ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԵՑ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ


ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԵՑ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

  • 07-12-2010 16:12:55   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ցնցիչ Ու Վհատեցուցիչ Զարգացում Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Համար Մարմարա Մինչ իշխանութիւններէն պարբերաբար դրական արտօնութիւններ կը ստացուին մեր համայնքային հաստատութիւններու կալուածները եկամտաբեր կալուածներու փոխակերպելու ուղղութեամբ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքին համար երէկ յանկարծ փչեց ժխտական ու վհատեցուցիչ հով մը։ »Ագշամ« թերթի թղթակիցը հաղորդեց թէ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը մերժած է այն ծրագիրը որու համաձայն Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի ու հրկիզեալ Շան Թատրոնի հողամասին վրայ պիտի կառուցուէր 48 հազար մեթր քառակուսի տարողութեամբ առեւտուրի կեդրոն մը։ Այս հրաշալի ծրագիրը, որուն մասին կը լսէինք երկար ժամանակէ ի վեր, եւ որ իր մէջ պիտի ընդգրկէր նաեւ Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցը նոր ձեւով, շատ մեծ հասոյթ մը պիտի ապահովէր Հայ Կաթողիէ Համայնքին։ Այսօր հրատարակուած լուրին մէջ կը պնդուի թէ այդ եկամուտը պիտի ըլլար 150 միլիոն տոլար։ Բայց Մայր Քաղաքապետական Խորհուրդը մերժեց ծրագիրը, պնդելով որ հիմնարկը իրաւունք չունի այդքան լայնատարած շինութիւն կատարելու, այդ հողամասին վրայ, սովորական պայմաններու մէջ շինութեան արտօնութիւնը միայն 17 հազար մեթր քառակուսի կրնայ ըլլալ։ Ըստ հրատարակուած թղթակցութեան, Սուրբ Յակոբի Խնամակալութիւնը աւելի առաջ դիմում կատարած էր նաեւ Շիշլիի Քաղաքապետութեան ու կարգ մը բարեփոխումներ ըրած էր այդ Քաղաքապետութեան ցուցմունքներով։ Այնուհետեւ Շիշլիի Քաղաքապետութիւնը նպաստաւոր որոշում կայացուցած էր ծրագրին մասին։ Այդ ծրագիրը այս անգամ սակայն մերժուեցաւ Մայր Քաղաքապետութեան կողմէ։ Քաղաքապետութեան Խորհուրդը պնդեց որ ծրագիրը ներհակ է հողատարածքի շինութեան ծրագիրներուն։ Հետաքրքրական է որ Քաղաքապետական Խորհուրդը քուէներու միաձայնութեամբ է որ ետ վերադարձուց ծրագիրը։ Մենք չգոհացանք »Ագշամ« թերթի կողմէ հաղորդուած վերի լուրով ու այս առաւօտ կապ հաստատեցինք Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան հետ, որու անունով հետաքրքրական զրոյց մը ունեցանք փաստաբան Ճէմ Չէթինի հետ։ Մեզի տրուած տեղեկութիւններէն կը հասկնանք որ շատ ալ ճիշդ չէ »Ագշամ«ի մէջ հրատարակուած լուրը, որովհետեւ ծրագիրը վաւերացուած է անհրաժեշտ բոլոր գրասենեակներէն ու արդէն գործադրութեան գործընթացի մէջ է։ Ծրագիրը սա շրջանին կը գտնուի վարձակալները պարպելու հանգրուանին վրայ։ 46 վարձակալներէն այժմ մնացած է միայն 22 վարձակալ ու ասոնց ալ պարպումի գորընթացը կը շարունակուի։ Երբ բոլոր վարձակալները պիտի պարպուին, այն ատեն պիտի սկսի այժմու շէնքերը փլցնելու գործընթացը։ Մանր մունր դժուարութիւններ կան միայն »Իմար Քոմիսիոնու« կոչուած մարմնին հետ, որոնք եւս անկասկած պիտի լուծուին։ Մեր բոլորին մաղթանքն է որ Հոգաբարձութիւնը շուտով հարթէ բոլոր դժուարութիւնները ու իրականացնէ ծրագիրը, որ շատ բան պիտի փոխէ տարածքաշրջանի տեսարանին մէջ ու կը թուի թէ մեզի պիտի վերադարձնէ նաեւ մեր անցեալի այնքան սիրելի Շան Թատերասրահը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը