Շահան Գանտահարեան. 2011ի նախանիշեր


Շահան Գանտահարեան. 2011ի նախանիշեր

  • 27-12-2010 09:50:12   |   |  Յօդուածներ
Հայկական աշխարհին մէջ 2010ի ամենայատկանշական իրադրութիւնը Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու վաւերացման հանգրուանի սառեցումէն աւելի, ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 90ամեակի առիթով պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնն էր՝ անոր այժմէական իրաւական նշանակութեան մասին. ինչ որ կարելի է սեպել տարուան ամէնէն յատկանշական եւ նախանշային իմաստ ունեցող իրադրութիւնը։ Փաստօրէն, կատարուածը համազօր է պահանջատիրութեան պետականացման։ Երեւոյթը խնամքով անուշադրութեան մատնուեցաւ թրքական պետական, հասարակական եւ լրագրողական շրջանակներու կողմէ. Հայկական կողմը համապատասխան արձագանգումը չկատարեց։ Յայտնապէս կը սպասուէր հետագայ զարգացումներուն։ Իրաւարար վճիռի 90ամեակին առիթով կատարուած յայտարարութիւնը հիմնովին հակասական է Երեւան-Թուրքիա սառեցուած արձանագրութիւններու բովանդակութեան։ Երեւանի բարձրագոյն ամպիոնէն հնչած է սեւրեան Հայաստանի իրաւական այժմէականութեան մասին, ինչ որ կը ջրէ երկկողմ համաձայնութիւնները հասարակաց սահմաններու փոխճանաչման համար։ Այս յայտարարութիւնը պէտք է մեր հետագայ ներազգային թէ արտաքին աշխատանքներուն ուղենիշը կազմէ եւ անընդմէջ յղում խլէ ամէն տեսակ առիթի։ Այս մէկը աննախադէպ քայլ է, որուն վրայ լուսարձակները լայն պէտք է բանայ հայ քաղաքական միտքը, այս մէկուն հիմամբ իսկ պահանջելու համար արձանագրութիւններու հայկական ստորագրութեան յետս կոչումը։ Անցնող տարին բեկումնային չեղաւ արցախեան բանակցութիւններուն մէջ։ Հակառակ՝ բազմաթիւ նախատեսութիւններու եւ իւրաքանչիւր բանակցային հանգրուանի նախօրեակին այս կամ այն պետութեան բարձրաձայնած ակնկալութիւններուն։ Յստակ է միանգամայն, որ ազրպէյճանական ճիգերը բանակցային ձեւաչափը փոխելու ի զուր անցան։ Պարզ է նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը թէեւ մատնացոյց ընելով չդատապարտեց, այսուհանդերձ չընկալեց նաեւ Ազրպէյճանի ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը, երբ բացառապէս հարցի կարգաւորումուին համար գերադասեց խաղաղ միջոցները։Ինքնորոշման իրաւունքը իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունք հաւասարազօր արժէք ստացաւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին.մինչ, հայկական կողմը թէ՜ ներքին եւ թէ՜ արտաքին կարգերով պարզ դարձուց, որ Արցախի անկախութիւնը անսակարկելի է.տակաւին, յստակացած է այն եզրագիծը, որմէ անդին բանակցելու տեղ չունի հայկական կողմը։ Կը մնայ շարունակ պահանջել պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը բանակցութիւներուն։ Ի վերջոյ բացառուած է առանց ինքնորոշուած կողմի համաձայնութեան, որեւէ լուծումի յանգիլը։ Սփիւռքեան կողմն հայկական աշխարհի շարունակեց գործօն մասնակցութիւն ունենալ հայրենակերտ տարբեր աշխատանքներու։ Համասփիւռքեան կառոցներու ձեւաւորման նախաքայլերը կը նպատակադրէին ներկայացուցչական մարմիններու ստեղծումը։ Տակաւին շատ ճամբայ ունինք կտրելիք այս ուղղութեամբ։ Կարեւոր յիշեցումը պիտի ըլլայ այն, որ որեւէ ձեւով ինքնանպատակ եւ հայրենիքէն անջատ գործող կառոյցներու ձեւաւորման պէտք չէ յանգին այս փորձերը։ Հայաստանի պետութեան հետ համախորհուրդ, համակարգաւորուած եւ նպատակաուղղուած առանցքային գիծն է, որ պարտի տիրական ըլլալ նման աշխատանքներու ուղեգիծերուն վրայ։ Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հմինադրոյթները կազմող երկու գերխնդիրներու նկատմամբ յստակ կանխատեսումներ կատարելը իրատեսական չի հնչեր։ Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք գերտէրութիւններու անմիջական շահգրգռուածութեան իրականութիւնը եւ ազդեցութեան գօտիներու աշխարհակարգային տարողութեամբ տարուող մրցապայքարը։ Այսօրուան դրութեամբ արտաքին-ներքին ներշնչանքներու իսկ շարժառիթներով բացատրուող հիմնական քայլ առնուած է, որուն վրայ պէտք է յենիլ, որուն յղում պէտք է կատարել իւրաքանչիւր պատեհ առիթի թէ՜ արտաքին եւ թէ՜ ներազգային քաղաքականութիւններու իրականացման ընթացքին։ Սեւրի դաշնագրի եւ ուիլսընեան իրաւարար վճիռի իրաւական աժմէական նշանակութեան մասին է խօսքը, որուն բարձրաձայնումը կատարուած է արդէն բարձրագոյն մակարդակով։ Հայութիւնը միաւորող ա՜յս ուղենիշն է, որ պիտի յատկանշէ մեր համազգային քաղաքականութեան յառաջիկայ տարիները։ 2011էն սկսեալ։ Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ