Մոսկուայի մէջ սպաննուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանի գործընկերը


Մոսկուայի մէջ սպաննուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանի գործընկերը

  • 13-12-2010 18:38:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբերին Մոսկուայի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ սպաննուեցաւ հայազգի գործարար, 61ամեայ Արա Խաչատրեան։ Խաչատրեանի սպանութիւնը տեղի ունեցաւ իր ինքնաշարժի մէջ եւ ան սպաննուեցաւ գլխու վրայ ստացած հրազէնային վէրքի պատճառով։ Դէպքը պատահեցաւ Ուրբաթ երեկոյեան ժամերուն։ Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին թէ Խաչատրեան մեծ հաւանականութեամբ պատուէրով սպաննուած է։ Արա Խաչատրեան նշանաւոր «Լուտինկ» ընկերութեան Սէնթ Փէթէրսպուրկի մասնաճիւղի տնօրէնն էր։ «Լուտինկ» ընկերութիւններու խումբը կը զբաղի ոգելից ըմպելիներու ներածումով եւ հիմնուած է 1993ին, արցախցի գործարարներ՝ Արթիւր Վարժապետեանի ու Արմէն Շահնազարեանի կողմէ։ «Լուտինկ» Ռուսաստանի մէջ ոգելից ըմպելիներու առեւտուրի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկն է եւ կը վաճառէ մօտաւորապէս 1500 անուն ոգելից ըմպելիներ, այդ կարգին հայկական ու ֆրանսական գինիներ եւ քոնիակներ։ Ի դէպ, «Լուտինկ» ընկերութիւնը նաեւ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Նոյ» գինիի-քոնիակի-օղիի գործարարնի պաշտօնական ներկայացուցիչն է Ռուսաստանի տարածքին։ Ռուսական լրատուամիջոցներ յատկանշական կը նկատեն այն որ դէպքի օրը ռուսական հեղինակաւոր պարբերականներէն մէկուն՝ «Քոմէրսանթ»ի մէջ ուշագրաւ հրապարակում մը կատարուած էր։ Թերթի համաձայն, Ռուսաստանի «Քրէմլէովսքի» առեւտուրի տունը, որ կը գտնուի Ռուսաստանի Նախագահի գործերու կառավարութեան ենթակայութեան ներքեւ, եռակողմանի արտօնագրային պայմանագիր ստորագրած է «Լուտինկ»ի եւ »Նոյ« քոնիակի-գինիի-օղիի գործարանի հետ, «Քրէմլեան մրցանակ» )Քրէմլին Օվըրթ_ վաճառանիշով առաջին կարգի քոնիակ մը արտադրելու մասին։ Այս քոնիակը պէտք է ներկայացուէր վաղը, 14 Դեկտեմբերին։ Ռուսաստանի մէջ այդ վաճառանիշի բացառիկ ներկայացուցիչ «Լուտինկ» ընկերութիւնը ըստ պայմանագրի, 2011ին պիտի վաճառէ 120 հազար շիշ արտադրութիւն։ «Քոմէրսանթ»ի լրատուութեան համաձայն, 10, 15 եւ 20 տարուայ հնութեամբ այդ քոնիակները կը նախատեսուէր շշալեցնել «Նոյ» գործարանի մէջ։ Այս պայմանագիրը անմիջապէս բողոքի ալիք մը ստեղծած էր Ռուսաստանի կարգ մը գործարաներու մօտ, որոնք աճապարած էին յայտնելու թէ գործառնութիւնը «ոչ-հայրենասիրական էր»։ Ընթերցողներուն յիշեցնենք որ 2009ի Փետրուարին գայթակղեցուցիչ միջադէպ մը եւս տեղի ունեցաւ Արթիւր Վարժապետեանի հետ, սակայն այն ատեն ամէն ինչ բարեյաջող աւարտ ունեցաւ։ Մոսկուաբնակ հայ գործարարի դստեր՝ 17ամեայ Լիլի Վարժապետեանը առեւանգելու փորձ մը կատարուած էր, սակայն ոստիկանութիւնը յաջողած էր կանխել դէպքը։ Լիլին առեւանգելու մասին իրաւապահներ տուեալներ ստացած էին եւ հետեւած՝ դէպքերու գնացքին։ Առեւանգումի օրը, երբ Լիլին դուրս եկած էր իրենց առանձնատունէն, յանցախումբը կը սպասէր իրեն, սակայն առեւանգումի պահուն իրաւապահները ձերբակալած էին յանցագործները։ Յանցագործները Լիլի Վարժապետեանը առեւանգելէ ետք Արթիւր Վարժապետեանէն պիտի պահանջէին 10 միլիոն եւրօ։ Այդ մասին ոստիկանութեան յայտնած էր յանցաւոր խումբի պարագլուխը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը