Գալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ բեմադրիչ Միքայէլ Յակոբեան


Գալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ բեմադրիչ Միքայէլ Յակոբեան

  • 17-12-2010 18:18:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 10 Դեկտեմբերին, Գալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ բեմադրիչ Միքայէլ Յակոբեան )97 տարեկան_, որու փաստագրական եւ ուսուցողական աւելի քան 70 ժապաւէնները արժանացած են ազգային ու միջազգային 160 մրցանակներու, նաեւ »Էմմի« մրցանակի՝ երկու անուանակարգերու մէջ։ Քառասուն տարի շարունակ Յակոբեան 400 հարցազրոյցներ նկարահանած է 1915ի ողբերգութեան ականատեսներու եւ վերապրողներու մասնակցութեամբ։ 1979ին ան հիմնած էր »հայկական ֆիլմ« հիմնադրամը, որու առաքելութիւնն էր նկարահանել հայկական ժառանգութեան եւ կեանքի զանազան երեսակները։ 2010ի Ապրիլին, Յակոբեան իր կնոջ՝ Անթուանէթ Յակոբեանի եւ »հայկական ֆիլմ« հիմնադրամի հետ պայմանագիր ստորագրեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի »Շոա« հիմնադրամ-կեդորնին հետ, որ կը զբաղի Հոլոքոստի վերապրողներու եւ այլ ականատեսներու յիշողութիւններու տեսագրումով ու պահպանութեամբ։ 9 Դեկտեմբերին ան պէտք է հանդիպէր »Շոա« հիմնադրամի տնօրէն Սթիվըն Սփիլպէրկի հետ՝ հիմնադրամի միջոցառումներէն մէկուն ընթացքին, սակայն պաղառութեան պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ։ Սփիլպէրկ Յակոբեանի երկու գործընկերներու միջոցաւ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայերուն, նաեւ բարձր գնահատուեցաւ Յակոբեանի աշխատանքը, սակայն ան մահացաւ՝ առանց տեղեկութիւն ստանալու այդ միջոցառման արդիւնքներու մասին։ Յակոբեան ծնած էր 1913ին, Խարբերդ նահանգի մէջ, ապա 1915էն մազապուրծ հայերու պէս, անոր ընտանիքն ալ 1922ին Ամերիկա փոխադրուած էր։ Յակոբեան 1965ին ստեղծած էր »Ո՞ւր է իմ ժողովուրդը« ժապաւէնը, որ ցուցադրուած է Լոս Անճէլըսի հեռատեսիլէն։ Այդ թուականէն սկսեալ, հասկնալով որ 1915ի ականատեսները կը մահանան, ան սկսաւ տեսագրել զանոնք եւ անոնց յիշողութիւնները։ Վերջին ժապաւէնը, որու սէնարիոն գրած եւ նկարահանած էր Յակոբեան, »Ռիվէր Ռէն Ռէտ« 58 վայրկեաննոց փաստագրական ժապաւէնն է։ Այս ժապաւէնով, 24 Հոկտեմբեր 2008ին բացուած էր 8րդ ամենամեայ »Արփա« միջազգային փառատօնը՝ Հոլիվուտի եգիպտական թատրոնին մէջ։ Յակոբեան 1984ին եւ 2000ին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ »Տարուայ մարդ« ճանչցուած էր։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը