Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ<br />


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

  • 11-12-2010 16:04:21   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Շաբաթ 11 Դեկտեմբեր 2010-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Քլոտ Պաթի, որուն կ'ընկերանար Աքսիոն Քրէթիէնի նախագահ Իվ Կունել, ինչպէս նաեւ վարչութեան երկու անդամները եւ Վեր. Ռ. Սարգիսեան: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները, Միջին Արեւելքի մէջ Եկեղեցիներու այժմու կացութիւնն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսութեան ներդրումը միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս, տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ք. Պաթի եւ անոր ընկերակիցները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց Միջին Արեւելեան առաքելութիւնը, եւ զանազան հարցումներով ուղղութիւն խնդրեցին Նորին Սուրբ Օծութենէն, ընդհանրապէս տարածաշրջանի եկեղեցիներուն ու համայնքներուն հետ իրենց հանդիպումներու ծիրէն ներս:
  -   Մամլո հաղորդագրություն