ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Ամերիկացիներուն Միայն 35 Տոկոսը Տեղեակ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Ամերիկացիներուն Միայն 35 Տոկոսը Տեղեակ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

  • 23-11-2015 11:48:53   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

«Զոկպի» հետազօտական կեդրոնի (Zogby Analytics) կողմէ Նոյեմբեր 9-ին առաջին անգամ իրականացուած հեղինակաւոր ամերիկեան հարցախոյզը ցոյց կու տայ ամերիկեան հասարակութեան գիտելիքներու մակարդակն ու կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերաբերեալ: Բացառապէս տողերու հեղինակին տրուած հարցախոյզի արդիւնքներուն անճշտութիւնը կը տատանի 3.1 տոկոսի սահմաններուն մէջ:
Այն հարցումին, թէ արդեօք տեղեակ էք, որ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, զարմանալի է, որ հարցման մասնակիցներուն միայն 34.8 տոկոսը դրական պատասխան տուած է. 49.6 տոկոսը ըսած է «ոչ», իսկ 15.6 տոկոսը` «գաղափար չունիմ»: Կ՛ակնկալէինք, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն շատ աւելի բարձր տոկոսը տեղեակ ըլլար Հայոց ցեղասպանութեան մասին, յատկապէս Հարիւրամեակի այս տարուան ոգեկոչման մեծ ձեռնարկներէն ետք: Այն փաստը, որ ամերիկացիներուն կէսը երբեք չէ լսած 1.5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ են մեծ ջանքեր հանրութեան դաստիարակութեան համար:
«Զոկպի» հետազօտական կեդրոնը իր հարցման մէջ ծաւալուն տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ մասնակիցներուն անձնական տուեալներուն մասին: Ահա քանի մը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ.
– Մինչ արական սեռի մասնակիցները վերոնշեալ հարցումին վերաբերեալ իրենց իմացութեամբ կը բաժանուին հաւասարապէս, կանանց մէջ խիստ անհաւասարակշռութիւն կայ. Հայոց ցեղասպանութեան մասին անտեղեակ կանանց թիւը երկու անգամ կը գերազանցէ տեղեկացուածներու թիւին.
– Պատասխանողներուն մօտ կէսը հաւասարապէս անտեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` անկախ կուսակցական պատկանելութենէ: Ազատականները քիչ մը աւելի տեղեկացուած են, քան չափաւորները եւ պահպանողականները: Զարմանալի է, որ  «Թէյի կուսակցութեան» (Tea Party) եւ «Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» (Occupy Wall Street) շարժման համակիրներու մեծամասնութիւնը իրազեկ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
– Համալսարաններու շրջանաւարտներուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութիւնը աւելի բարձր է, քան չաւարտածներուն:
– Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած է 25-34 տարիքային խումբը, իսկ  ամենաքիչ` 35-53 տարիքային խումբը:
– Սպանախօս ամերիկացիները աւելի քաջատեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան «սպիտակները». ամենաքիչ տեղեկացուածները ափրիկէ-ամերիկացիներն ու ասիական ծագում ունեցող ամերիկացիներն են:
– Կաթողիկէները աւելի տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան բողոքականները:
– Արեւմտեան ափի ամերիկացիները աւելի տեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան արեւելքի մէջ ապրող անոնց հայրենակիցները,  իսկ ամենաանտեղեակները ԱՄՆ-ի կեդրոնական եւ հարաւային նահանգներու մէջ ապրող ամերիկացիներն են:
– Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենաշատ գիտեն ամենաբարձր եկամուտներ ունեցող (100 հազ տոլար եւ աւելի) ամերիկացիները, իսկ ամենաքիչը`  անոնք, որոնք ունին 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:
Ընդհանուր առմամբ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած ամերիկացին` տղամարդ է, աջակողմեան կամ ձախակողմեան թեւի գործիչ, համալսարանի շրջանաւարտ, 25-35 տարեկան, սպանախօս, կաթողիկէ, կ՛ապրի Արեւմտեան ափին եւ ունի աւելի քան 100 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենաանտեղեակ ամերիկացին` իգական սեռի ներկայացուցիչ է, գլխաւոր կուսակցութիւններու անդամ, բարձրագոյն կրթութիւն չունի, 35-53 տարեկան է, ափրիկէ-ամերիկացի կամ ասիական ծագում ունեցող, բողոքական, կ՛ապրի կեդրոնական կամ հարաւային նահանգներու մէջ եւ ունի 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:
Ահա Ցեղասպանութեան ու Արցախին առնչուող միւս ութ հարցումներուն պատասխանները.
– Ամերիկացիներուն 46.5 տոկոսը կողմ է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է կոչ ընէ Թուրքիոյ հրապարակայնօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը.  16.1 տոկոսը դէմ է, իսկ 37.4 տոկոսը չի գիտեր:
– 39 տոկոսը կողմ է, որ «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է բանաձեւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան մասին…  եթէ նոյնիսկ ատոր հետեւանքով խզուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Միջին Արեւելքի գլխաւոր ռազմավարական դաշնակիցին հետ», 22.5 տոկոսը դէմ է, իսկ 38.5 տոկոսը չի գիտեր:
– 63.2 տոկոսը կողմ է, որ «Եթէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը կը նախաձեռնէ ծրագիր մը` բնակչութիւնը իր սեփական երկրին մէջ ոչնչացնելու, հալածելու կամ տեղահանելու համար, ապա ԱՄՆ-ն պէտք է դադրեցնէ տնտեսական եւ/կամ ռազմական օժանդակութիւնը այդ դաշնակիցին»,  10.5 տոկոսը դէմ է, իսկ 26.3 տոկոսը չի գիտեր:
– 20.1 տոկոսը կը կարծէ, որ երբ որեւէ երկիր ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ, ապա ան պէտք է «գումարային» փոխհատուցում վճարէ, 11.8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ան պէտք է փոխհատուցէ զաւթած «հողերը» վերադարձնելով, 10.7 տոկոսը` «մէկ այլ խորհրդանշական արարքով», 9.4 տոկոսը` «ոչ մէկ փոխհատուցում պէտք է վճարէ», իսկ 48 տոկոսը չի գիտեր:
– 31.3 տոկոսը կը կարծէ, որ ՄԱԿ-ը պէտք է որոշէ, թէ ինչ փոխհատուցում պէտք է տրուի ցեղասպանութեան իրագործման պարագային, 23.8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ատիկա պէտք է որոշէ Միջազգային քրէական դատարանը, 12.1 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը, 3 տոկոսը` Amnesty International-ը, 2.5 տոկոսը` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, 0.8 տոկոսը` Հռոմի պապը, իսկ 26.5 տոկոսը չի գիտեր:
– 37.9 տոկոսը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «տնտեսական պատժամիջոցներ» կիրառէ ընդդէմ այն երկրին, որ «կը հրաժարի ճանչնալէ եւ պատասխանատուութիւն կրելէ մարդկութեան դէմ գործած իր յանցագործութիւններուն համար», 16.4 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ԱՄՆ-ն պէտք է «քաղաքական/դիւանագիտական ճնշում» գործադրէ, 8.6 տոկոսը` «էմպարկօ», 2.6 տոկոսը` ԱՄՆ-ն պէտք է պատերազմ յայտարարէ. 4.5 տոկոսը` «ոչինչ ընէ», իսկ 30 տոկոսը չի գիտեր:
– 38.3 տոկոսը կողմ է, որ «Միացեալ Նահանգներ պէտք է միջամտէ, եթէ Ատրպէյճան փորձէ արտաքսել [Արցախի] էթնիկ քրիստոնեայ հայերը, որոնք դարեր շարունակ հոն կ՛ապրին». 21.8 տոկոսը դէմ է, իսկ 39.9 տոկոսը չի գիտեր:
– 40.4 տոկոսը կողմ է, որ եթէ յանկարծ Ատրպէյճան յարձակի Արցախի վրայ, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է կոչ ընէ Իսրայէլին, որ ժամանակակից զէնքեր կը վաճառէ Պաքուին, խզէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ. 16.9 տոկոսը դէմ է, իսկ 42.7 տոկոսը չի գիտեր:
Իր տեսակին մէջ առաջին նման հարցախոյզը կրնայ ծառայել որպէս կարեւոր ուղեցոյց ամերիկահայ համայնքին համար` իմանալու, թէ ուր կեդրոնացնել իր դաստիարակչական ճիգերը եւ լոպպիստական աշխատանքները:
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ