ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիոյ Անպարկեշտ Սպառնալիքը Սուրիոյ` Հնագոյն Գերեզմանի Մը Հարցով


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիոյ Անպարկեշտ Սպառնալիքը Սուրիոյ` Հնագոյն Գերեզմանի Մը Հարցով

  • 21-03-2014 10:21:37   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի սպառնալիքը, որ վրէժ պիտի լուծէ Սուրիոյ մէջ ոեւէ մէկէն, որ կը յանդգնի վնասել Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր, Օսմանի մեծ հայր` Սուլէյման շահի դամբարանը, թրքական կառավարութեան կեղծաւորութեան վերջին դրսեւորումն է:
Ահա երկիր մը, որ ցեղասպանութեան ենթարկած է իր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակները (հայեր, ասորիներ եւ յոյներ), բռնագրաւած է անոնց ունեցուածքը, զաւթած անոնց հողերը, աւերած հազարաւոր եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ եւ մշակութային յուշարձաններ, եւ տակաւին կը յանդգնի զգուշացնելու սուրիացիները` նախքան հնագոյն օսմանեան գերեզմանի մը որեւէ վնաս հասցնելը:
Թէեւ ամէն մարդու գերեզման արժանի է պաշտպանութեան եւ յարգալից վերաբերմունքի, սակայն Տաւութօղլուի սպառնալիքը անհիմ արդարացում է Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար: Ճակատագիրի հեգնանքով, Սուլէյման շահի գերեզմանը կը գտնուի այնպիսի տարածքի մը մէջ, որ կը վերահսկուի ոչ թէ սուրիական կառավարութեան, այլ «Քայիտա»-ի ժիհատականներու եւ այլ ապստամբ խումբերու կողմէ, որոնց կ’օգնէ եւ կը զինէ Թուրքիան` Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու համար: «Քայիտա»-ի զինեալները, որոնք օսմանեան դամբարանի տարածքին բախումի մէջ են հակակառավարական այլ խմբաւորումներու հետ, իրենք է, որ կ’ոչնչացնեն գերեզմանները, քանի որ արմատական իսլամականները կը կարծեն, թէ շիրիմներու պաշտամունքը կռապաշտութիւն է:
Սուրիոյ մէջ գտնուող հողատարածքը, ուր Սուլէյման շահի դամբարանը կայ, Թուրքիոյ կողմէ կը նկատուի ինքնիշխան թրքական տարածք, համաձայն 1921 թուականի Անգարայի պայմանագիրին` ստորագրուած  Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, որ այդ ժամանակ գրաւած էր Սուրիան: Ըստ այդ պայմանագիրին, Թուրքիան իրաւունք ունէր այդ վայրին մէջ պահակախումբ տեղակայել եւ բարձրացնել իր դրօշը: 1921 թուականէն սկսեալ երկու տասնեակ թուրք զինուորականներ շուրջօրեայ դրութեամբ կը հսկեն դամբարանը:
Անգարայի պայմանագիրի 9-րդ յօդուածով Թուրքիոյ յատկացուած է 8000 քառ. մեթր մակերեսով սուրիական տարածք` թուրք-սուրիական սահմանէն 80 քմ. դէպի հարաւ: Երբ 1974 թուականին գերեզմանի շրջակայ տարածքը ողողուեցաւ նորակառոյց ˂Ասատ˃ լիճի ջուրերով, գերեզմանը տեղափոխուեցաւ Թուրքիոյ սահմանէն 35 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող այլ  վայր մը: Հակառակ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն` Թուրքիան կը շարունակէր իր զօրախումբը պահել գերեզմանին մօտ:
Թուրքիոյ այս հինաւուրց վայրին նկատմամբ տարածքային իրաւունքներ տալու փոխարէն՝ Ֆրանսան ձեռք բերաւ շարք մը տնտեսական զիջումներ, որոնց շարքին` իրաւունք, որով ֆրանսական ընկերութիւնները կարենան տնօրինել երկաթուղային երթեւեկութիւնը թրքական տարածքին մէջ եւ շահագործել երկաթի, քրոմի ու արծաթի հանքավայրերը յառաջիկայ 99 տարիներուն: Այս վիճելի փոխզիջումը օրինական չի կրնար նկատուիլ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ, քանի որ գաղութարար պետութիւնը կը փոխանակէ ուրիշի մը տարածքը:
1921 թուականի պայմանագիրով նաեւ սահմանուած էր «յատուկ վարչակարգ» Ալեքսանտրեթի շրջանին մէջ ապրող թուրքերու համար, որ ֆրանսական հովանաւորութեան տակ գտնուող սուրիական տարածք էր: 1939 թուականին Ալեքսանտրեթը ամբողջութեամբ անջատուեցաւ Սուրիայէն եւ պաշտօնապէս կցուեցաւ Թուրքիոյ՝ իբրեւ Հաթայի գաւառ: 1946 թուականին Ֆրանսայէն իր անկախութիւնը ձեռք բերելէն ետք Սուրիոյ կառավարութիւնը ճանչցաւ Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը այն տարածքին առնչութեամբ, ուր կը գտնուի Սուլէյման շահի դամբարանը, սակայն երբեք չընդունեց Ալեքսանտրեթի յանձնումը Թուրքիոյ:
Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն անցեալ ուրբաթ Վան քաղաքի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ որեւէ յարձակում Սուրիոյ մէջ գտնուող օսմանեան ժամանակաշրջանի գերեզմանին վրայ «[սուրիական] վարչակազմի, արմատական խումբերու կամ ոեւէ այլ մէկու կողմէ, պիտի արժանանայ Թուրքիոյ հակայարձակումին: Իր ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար Թուրքիան առանց վարանելու պիտի ձեռնարկէ բոլոր կարելի միջոցներու…. Ներկայիս որեւէ վտանգ չկայ մեր տարածքներուն [գերեզմանը Սուրիոյ մէջ է] եւ զինուորներու վրայ յարձակելու, սակայն մենք պատրաստ ենք ամէն քայլի՝ սպառնալիքի առկայութեան պարագային: Թրքական հասարակութիւնը կասկածի նշոյլ անգամ պէտք չէ ունենայ այս առումով»: Մինչդեռ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, գլխաւոր սպայակոյտի եւ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան պաշտօնեաները մարտ 13-ին հանդիպած են, որպէսզի քննարկեն շահի գերեզմանի անվտանգութեան հարցը: Թէեւ Տաւութօղլու չէ յստակեցուցած, թէ Թուրքիան ինչ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ, սակայն թրքական լրատուամիջոցները կ’ենթադրեն, որ ան կրնայ յաւելեալ զօրքեր ուղարկել իրենց պաշտամունքի վայրը հսկելու համար:
Իմ կարծիքովս, Տաւութօղլուի սպառնալիքը պարզապէս Սուրիոյ դէմ սուր ճօճելու փորձ մըն է` շեղելու թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց եւ հաւանական յանցաւոր վարքագիծէն, Թուրքիոյ մէջ մարտ 30ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախաշեմին:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց` «Եռագոյն» կայքը
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ