Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրատան հաւաքածոն հրաստացաւ նոր ձեռագրով մը
28-12-2010 17:06:22 | | Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրատան հաւաքածոն հրաստացաւ նոր ձեռագրով մը: Արդարեւ, երէկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանձնուեցաւ ԺԵ. դարուն պատկանող ձեռագիր մը: Նուիրատուն Թորոնթոյի մէջ բնակող Զարեհ Շահինեանն է: Ձեռագիրը պաշտօնապէս Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Մեղրիկ Ծ. Վարդապետին կողմէ, նուիրատուին քրոջ ներկայութեան:
Ձեռագիրը Շարակնոց է, բաղկացած շուրջ 300 էջերէ. անոր լուսանցքները լեցուն են զարդանկարներով: