Ատրպէյճանի Խորհրդարանը վաւերացուց Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործակցութեան համաձայնագիրը


Ատրպէյճանի Խորհրդարանը վաւերացուց Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործակցութեան համաձայնագիրը

  • 22-12-2010 19:05:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանի Խորհրդարանը իր երէկուան նիստի ընթացքին 112 թեր եւ մէկ դէմ քուէներով վաւերացուց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական գործակցութեան եւ փոխադրաձ օժանդակութեան համաձայնագիրը։ Ատրպէյճանի Խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ՝ Սամատ Սէյիտով յայտնեց որ ստորագրուած փաստաթուղթը հիմնուած է երկու երկիրներու միջեւ նախապէս ստորագրուած համաձայնութիւններու եւ 1921ին ստորագրուած Կարսի համաձայնագրի հիման վրայ։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած է որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պիտի օժանդակեն իրարու եթէ անոնցմէ մէկը երրորդ պետութեան մը կամ խումբ մը այլ պետութիւններու կողմէ յարձակումի ենթարկուի։ Սէյիտով այս առիթով յայտարարեց հետեւեալը. »Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է զինուորական-թէքնիք գործակցութեան, օրինակ՝ միացեալ ռազմական գործողութիւններու նպատակով ենթակառոյցի հաստատում, զինեալ ուժերու անհրաժեշտ կազմածներով օժտումը եւլն։ Այս բոլորը ցոյց կուտան թէ մեր յարաբերութիւնները բարձրացած են նոր մակարդակի մը«։ Սամատ Սէյիտով յայտնած է նաեւ, որ փաստաթուղթը կը վերաբերի ռազմական-քաղաքական հարցերու, տնտեսական հմամագործակցութեան, մարդասիրական եւ գիտական համագործակցութեան։ Թուրքիոյ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիյեւ 16 Օգոստոսին Պաքուի մէջ սստորագրած է համաձայնագիրը, որ երէկուան նիստին վաւերացուեցաւ Ատրպէյճանի խորհրդրարանի կողմէ։ Փաստաթուղթը կը բաղկանայ 23 յօդուածներէ եւ կը բովանդակէ »զինուորական-քաղաքական եւ ապահովական հարցեր«, »զինուորական եւ զինուորական-թէքնիք համագործակցութեան հարցեր«, »տնտեսական համագործակցութեան հարցեր«, »մարդասիրական հարցեր«, ինչպէս նաեւ »հասարակաց եւ վերջին կէտեր« խորագրեալ գլուխները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը