Աստուածաբանական Ճեմարանի ուսանողները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք


Աստուածաբանական Ճեմարանի ուսանողները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

  • 09-12-2010 18:27:38   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Իներորդ տարին ըլլալով, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի (Near East School of Theology) զանազան երկիրներէ ժամանած քսան ուսանողներ, իրենց պատասխանատու Դոկտ. Ճորճ Սապրայի գլխաւորութեամբ, Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2010ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք այցելեցին եւ լսեցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի «Հայ Եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի Քրիստոնէական Վկայութեան Շրջագիծին Մէջ» դասախօսութիւնը: Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ ծննդոցը, պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները եւ հայ դաւանանքին հիմնական երեսները։ Ապա, ան ծանրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին բազմերես առաքելութեան վրայ: Հարց-պատասխանի ընթացքին, ուսանողներ առաւելաբար հետաքրքրուեցան Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավար կառոյցով, Հայ Դատի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեամբ, Հայութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու հեռանկարով եւ Հայ Եկեղեցւոյ ազգապահպանման առաքելութեամբ։ Ուսանողներ այցելեցին Մայր Տաճար, Ապրիլեան Նահատակաց Մատուռ եւ «Կիլիկիա» Թանգարան:
  -   Մամլո հաղորդագրություն