Հայ-Թրքական Հաշտեցում Մինչեւ 2015


Հայ-Թրքական Հաշտեցում Մինչեւ 2015

  • 30-11-2010 18:12:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ԱՅԼԱՊԷՍ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՄԵՐԻԿԱ ԿՐՆԱՅ ՃԱՆՉՆԱԼ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» Մարմարա Ինչպէս ծանօթ է, վաղը՝ 1 Դեկտեմբերին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ պիտի կայանայ ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու գագաթաժողովը, որմէ բեկումնային զարգացումներ կ’ակնկալուին հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Ղարապաղեան հարցի գործընթացէն։ Լոնտոնի Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը Ասթանայի գագաթաժողովի սեմին իր կայքէջին վրայ հրատարակած է «Հայ-թրքական հաշտութեան փշրուած յոյսերը» խորագրով լրատուութիւն մը, որուն մէջ ո՛չ միայն ներկայ իրավիճակն է որ հետազօտութեամբ մը կը ներկայացուի, այլ նաեւ հաւանական ելքեր կը նշուին։ Ըստ հետազօտական կեդրոնին, հակառակ Ամերիկայի, Ռուսաստանի ու Եւրոմիութեան ջանքերուն, Փրոթոքոլները վաւերացնելու հեռանկարները բաւական տժգոյն են։ Որպէս վաւերացման հիմնական արգելքներ կը նշուին նախ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին տուած խոստումը՝ սահմանները չբանալ մինչեւ որ Հայաստան չհրաժարի Ղարապաղի յարակից շրջաններու վրայ հսկողութենէն, ինչպէս նաեւ 1915ի հայերու կոտորածը »ցեղասպանութիւն« ճանչնալու ձգտումներէն։ Ներկայացնելով հայ-թրքական հարցի այժմու վիճակը, լոնտոնեան մասնագէտները կը պնդեն որ գործընթացը անելի մատնուած է, քանի որ Թուրքիա թերագնահատած էր Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը եւ այդ երկիրը յստակօրէն կը փորձէ արգելք հանդիսանալ բանակցութիւններուն։ Անգլիացի քաղաքագէտներու համաձայն, Ասթանայի գագաթաժողովի ընթացքին հաւանական է որ բեկում մը արձանագրուի Ղարապաղեան հարցի բանակցութիւններու մէջ եւ այդ ենթահողի վրայ հայ-թրքական գործընթացն ալ յառաջխաղացք մը ունենայ։ Այլ ազդակներ ալ ներկայացնելով, վերլուծաբանները կը փորձեն ազդարարել յատկապէս Թուրքիան, նշելով որ եթէ մինչեւ 2015, »հայոց ցեղասպանութեան« հարիւրամեակը, Թուրքիա տեղէն չշարժի, կրնայ ստորացման եզրին յայտնուիլ, քանի որ բազմաթիւ երկիրներ, այդ կարգին հաւանաբար Ամերիկա, պիտի ճանչնան «հայոց ցեղասպանութիւնը»։ Ըստ լրատուութեան, 2015ը որպէս «ցեղասպանութեան» հարիւրամեայ տարելից, կրնայ նաեւ ճամբայ բանալ որ Թուրքիա եւ Հայաստան վերջնականապէս լուծեն իրենց պատմութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ամենադժուարին հարցերը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը