Էլինա Դանիէլեանը եւ Լիլիթ Մկւտչեանը այցելեցին «Մարմարայի» խմբագրատուն


Էլինա Դանիէլեանը եւ Լիլիթ Մկւտչեանը այցելեցին «Մարմարայի» խմբագրատուն

  • 09-12-2010 19:03:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստան ճատրակի երկիր է եւ ճատրակի գերտէրութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ այս իմաստուն խաղի աշխարհահռչակ դէմքերով։ Մանաւանդ վերջին տարիներուն հայ ճատրակիստ-ճատրակիստուհիներու յաջողութիւնները՝ միջազգային հեղինակաւոր բազմաթիւ մրցաշարքերէ ներս, հպարտութեամբ կը լեցնեն սիրտերը բոլոր անոնց, որոնք հայութեան տրոփը կը զգան իրենց հոգիներուն մէջ եւ իրենք ալ արդար ուրախութեամբ բաժնեկից կ’ըլլան այդ յաջողութիւններուն։ Ընդամէնը շաբաթ մը առաջ հպարտութեան այդպիսի պահեր ապրեցուցին պատանի ճատրակիստները, որոնք մինչեւ 16 տարեկաններու ողիմպիական ախոյեան հռչակուեցան ու ոսկեայ էջ մը եւս գրեցին ճատրակի Հայաստանի տարեգրութեան մէջ։ Մեր թերթը, որ միշտ իր սիւնակներուն մէջ պարբերաբար արձագանգ կը հանդիսանայ ճատրակի աշխարհէն ներս հայ մարզիկներու մասնակցութեանց մասին լուրերուն եւ օրը օրին այդ մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ընթերցողներուն, երէկ բացառիկ օր մը ապրեցաւ։ Թերթիս մարզական աշխատակից Պր. Նազար Հանչէրի առաջնորդութեամբ խմբագրատունս այցելեցին Հայաստանցի ուժեղագոյն ճատրակիստուհիներ Էլինա Դանիէլեանն ու Լիլիթ Մկրտչեանը, որոնք Թուրքիա ժամանած էին աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքին մասնակցելու նպատակով եւ որոնք միջազգային մրցումներու մէջ ազգային խումբը կը ներկայացնեն առաջին եւ երկրորդ խաղասեղաններու վրայ։ Խմբագրատան ամբողջ կազմը սիրով շրջապատեց այս երկու խիստ բարեհամբոյր երիտասարդուհիները, որոնց հետ մտերմիկ զրոյց մը ծաւալեցաւ գլխաւորաբար ճատրակի մարզաձեւի մասին։ Նախ անդրադարձանք աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքին, որ Անթաքիոյ մէջ կայացած էր նոքաութ մրցաձեւով եւ դժբախտաբար երկուքն ալ առաջին իսկ փուլին պարտութիւն կրած էին դուրս մնալով յետագայ պայքարէն։ Թէ՛ Էլինան եւ թէ Լիլիթը կարծիք յայտնեցին ու մենք ալ համամիտ գտնուեցանք որ ճիշդ չէ նոքաութ մրցաձեւով դրութիւնը, քանի որ կը մրցիս միակ հակառակորդի մը հետ եւ յաւելեալ ճնշում մը երբեմն պատճառ կը դառնայ որ սխալներ ընես ու ձախողիս խաղին մէջ։ Ըստ իրենց, անյաջողութեան միւս գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ հաւանաբար այն էր որ մրցաշարքը տեղի կ’ունենար տարեվերջին, երբ արդէն ամբողջ տարուայ ընթացքին մրցումներ ունեցած եւ կերպով մը սպառած էին իրենց ուժերը։ Այնուհանդերձ, երկու մարզուհիներն ալ լաւատես էին ու զրոյցը շարունակեցին ապագայի իրենց ծրագիրներու մասին արտայայտուելով։ Տեղեկացանք որ 2011ի Յունուարին պիտի կայանայ Կրան Փրի մրցաշարքի վեցերորդ մրցումը եւ երկուքն ալ պիտի մասնակցին այդ մրցաշարքին, որու վայրը չէ ճշդուած տակաւին։ Կան խմբային ու անհատական այլ մրցաշարքեր ալ, որոնք տեղի պիտի ունենան 2011ի ընթացքին եւ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական մարզումները պիտի սկսին յառաջիկայ երկու-երեք ամիսներուն։ Անցեալի յիշատակներն ալ թարմացուցինք, որովհետեւ ճիշդ տասը տարի առաջ 2000 Նոյեմբերին, Հայաստանի այրերու եւ կիներու ազգային խումբերը կրկին Իսթանպուլ կը գտնուէին համաշխարհային ողիմպիականներու համար եւ մրցաշարքի աւարտին, Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ ազգային խումբի միւս ճատրակիստուհիները՝ մարզիչ Արսէն Եղիազարեանի հետ խմբագրատունս այցելած էին ու այդ օրն ալ յիշարժան եղած էր մեզի համար։ Յետոյ հարցումներ ուղղեցինք ճատրակի մարզաձեւի մասին մեզ հետաքրքրող նիւթերու շուրջ։ Այսպէս՝ մեզի համար հետաքրքրական էր տեղեկանալ թէ արդեօք իրենք աշակերտներ կամ նախասիրած պատանի մարզիկներ ունէին, որոնց հետ կ’աշխատէին եւ զորս կը պատրաստէին ինչ ինչ մրցումներու, կամ օրինակի համար ինչպէ՞ս կը մարզուէին. օրուայ մէջ որեւէ ժամ ճշդած էին մարզումներու համար թէ ոչ այդ մարզումները կ’իրականացնէին ըստ կամքի։ Մեր թանկագին հիւրերը դիտել տուին որ ճատրակը այժմ արհեստավարժ մարզաձեւ է իրենց համար եւ եթէ աշակերտներ մարզեն, ապա ատիկա պիտի ազդէ իրենց մարզավիճակի վրայ։ Գալով մարզումներուն, ապա որեւէ ժամ մը չունին եւ ըստ տրամադրութեան կը մարզուին։ Բայց մրցաշարքերուն նախորդող նախապատրաստական շրջանը եւ ուսումնական մարզահաւաքները, կ’անցնին լարուած մրցումներով, կը մշակուին համապատասխան սկզբնախաղերը եւ անոնց հիման վրայ կը սկսին մարզուիլ։ Մտերմիկ զրոյցը շարունակեցինք Պոլսոյ մասին եւ անոնք նշեցին որ ասիկա բացառիկ առիթներէն մէկն է, քանի որ մրցաշարքերու աւարտին, որ երկրի մէջ ալ գտնուին, գրեթէ միշտ անմիջապէս կը վերադառնան Երեւան, իսկ հիմա մինչեւ Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր, առիթը պիտի ունենան շրջելու Պոլսոյ մէջ եւ վայելելու քաղաքի գեղեցկութիւնները։ Զրոյցի աւարտին լուսանկարուեցանք եւ մեր հիւրերը ճամբեցինք յաջողութիւններու լաւագոյն մաղթանքներով, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Պր. Հանչէրի, որ այս հանդիպումն ունենալու առիթը ստեղծած էր մեզի համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը