«Հաարէցը» ծանր ոճով քննադատեց Իսրայէլի արտաքին աախարար Լիպէրմանը


«Հաարէցը» ծանր ոճով քննադատեց Իսրայէլի արտաքին աախարար Լիպէրմանը

  • 30-12-2010 18:58:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իսրայէլի ազդեցիկ «Հաարէց» թերթը երէկ հրատարակուած Խմբագրականին մէջ ծանր ոճով քննադատեց երկրի Արտաքին Նախարար Լիպէրմանը ու Վարչապետ Նէթանեահուհէն պահանջեց որ ան Լիպէրմանը վռնտէ Արտաքին Նախարարի պաշտօնէն։ Իսրայէլի Արտաքին Նախարար Լիպէրման միջոցէ մը ի վեր քննադատութիւններու նշաւակ կը դառնայ մասնաւորաբար Թուրքիոյ դէմ իր ունեցած շատ ծանր ու ոչ-դիւանագիտական արտայայտութիւններուն պատճառաւ։ Ինչպէս երէկ ալ հապորդած էինք, ան Իսրայէլի մէջ իսկ մեծ դժգոհութեան տեղի տուաւ վերջին անգամ, երբ բացէ ի բաց ստախօս անուանեց Վարչապետ Էրտողանը ու ըսաւ որ ներողութիւն խնդրելու մասին Թուրքիոյ առաջարկը ամբարտաւանութենէ ալ աւելին է։ Հաարէց թերթին քրոնիկագիրներէն Աքիվա Էլտարն ալ իր երէկուան յօդուածին մէջ քննադատեց Լիպէրմանը ու պաշտպանեց այն կարծիքը թէ Լիպէրմանի այս անհաւասարակշիռ յայտարարութիւնները ծնունդ կ’առնեն վարչապետ Նէթանեահուին նկատմամբ անոր ունեցած զայրոյթէն, կամ թէ ծայրայեղ աջակողմեաններու հաճոյ թուելու ռազմավարութենէ մը։ Թերեւս ալ այս աղմուկը բարձրացնելով Լիպէրման կ’ուզէ ուշադրութենէ վրիպեցնել թէ ինք որքան անյաջող արտաքին քաղաքականութիւն մը կը մշակէ Իսրայէլի համար։ Էլտար յիշեցուց որ Լիպէրման նախապէս որպէս ապահովութեան ֆէտայի պաշտօնեայ կ’աշխատէր գիշերային ակումբներու մէջ եւ հիմա Իսրայէլի Արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ ալ կը կիրարկէ այդ շրջանէն իր որդեգրած »աչքի դէմ աչք« քաղաքականութիւնը։ Իսրայէլի մէջ ուրիշներ ալ ձայն բարձրացուցած են ու կը պահանջեն որ վերջ տրուի Լիպէրմանի պաշտօնին։ Բայց Վարչապետ Նէգթանեահու որքա՞ն կարեւորութիւն պիտի ընծայէ այս պահանջներուն, պիտի տեսնուի մօտ օրէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը