ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՈԼԻ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՍՏՐԿԱՑՈՒՑԻՉ ԱՊՕՐԻՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ <br /> (90-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ)


ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՈԼԻ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՍՏՐԿԱՑՈՒՑԻՉ ԱՊՕՐԻՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ
(90-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ)

  • 14-01-2011 16:41:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքերուն հետ բանակցութիւններ վարելու համար, Նոյեմբեր 24-ին Ալեքսանդրապոլ կը հասնի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, հետեւեալ կազմով. ,Ալ. Խատիսեան (նախագահ), Աբրահամ Գիւլխանդարեան (ֆինանսներու նախարար), Ստեփան Ղորղանեան (Կարսի նահանգապետ): Իբրեւ խորհրդականներ հրաւիրուած էին Խորհրդարանի անդամ` Վահան Մինախորեան (Սոց. Յեղ.), Բարձրագոյն դատական ատեանի անդամ Տիգրան Յովհաննիսեան, Գնդապետ Աթայեան եւ կապիտան Խնձորեանե (Ալ. Խատիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումըե, էջ 257): Նոյեմբեր 25-ին, կը սկսին բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին ,Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մեզի տրուած հրահանգներուն համաձայն` մենք վճռել էինք պաշտպանել Հայաստանի սահմանները` մտցնելով անոնց մէջ Ռուսական Հայաստանը, Վան, Մուշ, ամբողջ Վանայ լիճը, Րիզէ նաւահանգստով` թողնելով Էրզրումը եւ Տրապիզոնը թուրքերուն: Էրզրումը եւ Տրապիզոնը Թուրքերուն թողնելը մենք կը համարէինք իբրեւ զիջում մեր կողմէնե (Ալ. Խատիսեան, ,Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումըե, էջ 263): Ի՞նչ անուն տալ այս մանկամիտ ,դիւանագէտներունե, որ իրենց ապիկարութեան ու դաւաճանութեան հետեւանքով Օլթիէն մինչեւ Ալեքսանդրապոլ թուրքերուն ձգելէ ետք, Ալեքսանդրապոլն ու իր շրջանը առանց կռիւի յանձնել ստիպուած ըլլալէ ետք, բանակցութեան կը նստին Մուշ եւ Վան պահանջելով, իսկ Էրզրումն ու Տրապիզոնը իրենց կողմէ ,զիջելովե թուրքերուն: ,Առաջին նիստը բանալով Կարաբեքիր փաշա պաշտօնապէս ողջունեց պատուիրակները եւ յետոյ ըսաւ, թէ առաջին բանը, որ պէտք է աչքի առաջ ունենալ, նախքան խորհրդաժողովի յետագայ աշխատանքներուն դիմելը, այդ` Թուրքիայի պահանջն է, որը պէտք է ընդունին հայերը այն մասին, թէ Հայաստանը կը հրաժարի Սեւրի դաշնագրէն: Մինչեւ որ - յայտարարեց Կարաբեքիրը - հայկական պատուիրակութիւնը այդ պահանջին պատասխանէ, խորհրդաժողովի պարապմունքները կը յետաձգուին: Ասկէ յետոյ նիստը փակուեցաւե (Ալ. Խատիսեան, Անդ, էջ 265): Խորհրդակցելէ ետք, ,Հայկական Պատուիրակութիւնը միաձայն որոշեց ընդունիլ Կարաբեքիրի նախապայմանը: Բայց աչքի առաջ ունենալով խնդրի կարեւորութիւնը, մենք որոշեցինք հարցնել Հ.Հ. կառավարութեան համաձայնութիւնը: Ես խօսեցայ անձամբ վարչապետ Սիմոն Վրացեանի հետ: Վրացեան պատասխանեց, յայտնելով Հ.Հ. կառավարութեան համաձայնութիւնըե (Ալ. Խատիսեան, Անդ, էջ 265): ,Երկրորդ նիստին մենք կարդացինք մեր պատասխանը, որով համաձայնութիւն կը յայտնէինք Սեւրի դաշնագրէն հրաժարելուե (Անդ, էջ 266): Բանակցութիւնները աւարտեցան եւ Դեկտեմբեր 2-էն 3-ի առաւօտեան ժամը 2-ին, երկու կողմերը ստորագրեցին Ալեքսանդրապոլի համբաւաւոր դաշնագիրը, երբ արդէն նոյն օրը, ցերեկը, կէսօրէ առաջ, Երեւանի մէջ դաշնակցական կառավարութիւնը Լեգրանի հետ կնքած էր համաձայնագիր մը, եւ իշխանութիւնը յանձնած համայնավարներուն: Հոս քննարկենք դաշնագրին այն յօդուածները, որոնք անգամ մը եւս հայ ժողովուրդի վզին կանցնէին թրքական լուծը: Յօդուած 2 - Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագիծը, ըստ յարակից քարտէսին վրայ տեսնուածին - սահման կը կազմէ: Թէ այս սահմանագիծը ինչ կու տար մեզի, դիմենք Ալ. Խատիսեանին. ,Հայաստանին կը թողուէր 27 հազար քառ. քիլոմեթր: Կարսի նահանգը եւ Սուրմալուի գաւառը կանցնէին Թուրքիոյե (Ալ. Խատիսեան, Անդ, էջ 269): ,Երկար վիճաբանութիւններ եղան Անիի, Նախիջեւանի, Սուրմալուի մասին, բայց թուրքերը այդ խնդիրներուն մէջ ոչ մի զիջում չըրինե (էջ 271): Միայն Ալեքսանդրապոլ քաղաքի եւ իր շրջանին ազատագրումէն ետք այս տարածութիւնը հասաւ մօտ 30 հազար քառ. քիլոմեթրի: Բայց շարունակենք 2-րդ յօդուածի ընթերցումը. ,Արաքս գետին վրայ Ստորին Գարասուի գետաբերանի հարաւը (Նախիջեւան, Շահթախթ, Շարուր) ընդհանուր քուէարկութեամբ ընտրուելիք վարչական ձեւին, եւ այս վարչութեան իրաւասութիւնը կազմելիք հողերուն վրայ Հայաստան միջամտութիւն պիտի չընէ: Եւ այս գօտիին մէջ ներկայիս Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ տեղական վարչութիւն մը պիտի կազմուիե: Եւ այս մարդիկն են, որ կը խօսին Պրեսթ-Լիթովսքի դաշնագրին մասին, երբ կրնային զայն չգործադրել, մինչդեռ ստորագրեցին Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, երբ իրաւունք չունէին զայն ստորագրելու: Երբ Սովետական Ռուսաստանը կառաջարկէր Նախիջեւան Կարմիր զօրք մտցնել առժամաբար, ազգամիջեան բախումներու առաջքը առնելու համար, դաշնակցական կառավարութիւնը բացարձակապէս կը մերժէր, բայց նոյն մարդիկ, ամենայն պաղարիւնութեամբ, զայն կը նուիրէին թուրքին ընդմիշտ: Սակայն, 1921 թուականի Մարտին, Մոսկուայի մէջ, Սովետ եւ Թուրք բանակցութեանց ընթացքին, հակառակ որ Վրացեան իշխանութիւնը ձեռք առած էր Փետրուարեան արկածախնդրութիւններէն ետք, կը հեռագրէր թէ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը ի զօրու կը մնայ, ,Խորհրդային դիւանագիտութիւնը մեծագոյն դժուարութեամբ յաջողում է այդ շրջանները միացնել Խորհրդային Հանրապետութեանե: (Գրիգոր Չուբար, ,Խորհրդային Հայաստանե, Հոկտեմբեր 1930, պատասխան ,Հայրենիքեին): Յօդուած 3 - Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութիւնը երկրորդ յօդուածին մէջ յիշուած սահմանագծով, Օսմանեան հին սահմանին մէջ գոյութիւն ունեցող, այս դաշնագըրով Թուրքիոյ մնալիք եւ անոնց վրայ Թուրքիոյ պատմական, ցեղային, իրաւական պատկանելիութիւնը անուրանալի եղող հողերուն իրաւական գոյավիճակին մէջ (եւայլն): Այս յօդուածին մէկ տարբերակն է հետեւեալը, զոր թրքական ,Սապահե թերթը հրատարակած է: Թէեւ Խատիսեան կը ժխտէ նման յօդուածի մը գոյութիւնը դաշնագրին մէջ, սակայն այս վերջնոյն վերջին` 18-րդ յօդուածը կը նշէ. ,Տարակարծութեան պարագային թուրքերէն բնագրին դիմելով համաձայնութիւն կը գոյացուիե, ուրեմն վաւերական դաշնագիրը թրքերէն բնագիրն է, եւ այս առթիւ ալ կը վաւերացուի թէ Օսմանեան սահմանին մէջ հայ մեծամասնութիւն ունեցող որեւէ հողամաս չկայ: Այդպիսով Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը Արեւմտահայաստանը ընդմիշտ կը զիջէր Թուրքիոյ, որպէս զուտ թրքական հող: Յօդուած 4 - Էմփերիալիստ պետութիւններու գրգռումներուն եւ դրդումներուն հետեւանքն ըլլալով, խաղաղութիւնը վրդովող վնասակար գործունէութեան եւ շարժումներու կարելիութիւնը ընդմիշտ թոյլ չտալու հիման վրայ, Երեւանի Հանրապետութեան ներքին անդորրութիւնը պաշտպանելու համար բաւարար թեթեւ զէնքերով զինուած ժանտարմայական ուժերով երկրին սահմանը պաշտպանելու յատուկ եւ 8 լեռնային եւ կամ դաշտային թնդանօթով եւ 20 գնդացիրներով զինեալ եւ վճարովի 1500 հոգինոց հրացանակիրներէ բաղկացեալ մէկ զօրաբաժինէ զատ զինուորական կազմակերպութիւն թոյլ չտալու յանձնառու կըլլայ: Հայաստանի մէջ զինուորական ծառայութիւն այլեւս պիտի չըլլայ: Երկիրը արտաքին թշնամիներու դէմ պաշտպանելու համար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամրոցներ շինելու եւ անոնց մէջ ուզածին չափ ծանր թնդանօթներ տեղաւորելու ազատ է: Այս ծանր թնդանօթներու մէջ կիյնան դաշտային բանակի գործածելի 15 սանթիմնոց ռմբարձակներով եւ 15 սանթիմնոց երկար թնդանօթներ եւ աւելի պզտիկ չափի ատկէ աւելի ծանր որեւէ տեսակի հրազէններ պիտի չգտնուին: Այս ,բանակովե եւ այսքան զէնքերով է որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի պաշտպանէր իր ,անկախութիւնըե, զոր փրկելու համար է եղեր, որ դաշնակցական ղեկավարութիւնը ստորագրեց այս դաշնագիրը։ Յօդուած 5 - Հաշտութենէն յետոյ, Երեւանի կառավարութիւնը կընդունի Երեւանի մէջ բնակելիք Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչին եւ կամ դեսպանին այս խնդիրներու մասին ամէն ժամանակ քննութիւն եւ ստուգումներ կատարելու արտօնութիւնը: Ասոր փոխարէն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, ներքին եւ արտաքին վտանգներու դէմ` պահանջի պարագային, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութիւնը Հայաստանին կը խոստանայ զինական օգնութիւն: Յօդուած 10 - Երեւանի կառավարութիւնը, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին կողմէ բացարձակապէս մերժուած (Սեւրի) դաշնագիրը բացարձակապէս չեղեալ կը համարէ եւ կը յայտարարէ որ կարգ մը էմփերիալիստ կառավարութեանց ու պետական շրջանակներու ձեռքին մէջ իբր գործիք ծառայող Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պատուիրակութիւնները ետ կանչելով, ասկէ յետոյ երկու երկիրներու միջեւ ամէն տեսակի թիւրիմացութիւնները ջնջելու անկեղծ տրամադրութեան խոստումը կը յայտնէ: Երեւանի Հանրապետութիւնը, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն ապահովելու յանձնառութիւնը եւ Թուրքիոյ դրացիական իրաւունքները յարգելու իր անկեղծութեան ապացոյցը տալու համար, Էմփերիալիստ նպատակներու ետեւէն վազելով` երկու ազգերուն խաղաղութեան եւ անդորրութեան հետ խաղցող կռուազան մարդիկը կառավարական շրջանակէն հեռու պահել կը խոստանայ: Այս յօդուածով, ինչպէս տեսանք, ոչ միայն չեղեալ կը յայտարարուի Սեւրի դաշնագիրը, այլեւ դաշնակցութիւնը յանձնառու կըլլայ Հայաստանի մէջ ղեկավար դիրքերու վրայ չբերել հակաթուրք անձեր, այսինքն, մէկ խօսքով, Հայաստանի քաղաքականութեան տալ թրքական օրիանթասիոն: Յօդուած 12 - Թուրքիոյ պետութիւնը իր ամբողջականութեան եւ գոյութեան դէմ էմփերիալիստներու կողմէ կատարուելիք նենգամտութիւնները արգիլել հարկադրուած ըլլալով, մինչեւ ընդհանուր հաշտութեան կնքումը, փոխադրութեանց ազատութիւնը չխանգարելու պայմանով, չորրորդ յօդուածին մէջ յիշուած քանակէն աւելի զէնքերու ներածումը արգիլելու համար, Երեւանի Հանրապետութեան մէջ գտնուած երկաթուղիներն ու փոխադրական ճամբաները իր քննութեան եւ հակակշռի տակ պիտի առնէ, եւ էմփերիալիստ (Անթանթիստ) պետութիւններու յատուկ պաշտօնական եւ անպաշտօն պաշտօնեաներու եւ մարմիններու Հանրապետութեան ներսը վնասարարութիւնն ու խանգարումները երկու կողմերը պիտի արգիլեն: Յօդուած 13 - Թուրքիոյ Ազգային մեծ Ժողովի կառավարութիւնը, իր անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան սպառնացող յարձակումներու դէմ, սոյն դաշնագրով Երեւանի Հանրապետութեան ապահոված իրաւունքը չխանգարելու պայմանով, Հայաստանի մէջ առժամեայ զինուորական արգելիչ միջոցներ կրնայ ձեռք առնել: Յօդուած 14 - Երեւանի Հանրապետութեան կողմէ որեւէ մէկ պետութեան հետ կնքած բոլոր դաշնագրերուն Թուրքիոյ վերաբերեալ եւ Թուրքիոյ շահերուն վնասակար տրամադրութիւնները, յիշեալ Հանրապետութիւնը բացարձակապէս չեղեալ կընդունի եւ յանձնառու կըլլայ: Ալեքսանդրապոլի այս դաշնագիրը առնուած է ,Թուրք Յեղափոխական պատմութեան հիմնարկին մօտ գտնուած թրքերէն բնագրէն: (Տես Շահան, ,Վերստին Յաւելուածե էջ 11-27): Կը թուի թէ Խատիսեան, համաձայնութեամբ Սիմոն Վրացեանի իր յուշերուն մէջ, կը ջանայ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի ստորագրութեան յանցագործութիւնը փաթթել Դրոյի վզին, պատմելով հետեւեալ առասպելը. ,Կառավարութիւնը հրաժարական տուեց: Դիլիջանում եւ Քարվանսարայում մեր զօրքերը առանց կռուի հանդիպեցին բոլշեւիկեան զօրքերի հետ: Կազմւում է կոալիսիոն կառավարութիւն բոլշեւիկների հետ մասնակցութեամբ Դրոյի եւ Տէրտէրեանի` դաշնակցութեան կողմից: Թուրքերի պայմանները ստիպուած ենք ընդունիլ: Դուք լիազօրուած էք ստորագրել դաշինքըե: ,Մենք կը սպասէինք հեռագրի, Հայաստանի նոր կառավարութենէն: ,Երեկոյեան ժամը 6-ին ինձ հրաւիրեց ուղղակի հեռագրաթելի մօտ Դրօն, որ ըսաւ հետեւեալը. ,Յեղափոխական կառավարութեան անունից յայտնում եմ ձեզ, որ դուք ազատ էք ստորագրել դաշնագիրը կամ ոչե: ,Լաւ գիտակցելով դաշնագիրը ստորագրելու կամ մերժելու աբողջ պատասխանատուութիւնը, ես երկրորդ անգամ հարցուցի. ,Արդեօք կառավարութիւնը ստորագրելո՞ւ կողմն է թէ մերժելու: Մենք սպասում ենք որոշ եւ պարզ հրահանգներիե: ,Դրօն պատասխանեց. ,Ես ձեզ ասացի արդէն: Գործեցէք համաձայն ձեր հասկացողութեան: Ես խօսում եմ ընկեր Սիլինի եւ իմ անունիցե: ,Սիլինը բոլշեւիկների ներկայացուցիչն էրե: Ալ. Խատիսեան բացայայտօրէն այստեղ կը ստէ: Հայրենի ականաւոր պատմաբան, ակադեմիկոս Գալուստ Գալոյեան, թէեւ աւելի մեղմ արտայայտութեամբ կորակէ Խատիսեանի վարմունքը` բացայայտելով միաժամանակ պատմական ճշմարտութիւնը: Այսպէս, Գալուստ Գալոյեան, իր ,Հայաստանը եւ Մեծ Տէրութիւնները 1917-1923 թթ.ե հատորին մէջ կը գրէ. ,Արխիւներում պահպանուած Դրոյի Դեկտեմբերի 1-ի հեռագիրը Ալ. Խատիսեանին, վկայում է Խատիսեանի յիշողութեան ,ձախողմանե մասին: Ըստ այս փաստաթղթի, Դրօն Դեկտեմբերի 1-ին հաղորդել է Ալեքսանդրապոլում գտնուող ՀՀ պատուիրակութեանը, որ Հայաստանի Յեղկոմի կողմից Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութիւն հռչակուելուց յետոյ, Դեկտեմբեր 1-ից սկսած հին կառավարութեան կողմից նշանակուած պատուիրակութիւնը ոչ մի իրաւունք եւ իրաւասութիւն չունի բանակցութիւնները թուրքերի հետ շարունակելու համար (էջ 378-379): Հակառակ որ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուած էին, Թուրքիան իր յոյսը չէր կտրած, որ կը յաջողի Հայաստանի խորհրդային կառավարութեանը ստիպել, որ ճանչնայ եւ ընդունի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը: Թուրքերուն այս ճնշումներուն առթիւ է, որ Խորհրդային Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Չիչերինը կը հրահանգէր Լեգրանի. ,Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրն այնքան հրեշաւոր է, որ նրա ամէն մի վկայակոչումը պէտք է հանդիպի ամենակտրուկ հակահարուածի: Կարելի է ուղղակի յայտարարել, որ Ռուսաստանի Հանրապետութիւնը ոչ մի բանի առջեւ կանգ չի առնի, եթէ կրկնուի փորձը` ստիպել Հայաստանին ճանաչելու Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրըե (էջ 458): Իսկ 8 Ապրիլ 1921-ին, Խորհրդային Ռուսաստանի Հանրապետութիւնը, յատուկ յուշագրով մը կը զգուշացնէր Թուրքիոյ կառավարութեան. ,Ալեքսանդրապոլի պայմանագրի կատարման ցանկութիւնը հաւասարազօր է Մոսկուայի պայմանագրի վերացմանըե (էջ 459): Մինչ Մոսկուայի ռուս եւ թուրք դաշնագրով Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը չեղեալ կը յայտարարուէր, Հայաստանի մէջ, Փետրուարեան արկածախնդրութեան ժամանակաւոր յաջողութենէն օգտուելով, ,Հայաստանի Փրկութեան Կոմիտէիե նախագահ Սիմոն Վրացեանը կը հեռագրէր Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Արտաքին Գործոց Կոմիսարին. ,Ազատուելով բոլշեւիզմի անունով Հայաստան մտած օտար լծից… իմ կառավարութիւնը Տաճկաստանի եւ Հայաստանի միջազգային նորմալ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ սկսելու բազա է համարում այն պայմանները, որոնք ձեւակերպուած են անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 2-ին Ալեքսանդրապոլ կնքուած հայ-տաճիկական դաշնագրի մէջ եւ յետագային ստեղծուած իրաւական պայմաններըե: Սիմոն Վրացեան վատթարագոյն քայլն ալ կառնէ: Հիմնուելով դաշնագրի 5-րդ յօդուածին տրամադրութեան վրայ, Վրացեան թուրքերէն օգնութիւն կուզէր` ճնշելու համար հայ ժողովուրդին որեւէ մէկ ըմբոստութիւնը: Ահաւասիկ այդ հեռագիրը. ,Հայաստանը յոյս ունի, որ իր կռուի ընթացքում ինքը կը ստանայ օգնութիւն իր հարեւանից եւ առաջին հերթին` տաճիկ ժողովրդից, որի կենսական շահն էլ է պահանջում Հայաստանի յաղթական դուրս գալը այս կռուից եւ անկախ մնալըե: ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր Ռամկավար Մամուլ Յունուար 14, 2011 Սիտնի, Աւստրալիա
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը