ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Գոլոմպիայի Համալսարանի Հետազօտողները Կը Հաստատեն Թուրքիոյ Կապը ԻՊ-ի Ահաբեկիչներու Հետ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Գոլոմպիայի Համալսարանի Հետազօտողները Կը Հաստատեն Թուրքիոյ Կապը ԻՊ-ի Ահաբեկիչներու Հետ

  • 27-11-2015 17:12:07   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հետազօտողներէն կազմուած Գոլոմպիայի համալսարանի խումբը անցեալ շաբաթ հաստատեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) տրամադրած է` ռազմական գործակցութիւն, զէնք, կազմակերպչական աջակցութիւն, նիւթական օգնութիւն եւ բժշկական ծառայութիւններ: Այս մանրակրկիտ հետաքննութիւնը գլխաւորած է Գոլոմպիա համալսարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի Խաղաղութեան ամրապնդման եւ իրաւունքներու ծրագրի տնօրէն Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ան աշխատած էր իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին գործերու գծով փորձագէտ ԱՄՆ պետական բաժանմունքի համար:
 
Ահա հատուածներ այդ ծաւալուն հետազօտութենէն, որոնք կը փաստեն Թուրքիոյ եւ ԻՊ-ի միջեւ եղած ուղղակի կապերը.
 
1) Թուրքիան ԻՊ-ին մատակարարած է զինամթերք
 
2014 թ. Օգոստոս 12-ին ԻՊ-ի հրամանատարներէն մէկը ըսաւ «Ուաշինկթըն փոսթ» թերթին. «Զինեալներու մեծ մասը, որ մեզ միացած էր պատերազմի սկիզբը, եկած էր Թուրքիոյ տարածքով, այդ նոյն ճանապարհով կ՝ուգային նաեւ սարքերն ու զինամթերքը»:
Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն 2014 թ. Հոկտեմբեր 14-ին Ատանայի դատախազութենէն յայտնաբերեց փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտէին, որ Թուրքիան զէնք մատակարարած է ահաբեկչական խումբերուն: Ան նաեւ ներկայացուց հարցազրոյցներու արձանագրութիւնները բեռնատարներու վարորդներու հետ, որոնք զէնք հասցուցած էին ահաբեկիչներուն:
Ըստ CHP-ի փոխնախագահ Պիւլենթ Թեզճանի` 2014 թ. Յունուար 19-ին թուրք գործակալները հրթիռներով, զէնք ու զինամթերքով բեռնուած երեք բեռնատար հասցուցած էին ԻՊ-ին Սուրիոյ մէջ:
 «Ճումհիւրիյէթ» թերթը մէջբերած է Ֆուաթ Աւնին, յայտարարելով, որ Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները ձայնագրութիւններ ունէին, որոնք կը հաստատէին, որ Թուրքիան նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ալ Քաիտայի հետ կապուած ահաբեկչական խումբերուն 2014 թ. Հոկտեմբեր 12-ին:
2014 թ. Սեպտեմբեր 27-ին հրապարակուած փաստաթուղթերէն պարզուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար պն Սուլթանը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է ԻՊ-ի համար զէնքի տեղափոխման Թուրքիոյ տարածքով:
2) Թուրքիան նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւն ցուցաբերած է ԻՊ-ի զինեալներուն
 
Ըստ «Ռատիգալ» թերթի 2014 թ. Յունիս 13-ի յօդուածին` Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամար Կիւլեր հրապարակած է հետեւեալ հրահանգը. «Հաթայը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայր է մուճահետներու համար, որոնք հատելով մեր սահմանը կ՝անցնին Սուրիա: Կ’աւելացուի նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւնը իսլամական խմբաւորումներուն, իսկ անոնց մարզումը, հիւանդանոցային խնամքը ու անվտանգ անցումը յատկապէս տեղի կ’ունենայ Հաթայի մէջ»:
«Տէյլի մէյլ»-ը 2014 թ. Օգոստոս 25-ին հաղորդած է, որ բազմաթիւ օտարերկրեայ զինեալներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միացած էին ԻՊ-ին անցնելով Թուրքիոյ տարածքով:
Բրիտանական «Սքայ նիւզ»-ը ձեռք բերաւ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց Թուրքիոյ կառավարութիւնը կնքած է օտարերկրեայ զինեալներու անձնագրերը, որոնք կը փափաքէին թրքական սահմանով անցնիլ Սուրիա` միանալու ԻՊ-ին:
2014 թ. Հոկտեմբեր 9-ին Եգիպտոսի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշած է, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը ԻՊ-ին փոխանցած արբանեակային պատկերներ եւ այլ տուեալներ:
3) Թուրքիան կը մարզէ ԻՊ-ի զինեալները
 
2014 թ. Յուլիս 29-ին CNN Turk-ը հաղորդեց, որ Սթամպուլի սրտին մէջ գտնուող Տուզչէ եւ Ատապազարի բնակավայրերը դարձած են հաւաքատեղի ահաբեկիչներու համար:
Թուրքերուն, որոնք միացած էին ԻՊ-ի մասնաճիւղին, ցուցադրեցին 2014 թ. Յուլիս 28-ին Սթամպուլի մէջ կայացած հանրահաւաքին:
Տեսահոլովակներէն մէկուն մէջ ցուցադրած էին ԻՊ-ի մասնաճիւղի իրականացուցած աղօթք- հաւաքը Սթամպուլի Օմեռլի թաղամասին մէջ:
Ըստ Յորդանանի հետախուզութեան` Թուրքիան կը մարզէ ԻՊ-ի զինեալները յատուկ գործողութիւններու համար:
4) Թուրքիան բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերէ ԻՊ-ի զինեալներուն
 
2014 թ. Օգոստոս 12-ին ԻՊ-ի հրամանատարներէն մէկը յայտնեց «Ուաշինկթըն փոսթ»-ին. «Սովորաբար որոշ զինեալներ, նոյնիսկ «իսլամական պետութեան» ամենաբարձրաստիճան անդամները, բուժում կը ստանան Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ»:
2014 թ. Հոկտեմբեր 12-ին «Թարաֆ» թերթը հաղորդեց, որ նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութեան («Արդարութիւն եւ զարգացում») հիմնադիր Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆիրաթը հրապարակեց, որ Թուրքիան աջակցած է ահաբեկչական խումբերուն եւ կը շարունակէ աջակցիլ ու բուժել զանոնք իր հիւանդանոցներուն մէջ:
5) Թուրքիան նիւթապէս աջակցած է ԻՊ-ին քարիւղ գնելու միջոցով
 
2014 թ. Սեպտեմբեր 13-ին «Նիւ Եորք թայմս» թերթը հաղորդեց, որ Օպամայի վարչակարգը ջանքեր թափած է ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ` վերացնելու ԻՊ-ի կողմէ քարիւղի վաճառքի լայնածաւալ ցանցը:
2014 թ. Սեպտեմբեր 13-ին Ֆեհիմ Թաշթեքինը «Ռատիքալ»-ի մէջ գրեց Սուրիայէն Թուրքիա քարիւղ տեղափոխող ապօրինի խողովակաշարերու մասին:
6) Թուրքիան կ՝օգնէ ԻՊ-ի զինուորագրման
 
2014 թ. Հոկտեմբեր 14-ին Քըլըչտարօղլուն յայտարարեց, որ Սթամպուլի եւ Կազիանթեփի մէջ ԻՊ-ի գրասենեակները կը հաւաքագրեն զինեալներ: 2014 թ. Հոկտեմբեր 10-ին Քոնիայի մուֆթին յայտարարեց, որ չորս օր առաջ իր քաղաքէն 100 տղամարդ միացած է ԻՊ-ին:
OdaTV-ն հաղորդեց, որ «Թաքուա հապեր»-ը կը ծառայէ իբրեւ քարոզչական միջոց ԻՊ-ի համար` Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ թրքախօս տղամարդոց հաւաքագրելու համար:
Թուրքիոյ սփորթի նախարար, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամ Սուաթ Քըլըչը Գերմանիոյ մէջ այցելեց սալաֆի ճիհատականներուն, որոնք կ՝աջակցին ԻՊ-ին: Այս ճիհատականները կողմնակիցներ կը հաւաքագրեն Ղուրանի անվճար օրինակներ բաժնելով եւ դրամահաւաք կազմակերպելով` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անձնասպանութեամբ ահաբեկչութիւններ հովանաւորելու համար:
OdaTV-ի հեռարձակած տեսանիւթին մէջ ցուցադրած են Սթամպուլի մէջ հանրակառքով երթեւեկող ԻՊ-ի զինեալները:
7) Թրքական ուժերը կը կռուին ԻՊ-ի կողքին
 
Ամերիկեան հետաքննող լրագրող Սէյմուր Հերշը London Review of Books-ին մէջ հաստատեց` «Յայտնի էր, որ վարչապետ Ռեճեփ Էրտողանը կ՝աջակցէր «Ալ-Նուսրա ճակատին»` ապստամբ ընդդմադիրներու մէջ ճիհատական խմբակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ իսլամիստական ​​ապստամբ խումբերու»:
2014 թ. Սեպտեմբերի 20-ին,  խորհրդարանի մէջ «Ազգերու ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող պատգամաւոր Տէմիր Չելիքը յայտարարեց, որ թրքական յատուկ ուժերը ռազմի դաշտի մէջ միացած էին ԻՊ-ին:
8) Թուրքիան օգնած է ԻՊ-ին Քոպանիի համար մղուող մարտի ժամանակ
 
2014 թ. Սեպտեմբեր 19-ին Քոպանիի քաղաքապետ Անուար Մուսլիմ բացայայտեց, որ թրքական զէնք ու զինամթերքով բեռնուած շոգեկառքեր հասցուած են ԻՊ-ին: 2014 թ. Սեպտեմբեր 30-ին CHP-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Քոպանի, ուր տեղացիները յայտարարեցին, որ ամէն ինչ, սկսեալ ԻՊ-ի մարտիկներու հագուստէն մինչեւ զէնքերը, կու գան Թուրքիայէն:
2014 թ. Սեպտեմբեր 25-ին «Նուհապեր»-ի տեսահոլովակը ցուցադրեց հրասայլեր եւ զինամթերք փոխադրող թրքական զինուորական ուղեկցորդները` ԻՊ-ի դրօշի ներքոյ Սուրիոյ Ճարապլոս շրջանին մէջ ազատ տեղաշարժելու ժամանակ եւ Գարգամիշի սահմանը անցնելու ընթացքին:
PYD-ի («Սուիրիոյ քիւրտերու ժողովրդավարական միութիւն») քիւրտ զինեալներու առաջնորդ Սալիհ Մուսլիմը հաղորդեց, որ 2014 թ. Հոկտեմբեր 20-24 120 զինեալներ Թուրքիայէն անցած էին Սուրիա:
Ըստ «Նիւ Եորք թայմս» թերթի 2014 թ. Հոկտեմբեր 29-ի համարին մէջ YPG-ի («Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատը») քիւրտ հրամանատարի գրած սիւնակին` Թուրքիան պարբերաբար կ՝արտօնէ ԻՊ-ի զինեալներուն իրենց սարքերով անցնիլ իր սահմանը:
2014 թ. Հոկտեմբեր 1-ին Տիքենը հաղորդեց. «ԻՊ-ի զինեալները հատելով Թուրքիոյ սահմանը անցած էին Սուրիա թուրք զինուորներու գիտութեամբ եւ համաձայնութեամբ»:
9) Թուրքիան եւ ԻՊ-ը նոյն աշխարհայեացքը ունին
 
2014 թ. Հոկտեմբեր 3-ին RT-ն հաղորդեց փոխնախագահ Ճօ Պայտընի ելոյթի մասին, ուր կը ներկայացուէին ԻՊ-ին ցուցաբերուող թրքական աջակցութեան մանրամասները:
«Հիւրիյեթ»-ը 2014 թ. Սեպտեմբեր 26-ին մէջբերեց թուրք քաղծառայողի խօսքերը. «Ես ցնցուած էի` լսելով բարձրաստիճան ծառայողներու հիացական խօսքերը ԻՊ-ի հասցէին»:
«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ մը Facebook-ի իր էջին գրած էր. «Բարեբախտաբար ԻՊ-ը գոյութիւն ունի…. Թող անսպառ ըլլան ձեր փամփուշտները….»:
Համաձայն Սարիեր Կէօզլեմի` Էրտողանի որդի Պիլալը եւ թուրք պաշտօնեաները հանդիպած են ԻՊ-ի զինեալներու հետ:
Բացարձակապէս անընդունելի է, որ այն ժամանակ, երբ ԻՊ-ը զանգուածային սպանութիւններ կ՝իրականացնէ Փարիզի եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ, ՆԱԹՕ-ի «դաշնակից» Թուրքիան կը շարունակէ օգնել ու զինել այդ ահաբեկիչները: Ժամանակն է, որ Թուրքիան վտարեն ՆԱԹՕ-էն, իսկ անոր ղեկավարները մեղադրուին ու դատուին այս սարսափելի ոճրագործութիւններուն մէջ իրենց ունեցած դերակատարութեան  համար:
 
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ