ԱՄՆ կը նախատեսէր Իրանի դէմ «հակա-հրթիռային պաշտպանութեան ցանցի» մը զետեղումը Թուրքիոյ մէջ


ԱՄՆ կը նախատեսէր Իրանի դէմ «հակա-հրթիռային պաշտպանութեան ցանցի» մը զետեղումը Թուրքիոյ մէջ

  • 23-12-2010 14:46:53   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք սկիզբ առած են Թուրք եւ Ամերիկեան սերտ յարաբերութիւնները - քաղաքական եւ այլ մարզերու մէջ, յաճախ փոքր տէրութիւններու եւ ազգութիւններու հաշւոյն, օրինակ՝ «Ուիլսընեան Սահմաններու» հրահանգի գործադրութեան անհետացման պարագան։ Այդ յարաբերութիւնները թափ ստացան մանաւանդ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, երբ սկիզբ առաւ «Պաղ Պատերազմը» Ամերիկայի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, (մէկ խօսքով՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի), երբ իւրաքանչիւր կողմ ներառաւ նաեւ գաղափարակից կամ շահութակից երկիրներ։ Հակառակ թուրք-ամերիկեան երկարամեայ դիւանագիտական եւ քաղաքական յարաբերութիւններուն, միշտ տեղի ունեցած են խնդրայարոյց վերիվայրումներ, եւ սակայն յարաբերութիւնները միշտ մնացած են անվթար, վերջին անգամ՝ Իրաքի պատերազմին պատճառաւ։ Երկու երկիրներու իշխանութիւնները հասկցած են փոխադարձ յարաբերութիւններու մշտատեւ կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով նախ՝ Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը ու երկրորդ՝ Ամերիկայի սնուցած տիրապետութեան ձգտումները` Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ ներկայութեան եւ տիրապետութեան։ Իրաքի պատերազմի նախօրեակին սակայն քաղաքական ասպարէզ երեւան ելան կարգ մը դաշնակից կամ գործակից պետութիւններ, որոնք թաքուն գործակիցներ կամ պարզապէս «հանդիսականներ» էին «պաղ պատերազմի» շրջանին։ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի իշխանութիւնը ուշ անդրադարձաւ այս իրողութեան, առիթ ընծայելով Օպամայի կառավարութեան լրջօրէն դիմագրաւելու այդ հարցը, ի մտի ունենալով որ Միացեալ Նահանգները կարիքը ունէին այդ երկիրներու համագործակցութեան, աշխարհակալական իրենց նպատակներուն իրագործման համար։ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական կազմը, սակայն, տակաւին պատրաստ չէ լրիւ հասկնալու այս իրողութիւնը, ինքզինք գերադաս դասելով այն բոլոր դաշնակիցներէն եւ համակիր երկիրներէն, որոնցմէ օգնութիւն եւ աջակցութիւն կ’ակնկալէ քաղաքական իր նպատակներուն իրագործումներուն համար, առանց նկատի առնելու այդ երկիրներուն քաղաքական անմիջական եւ հարեւանական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնները։ Պարագան նոյնն էր Իրաքի պատերազմի նախօրեակին, Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ, որոնք չէին փափաքեր յարաբերութիւններու վատթարացում ստեղծել արաբական աշխարհին հետ, թրքական քաղաքական ապագայի նպատակներէն ու ծրագիրներէն մեկնելով։ Իրաքի պատերազմի «աւարտին», Ամերիկեան եւ Թրքական դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակի հանդիպման մը ընթացքին, Ամերիկեան կողմը առաջարկած էր Թրքական հողերու վրայով կատարել Իրաքի պատերազմի զինեալ ոյժերու փոխադրութիւնը, իրենց ծանր հրետանիներով։ Առաջարկը անշուշտ խիստ ընդունելի գտնուեցաւ թրքական կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ Ամերիկեան ոյժերու հեռացումը Իրաքէն, կը նպաստէր Թրքական քաղաքական յարաբերութիւններու բարելաւման Արաբական աշխարհին հետ, եւ առաւել եւս՝ փոխադրական շարժումը կ’ընդգրկէր տնտեսական նպաստի շօշափելի ակնկալութիւններ Ամերիկայէն։ Ամերիկեան առաջարկը, սակայն, չէր բաւարարուեր այդքանով: Ինչպէս միշտ, գերադասելով իր անձնական շահերը, ան ունէր թաքուն «ծրագիր առաջարկ» մը եւս, որ կը նախատեսէր Իրանի դէմ «հակա-հրթիռային պաշտպանութեան ցանցի» մը զետեղումը Թուրքիոյ մէջ։ Ամերիկեան երկրորդ առաջարկին համաձայնութիւնը Թուրքիան պիտի դնէր անել դրութեան մէջ իր հարեւան երկրին, Իրանի հետ, մանաւանդ երμ վերջին շրջանին Թուրք պետութիւնը կը ջանար բարելաւել փոխ յարաբերութիւնները փոխադարձ այցելութիւններով եւ համաձայնութիւններով։ Առաջարկը խիստ խնդրայարոյց էր Թուրքիոյ համար, սակայն Ամերիկեան իշխանութիւնները չէին ուզեր հասկնալ ատիկա։ Ըստ թրքական լրատուուական աղբիւրներուն, «վերջին տասնամեակին Թուրքիա կը ջանայ բարելաւել բարի դրացնութեան, քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները իր հարեւան երկիրներուն հետ, ներառեալ Իրանը։ Ուստի՝ Ամերիկեան վերջին առաջարկին համաձայնութիւնը պիտի հակասէր վերջին տասնամեակի ընթացքին, մեծաւ մասամբ իրագործուած թրքական ծրագիրներուն»։ Եւ սակայն, անցեալ տասնամեակին գործադրուած ծրագիրները, ըլլան անոնք μարի դրացիութեան, քաղաքական թէ՝ տնտեսական, անպայման պիտի բխէին Թուրքիոյ շահերէն, այնպէս որ Ամերիկայի ծրագիրներու գործադրութիւնը թրքական հողերու վրայ զետեղելով հակա-հրթիռային ցանցեր, հակառակ Ամերիկեան մեծ նպաստերուն, հիմնովին հակասական պիտի ըլլար Թուրքիոյ ապագայի աւելի մեծ ծրագիրներուն։ Սակայն Իսլամական, մասնաւորապէս Արաբական աշխարհը արդէն իսկ կը դողայ մտաբերելով օսմանեան դարաշրջանը եւ այն դաժան օրերը, որոնցմէ իրենց ալ առատօրէն բաժին ինկաւ ջարդերով, տառապանքով եւ կորզումներով։ Արաբական աշխարհը այսօր բնաւ պիտի չփափաքէր այլազգի իսլամ երկրի մը տիրապետութիւնը իրենց վրայ, որքան ալ «բարի նպատակներ»ով եղած ըլլար այդ դրացիութիւնը։ Հակառակ այս բոլոր իրողութիւններուն, Թուրքիա տակաւին կոչ կ’ուղղէ Ամերիկային, «Հասկցէք մեզ, չենք փափաքիր մեր բարի դրացնութիւնը խանգարել յանուն ձեր հակա-հրթիռային խարիսխներուն։ Մենք հարց չունինք մեր հարեւան երկիրներուն հետ, եւ կը ջանանք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ստեղծել, եւ ասիկա ոչ միայն թուրք պետութեան քաղաքականութիւնն է այլ նաեւ՝ իր ժողովուրդին»։ Լաւատեսութեան գագաթնակէտին խարխափելով կառչած, Թուրքիոյ ղեկավարները անհրաժեշտ է որ սոյն ծրագիրը կասեցնելու աղերս ներկայացնեն Ամերիկեան պետութեան, նկատի ունենալով Թուրքիոյ հողերուն վրայ հակա-հրթիռային խարիսխներու զետեղման գաղափարին իսկ լրջագոյն հետեւանքները, եւ «Յանուն Միջին Արեւելքի խաղաղութեան»… ինչպէս կ’ըսեն թուրքերը։ ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 22.12.2010 Լոս Անճելըս
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը