Նիփփոն Ֆօնտէյշըն ընկերութիւնը աճուրդի հանեց Անթօնիօ Սթրատիվարիւսի «Լէտի Պրանտը »<br /> <br />


Նիփփոն Ֆօնտէյշըն ընկերութիւնը աճուրդի հանեց Անթօնիօ Սթրատիվարիւսի «Լէտի Պրանտը »

  • 05-05-2011 17:35:46   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ճաբոնական Նիփփոն Ֆօնտէյշըն ընկերութիւնը աճուրդի հանեց աշխարհի մէջ ամենասուղ ջութակը, Անթօնիօ Սթրատիվարիւսի »Լէտի Պրանտ«ը։ Ջութակը կ’արժէ առնուազն 10 միլիոն տոլար։ Ջութակը այս գնով գնուած էր 2008ին եւ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյն նուագարաններէն մէկը։ Ջութակի վաճառքէն գոյացած ամբողջ գումարը պիտի տրամադրուի Ճաբոնի երկրաշարժի եւ ցունամիի հետեւանքով տուժածներուն։ »Լէտի Պրանտ«ը շինուելէն ի վեր չէ գործածուած գրեթէ 300 տարի։ Ջութակը կը պահպանուի թանգարաններու մէջ եւ այդ պատճառով է որ լաւ պահպանուած է։ Ջութակը ո՛չ միայն Սթրատիվարիւսի ամենասուղ, այլ աշխարհի ամենասուղ երաժշտական նուագարանն է, որ որեւէ ատեն վաճառուած է աճուրդի մէջ։ 2010ի Իւնիսին վաճառքի դրուած էր Կը վարնէրի Տէլ Ճէզուի »Վիէթնամ« անուն ջութակը, որ գնահատուած է 18 միլիոն տոլար, սակայն առայժմ գնորդ չէ եայտնուած։ Սթրատիվարիւսի ջութակի աճուրդը տեղի պիտի ունենայ եառաջիկայ 20 Իւնիսին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը