարակական հետաքրքրութիւնը Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու հարցով:
Միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Եուրի Բարսեղով այս ոլորտի յառաջադէմ փորձագէտներէն մէկն է, որ բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ գրած է հայկական պահանջատիրութեան մասին: 2008 թուականին, իր մահէն օրեր առաջ, Մոսկուայէն փրոֆեսէօր Բարսեղով իր` «Յանցագործութեան համար պատասխանատուութեան կանչելու ուղիներու եւ եղանակներու մասին» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ համառօտ կերպով շարադրած է Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու հիմքերը:
Տոքթ. Բարսեղով կը պնդէր, որ 1920 թ. «Օսմանեան կայսրութիւնը ճանչցաւ այդ յանցագործութեան համար իր պատասխանատուութիւնը»` ստորագրելով Սեւրի պայմանագիրը, որ, ցաւօք, չվաւերացուեցաւ Դաշնակից տէրութիւններուն կողմէն Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու դժկամութեան պատճառով: Այդ ժամանակէն ի վեր, հակառակ անոր որ բազմաթիւ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, փրոֆ. Բարսեղովի կարծիքով նման ճանաչումներ «չեն լուծեր [Թուրքիոյ] պատասխանատուութեան խնդիրը»:
Փրոֆ. Բարսեղով կը պնդէր, որ` «քանի դեռ Թուրքիան յամառօրէն կը շարունակէ հրաժարիլ ընդունելու, որ յանցագործութիւն կատարուած է, Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան հարցը անհրաժեշտ է լուծել իրաւասու միջազգային մարմիններու միջոցով` նման որոշումներ պարտադիր դարձնելով երկու կողմերու [Հայաստան եւ Թուրքիա] համար»:
Տոքթ. Բարսեղով չէր հաւատար, որ ՄԱԿ-ը լաւագոյն միջոցն է Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծման համար, քանի որ ան շատ քաղաքականացուած մարմին է: «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումները պարտադիր չեն համարուիր», իսկ  մեծ պետութիւնները, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներն ու Մեծ Բրիտանիան, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հաւանաբար կ’օգտագործեն վեթոյի իրենց իրաւունքը` Թուրքիոյ դէմ որեւէ գործողութիւն արգելափակելու համար: Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կանոնադրութեան հիման վրայ դատական գործի նախաձեռնելու խնդիրը այն է, որ Հայաստան եւ Թուրքիա պէտք է նախօրօք համաձայնին` ենթարկուելու դատարանի որոշումներուն: Այս երկիրներէն որեւէ  մէկը դեռ չէ ընդունած Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր իրաւազօրութիւնը: Քանի որ Թուրքիան, ամենայն հաւանականութեամբ, չի համաձայնիր նման իրաւազօրութեան ենթարկուելու, տոքթ.  Բարսեղով առաջարկած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, օգտուի «եզակի հնարաւորութենէն»` միակողմանիօրէն Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ պատասխանատուութեան վերաբերեալ գործ յարուցել` «ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ անոր համար պատժելու մասին համաձայնագրի 9-րդ յօդուածին հիման վրայ»:
Տոքթ. Բարսեղով ափսոսանք յայտնած էր, որ որեւէ պատասխան չէ ստացած Հայաստանի կառավարութենէն, երբ քանի մը տարի առաջ այս հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ հայերու միութեան Միջազգային իրաւունքի եւ քաղաքագիտութեան հայկական հիմնարկը, զոր կը ղեկավարէր ան, ուսումնասիրութիւն ներկայացուցած էր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանին:
Տոքթ. Բարսեղով բացատրած էր, որ` «այս դատական ընթացակարգով [յօդուած 9] գործ սկսելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ձեւակերպէ իր դիրքորոշումը համաձայնագիրի մեկնաբանման, կիրարկման կամ իրականացման հարցերուն վերաբերեալ, անոր հիման վրայ թրքական պետութեան կողմէն կատարուած յանցագործութեան պատասխանատւութեան հարցին առնչութեամբ»:
Փրոֆ. Բարսեղով նախազգուշացուցած էր հայ պաշտօնեաները, որ` «միջազգային իրաւունքի մէջ կը գործէ այն դրոյթը, որ հաստատուած է Միջազգային դատարանի կողմէն այլ դէպքերով, ըստ որուն, եթէ պետութիւն մը հայց ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունի, սակայն չ՛ըներ այդ, կը նշանակէ, որ ան համաձայն է գոյութիւն ունեցող իրավիճակին հետ»:
Տոքթ. Բարսեղով կը փորձէր փարատել հայկական այն հնարաւոր մտավախութիւնը, որ Միջազգային դատարանը կրնայ առարկել նման գործ ներկայացնելու համար` առնչուած Ցեղասպանութեան համաձայնագրի յետադարձ գործողութեան հարցերուն հետ: Ան խոր համոզում յայտնած էր, որ համաձայնագիրը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, հակառակ որ ան նախորդած է համաձայնագրին: Միջազգային դատարանը 1951-ին իր Խորհդատուական եզրակացութեան մէջ նշած էր. «Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրի մէջ ամրագրուած սկզբունքները, ի տարբերութիւն անոր մէջ սահմանուած պայմանագրային պարտաւորութիւններու, այդ սարսափելի յանցագործութիւններու կատարման ժամանակ արդէն իսկ սովորութային միջազգային իրաւունքի մաս կը կազմէին»:
Փրոֆ. Բարսեղով նշած է, որ համաձայնագիրի յետադարձ ուժը հիմնաւորող  փաստարկները կ՛արծարծուին Միջազգային դատարանի կողմէն, որ` «երկու անգամ իրաւասու, սպառիչ բացատրութիւններ տուած է համաձայնագրի կիրառելիութեան սկզբունքային, հիմնական հարցերուն, ինչպէս նաեւ` անոր յետադարձ ուժին վերաբերեալ»: Փրոֆ. Բարսեղով այս կանոններուն հիման վրայ եզրակացուցած է. «Համաձայնագիրը կը տարածուի նաեւ նախապէս կատարուած յանցագործութիւններուն վրայ, որոնց հետեւանքները վերացուած չեն»:
Ինչպէս յայտարարուեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած համաժողովի մը ժամանակ, Հայաստանի կառավարութիւնը ձեւաւորած է աշխատանքային խումբ` պատրաստելու համար թղթածրար, որով Թուրքիոյ դէմ հայց պիտի ներկայացուի միջազգային դատարաններուն: Փրոֆ. Բարսեղովի եւ այլ մասնագէտներու խորհուրդը պէտք է երաշխաւորէ, որ դատական գործը պատշաճ կերպով նախապատրաստուած է եւ ներկայացուած, որպէսզի ձեռք բերուի երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած արդարութիւն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն համար:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ