64 տարեկանին մահացաւ գերման յայտնի աստուածաբան, եկեղեցագէտ ու հայագէտ Փրօֆ. Տօքթ. Հէրման Կոլց


64 տարեկանին մահացաւ գերման յայտնի աստուածաբան, եկեղեցագէտ ու հայագէտ Փրօֆ. Տօքթ. Հէրման Կոլց

  • 13-12-2010 18:28:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 9 Դեկտեմբեր 2010ին, ծանր ու անողոք հիւանդութենէ ետք, 64 տարեկանին մահացաւ գերման յայտնի աստուածաբան, եկեղեցագէտ ու հայագէտ Փրօֆ. Տօքթ. Հէրման Կոլց։ Գերմանիայէն հաղորդուած տեղեկատուութեան համաձայն, Փրօֆ. Կոլց հանրութեան ծանօթ է մանաւանդ հայ ժողովուրդի մեծագոյն բարեկամներէն մէուն՝ Վերապատուելի Եոհաննէս Լէփսիուսի գործունէութեան լուսաբանութեամբ, անոր արխիւներու պահպանութեամբ եւ հետազօտութեամբ։ Փրօֆ. Կոլցի անկոտրում ջանքերու շնորհիւ Փոտստամի մէջ վերանորոգուեցաւ այն տունը, ուր իր վերջին տարիները ապրած էր Լէփսիուս եւ այդ տան մէջ բացուեցաւ Լէփսիուս հետազօտական կեդրոնը։ Որպէս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ջերմ բարեկամ, Փրօֆ. Կոլց իր անուրանալի վաստակն ունի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, հայ հոգեւոր մշակոյթի գանձերը գերման ընթերցողներու եւ մտաւորականներուն ծանօթացնելու գործին մէջ։ Կոլց արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ գնահատանքներու։ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը զինքը պարգեւատրած է Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը