ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Յունաստան Երրորդ Երկիրն Է, Որ Կը Քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Յունաստան Երրորդ Երկիրն Է, Որ Կը Քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

  • 20-09-2014 18:39:08   | ԱՄՆ  |  
Մինչ Թուրքիան ճնշում կը գործադրէր Ֆրանսայի նախագահին վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին չաջակցելու համար, այժմ ստիպուած է պայքարելու այլ երկիրի մը՝ Յունաստանի դէմ, որ քանի մը օր առաջ օրէնք ընդունեց՝ անօրինական համարելով ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Յունաստան երրորդ երկիրն է Եւրոպայի մէջ՝ Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք, որ նման օրէնք կ՛ընդունի: Զուիցերիական օրէնքը, սակայն, կը քննուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ (ՄԻԵԴ)՝ թուրք ամբաստանեալին խօսքի ազատութեան խախտման համար:
 
Ֆրանսայի խորհրդարանը (2011) եւ Ծերակոյտը (2012) ընդունած են Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նմանատիպ օրէնք մը, զոր Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը չեղեալ համարեց: Մերժուած օրէնքին փոխարէն, ֆրանսացի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ անցեալ շաբաթ նոր օրինագիծ մը ներկայացուց խորհրդարանին։ Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ նոյնպէս խոստացած է աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքին:
 
Հակառակ Եւրոպայի մէջ նման օրէնքներու վերաբերեալ իրաւական անորոշութեան, Յունաստանի խորհրդարանը Սեպտեմբեր 9ին, ձայներու 54 կողմ եւ 42 դէմ յարաբերակցութեամբ այլատեացութեան դէմ քրէական օրէնք ընդունեց՝ պայքարելով խտրականութեան, այլատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ՝ անօրինական դարձնելով ժխտումը Հրէական Ողջակիզման եւ միւս ցեղասպանութիւններուն, որոնք ճանչցուած են միջազգային դատարաններու կամ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ, այսինքն՝ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը, Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս օրէնքը խախտողները կրնան տուգանուիլ մինչեւ 30 հազար եուրոյի չափով եւ ազատազրկուիլ մինչեւ երեք տարի ժամկէտով:
 
Յունաստանի օրէնքը կը բխի Եւրոմիութեան 2008 թուականի «Ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ պայքարի շրջանակային որոշում»էն, որ կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան պետութիւններուն օրէնքներ ընդունելու՝ ցեղապաշտութիւնը, այլատեացութիւնը, ցեղասպանութեան ժխտումը, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները եւ ռազմական յանցագործութիւնները պատժելու համար։
Անակնկալի գալով՝ թուրք պաշտօնեաները եւ ատրպէյճանցի քարոզիչները հակասական յայտարարութիւններ կատարեցին յունական օրէնքին վերաբերեալ: Նախ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց յունական օրէնքը՝ պնդելով, թէ «անիկա կը հակասէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ խօսքի ազատութեան»: Սակայն շուտով արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակասեց ինքզինք եւ յոյս յայտնեց, որ յունական նոր օրէնքը օգնէ պաշտպանելու Յունաստան ապրող թուրքերու իրաւունքները… Պէտք է նշել, որ Յունաստանը այս օրէնքը ընդունեց հակառակ անոր, որ Սեպտեմբեր 5ին Ուելզի մէջ կայացած ՆԱԹՕի գագաթնաժողովին, նախագահ Էրտողան զգուշացուցած էր Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասը, որ վճռականօրէն պատասխանած էր Թուրքիոյ նախագահին, թէ յունական օրէնքը չի հակասեր միջազգային օրէնքին… Նմանապէս, Էրտողան նախազգուշացուցած էր Ֆրանսայի նախագահը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ նոր օրէնքի ընդունում պիտի բարդացնէ իրենց երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:
 
Ատրպէյճանցի մեկնաբանները նոյնպէս իրարամերժ պնդումներ կատարեցին, հակառակ անոր, որ յունական օրէնքը որեւէ կերպ չ՛առնչուիր Ատրպէյճանի հետ: Ատրպէյճանցի գրող մը անգամ մը պնդած էր, թէ յունական օրէնքը չէ յիշատակած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թէ Յունաստանի խորհրդարանը երբե՛ք չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բնականաբար, այս երկու պնդումները ամբողջութեամբ սուտ են: Ակնյայտ է, որ այս ատրպէյճանցի գրողը կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր, որ Յունաստանի խորհրդարանը 1996ի Ապրիլ 25ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 1996ի Յուլիս 10ին, նախագահ Կոնստանտինոս Ստեֆանոպուլոսը հրամանագիր ստորագրած է՝ Ապրիլ 24ը սահմանելով «Թուրքիոյ կողմէ՝ Հայերու Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:
 
Միւս ատրպէյճանցին՝ Վ. Սէյիտով, ոչ միայն ընդունած է, որ յունական օրէնքը կ՛ընդգրկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ աւելցուցած է, թէ յունական ոստիկանութիւնը չի համարձակիր ձերբակալել զինք, երբ ան, ինչպէս ծրագրած է՝ Աթէնքի մէջ յայտարարէ, որ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն չէ»… Եթէ Սէյիտով համարձակի իրականացնել իր սուտը, ապա կը մնայ տեսնել, թէ ինչպէս ան կա՛մ պիտի յայտնուի յունական բանտի մէջ, կա՛մ «հերոս» պիտի հռչակուի ժխտողական քաղաքականութիւն վարող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ ՄԻԵԴի վերջնական վճիռին համաձայն:
 
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ խորհրդարանը բարձր գնահատած են Յունաստանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքի ընդունումը: Սակայն, ճիշդ ժամանակն է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը պաշտօնապէս ճանչնայ յոյներու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Նախապէս այս ուղղութեամբ ջանքերը անյայտ եւ անհասկանալի պատճառներով մերժուեցան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ…
 
Սեպտեմբեր 22ին նախատեսուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիպումը Յունաստանի վարչապետ Սամարասի հետ, Աթէնքի մէջ. հանդիպման ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ վեհափառը իր երախտագիտութիւնը յայտնէ Յունաստանի կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ օրէնքի ընդունման համար:
 
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին, շատ նպաստաւոր պիտի ըլլայ, եթէ ՄԻԵԴը չեղեալ համարէ Զուիցերիական օրէնքին վերաբերեալ նախապէս կայացուցած իր վճիռը, իսկ եթէ Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրէնք մը ընդունի, ապա ճանապարհ պիտի հարթէ այլ եւրոպական երկիրներու համար՝ հետեւելու իր օրինակին:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -