ԿՆՈՋԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ


ԿՆՈՋԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  • 23-11-2010 19:42:27   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գիրով հռչակուեցաւ Հայ Կնոջ Տարի: Այս առիթով, մեր թեմերէն ու գաղութներէն ներս տեղի ունեցան, ու տակաւին կը շարունակուին, զանազան ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ հայ կեանքէն ներս կնոջ դերը քննարկող ու վերաշեշտող: Որպէս եզրափակիչ Հայ Կնոջ Տարուան առիթով տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ կնոջական համագումար մը: Համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ յիսուն տիկիններ՝ զանազան գաղութներէ, զանազան տարիքի ու մասնագիտութեան պատկանող ու հայ կեանքէն ներս տարբեր պատասխանատուութիւններ ունեցող: Յիշեալ համագումարին նիւթապէս կ'օժանդակէ «Փիւնիկ» Հիմնադրամը: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ 25–27 Նոյեմբերին: Ան կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդութեան Բաժանմունքին կողմէ:
  -   Մամլո հաղորդագրություն