ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՄԻՒՖԹԻ ԳԱՊՊԱՆԻԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՄԻՒՖԹԻ ԳԱՊՊԱՆԻԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

  • 02-12-2010 15:25:35   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ, 1 Դեկտեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Մոհամմէտ Գապպանիին կողմէ: Շէյխ Գապպանին Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց իր խոր ընդվզումը վերջերս Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ եղած բռնարարքներուն ու ոճրային արարքներուն նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ դարեր շարունմակ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութիւն տեղի ունեցած է ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս եւ նման երեւոյթներ անընդունելի են: Ապա Շէյխ Գապպանի առաջարկեց, որ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետեր այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն մը կատարեն, միաժամանակ յայտնելով, որ ինք պատրաստ է Եգիպտոսի ու Սէուտական Արաբիոյ եւ իսլամական այլ երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ կապ պահել նաեւ ապահովելու համար անոնց զօրակցութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Շէյխ Գապպանի այս գնահատելի նախաձեռնութիւնը: Իր կարգին Վեհափառը հաստատեց, թէ երկար դարերու վրայ տարածուած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հարուստ փորձառութիւն մը գոյութիւն ունի որ երբեք պէտք չէ ստուեր ունենայ եւ անհրաժեշտ է առաւել ամրապնդել զայն: Առ այդ Վեհափառը առաջարկեց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբը յայտարարութեան ուրուագիծ մը պատրաստէ, որպէսզի անոր հիման վրայ խորհրդակցութիւն ունեան հոգեւոր պետերը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն