Էլտար Սապըրօղլու. «Ատրպէյճան միշտ պատրաստ է պատերազմելու»<br />


Էլտար Սապըրօղլու. «Ատրպէյճան միշտ պատրաստ է պատերազմելու»

  • 10-01-2011 18:38:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան բանբեր, գնդապետ Էլտար Սապըրօղլու հանդէս եկաւ սպառնական հերթական յայտարարութեամբ եւ պնդեց թէ Ղարապաղի ղեկավար Բակօ Սահակեան ինքզինք կը խաբէ, երբ կ’ըսէ որ ղարապաղցիներ առանձինն կը կռուին Ատրպէյճանի դէմ եւ կրնան ետ մղել Արցախի վրայ կատարուած որեւէ յարձակում։ »Գաղտնիք չէ թէ ո՛վ սկսաւ պատերազմը։ Ո՛չ ոք պէտք է թաքցնէ այս իրողութիւնը։ Իրականութեան մէջ Հայաստանն ալ առանձին չէր կրնար պատերազմ սանձազերծել Ատրպէյճանի դէմ։ Ամբողջ աշխարհ գիտէ թէ որո՛ւն աջակցութեամբ թշնամին կրցաւ առժամեայ յաջողութիւն մը ապահովել«, յայտարարեց Սապըրօղլու ու աւելցուց. »Հիմա հայեր անօգնական են ատրպէյճանական բանակի առջեւ։ Իրենք ալ լաւ գիտեն ասիկա, պարզապէս վարժուած են սպառնալիքներ ընելու։ Այս անգամուան զինեալ յարձակումը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդէն։ Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը ունին այնպիսի զէնքեր, զորս թշնամին նոյնիսկ չի կրնար երեւակայել։ Մեր հարուածը կրնայ հասնիլ որեւէ թիրախի։ Հայաստան թող չվստահի այն բարենպաստ հովին, զոր անցեալ պատերազմին վայելեց։ Ատրպէյճան տակաւին չէ կորսնցուցած իր վստահութիւնը հակամարտութիւնը խաղաղ ճամբաներով լուծելու եւ իր տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու գործընթացի նկատմամբ, սակայն միշտ պատրաստ է պատերազմելու, եթէ այդ ճիգերը ապարդիւն մնան«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը